«Շուշան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «մինի '''Շուշան''', շուշանազգիներու ընտանիքի բազմամեայ սոխուկաւոր խոտաբոյսերու ցեղ։ Նշանաւոր է շուրջ 90 (այլ տուեալներով՝ 100) տեսակ։ == Անունը տարբեր լեզուներով == Բազ­­մա­­­թիւ լե­­զու­­ներ կը բաժ­­նեկցին այս ծաղիկին...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

19:59, 25 Սեպտեմբեր 2021-ի տարբերակ


Շուշան, շուշանազգիներու ընտանիքի բազմամեայ սոխուկաւոր խոտաբոյսերու ցեղ։ Նշանաւոր է շուրջ 90 (այլ տուեալներով՝ 100) տեսակ։

Անունը տարբեր լեզուներով

Բազ­­մա­­­թիւ լե­­զու­­ներ կը բաժ­­նեկցին այս ծաղիկին հնա­­գոյն անու­­նը, ասո­­րերէն՝ շու­­շան, աք­­քա­­­տերէն՝ շիշ­­նու, եփ­­րա­­­յերէն՝ շո­­շան, մի­­ջին պարսկե­­րէն՝ սո­­սան, դա­­սական յու­­նա­­­րէն՝ սու­­սոն, վրա­­ցերէն՝ շրո­­շանի։ Ըստ ստու­­գա­­­բան­­նե­­­րու բո­­լորը ծաղ­­կած են շու­­շա­­­նը խորհրդան­­շող եգիպ­­տա­­­կան գրան­­շա­­­նէ մը, որ կը հնչէր «զշն»[1]։

Հայրենիք

Հայրենիքը կը համարուի Հիւսիսային կիսագունդը Ճափոն, Չինաստան, Հեռաւոր Արեւելք, Սիպերիա, Կովկաս, Հնդկաստան, Եւրոպա (Միջերկրական ծովու շրջանին մէջ գտնուող երկիրները), Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա։

Կենսաբանական նկարագրութիւն

Սոխուկը թեփուկաւոր է։ Ցօղունը ճիւղաւորուող է, կանգուն, տերեւապատ, բարձրութիւնը՝ 100-110 սմ։ Տերեւները հերթադիր են, նշտարաձեւ։ Ծաղկաբոյլը հուրանաձեւ է, ծաղիկները՝ մեծ, դեղին՝ շագանակագոյն բիծերով։ Կը ծաղկի Յունիս-Յուլիսին։ Պտուղը բազմասերմ տուփիկ է։

Արժէքը

Մեղրատու է եւ գեղազարդիչ։ Շուշանի կարգ մը տեսակներ (սպիտակ եւ չինական շուշաններ, վագրաշուշան եւ այլն) կը մշակուին նաեւ ՀՀ-ի մէջ՝ իբրեւ գեղազարդիչ բոյսեր։ Գրանցուած է ՀՀ Կարմիր գիրքին մէջ։

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ