Սուրէն Սաֆարեան
Սուրէն Սաֆարեան (21 Օգոստոս 1923, Պաքու, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն - 22 Ապրիլ 1988, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ գեղանկարիչ։
Սուրէն Սաֆարեան | |
---|---|
Ծնած է | 21 Օգոստոս 1923 |
Ծննդավայր | Պաքու, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն |
Մահացած է | 22 Ապրիլ 1988 (64 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Խորհրդային Միութիւն |
Կրթութիւն |
Փանոս Թէրլեմէզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարան Երեւանի Պետական Գեղարուեստաթատերական հիմնարկ |
Մասնագիտութնիւն | գեղանկարիչ |
Պարգեւներ | Հայկական ԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Աշխատանքային Կարմիր դրօշի շքանշան «Պատուոյ նշան» շքանշան «Հայրենական պատերազմի» I աստիճանի շքանշան? «1941-1945 թթ. Հայրենական մեծ պատերազմում Գերմանիայի դեմ տարած հաղթանակի համար» մեդալ? և Վլադիմիր Իլյիչ Լենինի ծննդյան 100-ամյակի հոբելյանական մեդալ? |
Հայր | Սարգիս Սաֆարյան? |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՍաֆարեան ծնած Պաքու: Ուսումնառութեան տարիները անցած են Երեւանի մէջ: Յաճախած է Գեղարուեստի ուսումնարան, 1942 թուականին աւարտելով զայն, անմիջապէս մեկնած է ռազմաճակատ: Յետագային կրթութիւնը շարունակած է Երեւանի պետական գեղարուեստի կաճառէն ներս, 1947-1952 թուականներուն:
Ստեղծագործական գործունէութիւն
ԽմբագրելՍուրէն Սաֆարեան ստեղծագործած է բազմաթիւ դիմանկարներ, բնանկարներ ու զանազան նիւթերով պաստառներ: Անոր գործերը աչքի կը զարնեն իրապաշտութեամբ ու աւարտուածութեամբ։ Ակներեւ է հեղինակի մանրամասն մշակումն ու մանրակրկիտ աշխատանքը:
Սաֆարեանական գունապնակը բաղկացած է կապոյտի, վարդագոյնի, կարմրաշագանակագոյնի յագեցած երանգներով, որոնք իւրայատուկ գրաւչութիւն կը հաղորդեն իր ստեղծագործութիւններուն: Կտաւներու գլխաւոր առանցքը կը կազմեն նկարիչի խոհերը ազատութեան, մարդկութեան ճակատագրի ու անոր ապագայի մասին:
Ուշագրաւ է նաեւ Սաֆարեանի գործունէութիւնը Հայաստանի Նկարիչներու միութեան մէջ, որուն անդամակցած է 1953 թուականին, ապա եղած է վարչութեան քարտուղարը, աւելի վերջ ալ՝ նախագահը։ Այս տարիներուն ան հանդէս եկած է շարք մը նախաձեռնութիւններով ու մտայղացումներով. անոր ջանքերու շնորհիւ կազմակերպուած է ամենամեայ «Մէկ գործի ցուցահանդէս»ը:
Նշանակալի է նկարիչի մանկավարժական գործունէութիւնը, որուն ան սկսած է նուիրուիլ 1952 թուականին՝ դասաւանդելով «Փանոս Թերլեմեզեան» գեղարուեստի ուսումնարանէն ներս, ապա՝ Երեւանի Պետական գեղարուեստաթատերական կաճառին մէջ, ուր 1976 թուականէն սկսեալ ղեկավարած է գծանկարի ամպիոնը: 1988 թուականէն սկսեալ նոյն պաշտօնը վարած է նաեւ «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական կաճառին մէջ:
Գործերը
ԽմբագրելՊատերազմական տարիները դարձած են անոր արուեստի առանցքային նիւթերէն մէկը: Պատմայեղափոխական նիւթով մեծադիր աշխատանքները զգալի տեղ կը զբաղեցնեն նկարիչի արուեստին մէջ («Անդորր», «Կռունկներ» եւ այլն):
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ կը ցուցադրուի հեղինակի «Հայրենի մեղեդիներ» նկարը, որու համար «1945-ի գարնան» եւ «Ազատարարները» ստեղծագործութիւններու հետ միասին 1971 թուականին ան արժանացած է «Մ. Կրեքովի» անուան արծաթէ մետալի: Սաֆարեանի վրձինած դիմանկարները բազմաբնոյթ են՝ մշակոյթի անուանի գործիչներէ (Մեսրոպ Մաշտոց, Սայաթ-Նովա, Չարենց եւ այլք) մինչեւ հասարակ գիւղացիներ ու արհեստաւորներ («Ձկնորս Արշակը», «Դարբին Գ. Սարգսեանի դիմանկարը»):
Եւրոպական կարգ մը երկիրներ կատարած ճամբորդութիւնները Սաֆարեան-նկարիչի համար ներշնչումի մեծ աղբիւր հանդիսացան՝ հարստացնելով անոր գունապնակը վառ գոյներով, առիթ ընձեռելով շփուելու զանազան մշակոյթներու ու ժողովուրդներու հետ եւ անոր զուգահեռ արժեւորելու եւ անդրադառնալու նաեւ ազգային նիւթերուն («Հինաւուրց յուշարձաններ», «Ընդհատուած մեղեդի»): Այս ճամբորդութիւններու հիման վրայ ստեղծագործած գեղանկարչական շարքերը կը փոխանցեն զանազան ազգերու եւ երկիրներու բնորոշ շունչն ու կերպարները՝ տիպական կերպարներով ու տեսարաններով («Տոն Քիշոթ», «Քապուկի թատրոնի մոթիֆներով», «Քոլիզէյ»): Սուրէն Սաֆարեան ստեղծագործած է նաեւ բնանկարներ՝ պատկերելով Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերը, բանաստեղծական տեսարաններն ու պատմամշակութային կոթողները («Սեւանը ձմրան» «Հին Գորիս», «Աշտարակի Կարմրաւոր»):
Ցուցահանդէսներ եւ մրցանակներ
ԽմբագրելՍուրէն Սաֆարեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու ու կոչումներու: Անոր ցուցահանդէսներու մասնակցութիւնը սկիզբ առած է 1947 թուականին: Առաջին անհատական ցուցահանդէսը բացուած է 1969 թուականին Էջմիածնի, իսկ մէկ տարի վերջ՝ Լենինականի ու Դիլիջանի մէջ: Ունեցած է բազմաթիւ անհատական ու խմբակային ցուցահանդէսներ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ՅԻՇԵԼՈՎ ՆԿԱՐԻՉ ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՖԱՐԵԱՆԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-27