«Ամման» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{Տեղեկաքարտ Բնակավայր | կարգավիճակ = | անուանում = | բնօրինակ անուանում = | զինանշան = | դրօշակ = | դ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

04:52, 18 Սեպտեմբեր 2020-ի տարբերակ

Ամման (արաբերէն՝ عمان‎), Յորդանանի մայրաքաղաքը եւ երկրի ամենախոշոր քաղաքը։ Նախապէս անուանուեր է Ռապպաթ-Ամմոն, հելլենիսթա-հռոմէական դարաշրջանին՝ Ֆիլատելֆիա: VII-IX դարերուն կը մտնէր արաբական խալիֆայութեան կազմին մէջ։ 1516 թուականէն եւ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտը գտնուեր է Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ։

արաբերէն՝ عَمَّان
Դրօշակ

Երկիր Յորդանան
Քաղաքապետ Օմար ալ Մաանի
Առաջին յիշատակում 7-րդ դար
Տարածութիւն 1680 քմ²
ԲԾՄ 784 մեթր
Բնակչութիւն 4 007 526 մարդ (2015)
Ժամային գօտի Արեւելաեւրոպական ժամ
Փոստային ցուցանիշ 11110–17198
Անուանուած է Ammon?
Պաշտօնական կայքէջ ammancity.gov.jo

Պատմութիւն

Ք.Ա. XIII դարուն Ամման քաղաքը (այն ժամանակ Ռապպաթ-Ամմոն) Ամմոնեան թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր։ Այդ տարածքը աւելի ուշ գրաւեր են ասորիները, յետոյ՝ պարսիկները։ Եգիպտոսի յույն կառավարիչ Պտղոմէոս II Ֆիլատելֆը այն անուանափոխեր է Ֆիլատելֆիայի։ Այն կը դառնայ նապաթական թագաւորութեան մաս մինչեւ 106 թուականը, որմէ յետոյ Ֆիլատելֆիան կը յայտնուի հռոմէական վերահսկողութեան տակ եւ կը միանայ Տեքապոլիսին։

Ք.Ա. 326 թուականին քրիստոնէութիւնը կը դառնայ կայսրութեան հիմնական կրօնը, իսկ Ֆիլատելֆիան՝ բիւզանդական դարաշրջանի քրիստոնէութեան կեդրոն։ Այդ ժամանակաշրջանի եկեղեցիներէն մէկը կը գտնուի քաղաքի ամրոցի մէջ։

Ֆիլատելֆիան անուանափոխուեր է Ամմանի Հասանիտներու ժամանակաշրջանի ընթացքին։ Քաղաքը քանդուած է շարք մը երկրաշարժերու եւ տարերային աղէտներու հետեւանքով եւ մինչև 1887 թուականը կը մնար աւերակներու տեսքով։ Քաղաքի վերակառուցումը կը սկսի, երբ Օթոմանեան սուլթանը որոշում կը կայացնէ Ամմանով երկաթուղի իրագործել՝ միացնելով Դամասկոսը եւ Մետինան՝ անորմով իսկ դիւրացնելով եւ՛ ամենամեայ հաճի ուխտագնացութիւնը, եւ՛ առեւտուրը։

Տնտեսութիւն

Քաղաքը կը համարուի կարեւոր արդիւնաբերական կեդրոն։ Ամմանի մէջ կեդրոնացած են սնունդի, (cement) թրծաշաղախի, նաւթամշակման, հիւսուածոյ եւ ծխախոտի արդիւնաբերութեամբ զբաղուող ձեռնարկութիւններ[1]: Կը գործէ միջազգային օդանաւակայան:

Ամմանի մէջ կը գտնուի «Արաբ պանք» դրամատան գլխաւոր գրասենեակը։

Զբօսախաղ, Մարմնամարզ

2009 թուականին Ամմանի մէջ տեղի ունեցած է քրոսի աշխարհի առաջնութիւնը։

Աշխարհագրություն և կլիմա

Քաղաքը կը գտնուի Մեռեալ ծովէն 35 քմ դէպի հիւսիս-արեւելք, Միջերկրական ծովէն 110 քմ դէպի արեւելք եւ Երուսաղէմէն 65 քմ դէպի արեւելք ։

Քաղաքը տեղաւորուած է եօթ բլուրներու վրայ, որոնք աստղի ձեւով պատկերուած են Յորդանանի դրօշի վրայ։

Ամմանի կլիման մօտ է միջերկրածովեանին, սակայն կը տարբերի իր ցամաքայնութեամբ։ Մեծ ազդեցութիւն ունի ծովի մակարդակէն մեծ բարձրութիւնը (773 մ)։ Բոլոր տեղումները կը թափուին բացառապէս ձմռան եղանակին, ձմռանը յաճախ ձիւն կը տեղայ եւ յաճախ կը պատահին ցրտահարութիւններ։ Քաղաքին մէջ շատ յաճախ ուժեղ մառախուղներ կ'ըլլան։

Կաղապար:Եղանակի Աղյուսակ

Տեսարժան վայրեր

Թանգարաններ

  • Յորդանանի հնագիտական թանգարան
  • Ազգային աւանդոյթներու Յորդանանի թանգարան
  • Ժողովրդական բանահիւսութեան Յորդանանի թանգարան
  • Յորդանանի Համալսարանի հնագիտական թանգարան
  • Յորդանանի Համալսարանի մարդաբանական թանգարան
  • Դրամագիտութեան թանգարան / Յորդանանի կեդրոնական դրամատուն
  • Ինքնագնաց (automotive) թագաւորական թանգարան

Աւերակներ

  • Ճեպել Ալ Քալաա (جبل القلعة) («Ճեպել» բառը արաբերէն թարգմանաբար կը նշանակէ «լեռ»)
  • Ամփիթատրոն, նախատեսուած 6000 հանդիսատեսի համար։

Ծանօթագրութիւններ

Տես նաև

Արտաքին յղումներ

Կաղապար:Ասիական երկիրներու մայրաքաղաքներ