Ստեփան Դաւիթեան

Ստեփան Դաւիթեան, (1830, Կէրմիր - 1888 (ըստ այլոց 1890)), բժիշկ:

Ստեփան Դաւիթեան
Ծնած է 1830
Ծննդավայր Կէրմիր
Մահացած է 1888 կամ 1890
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Ստեփան Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի վարժարանին մէջ, ապա 10 տարեկանին իր երէց եղբայրը զինք կը տանի Մարսէյլ, ուր մեծ եղբայրները առեւտրական կապեր ունէին: Հոն կը հետեւի բարձրագոյն ուսման եւ բժշկական համալսարանի ընթացքին, որ կիսաւարտ ձգելով կը դառնայ Պոլիս ու հոն 1862-ին քննութիւն անցընելով կը ստանայ բժշկական վկայական (Միւնատի թիւ 160): Ապա՝ իբր զինուորական բժիշկ, կը ղրկուի Ալպանիա, սակայն իր առողջական վիճակը, միանալով աչքերու անտանելի ցաւերու, կը ստիպէ զինք հրաժարելու պաշտօնէն եւ քաշուիլ իր ծննդավայրը, որուն վերածնութեան գործին կը բերէ իր նպաստը, 1865-ին իր տան մէջ ֆրանսերէնի դաս տալով նորահաս երիտասարդներու: Նոյնպէս կը զբաղի լեզուագիտական փիլիսոփայութեամբ, եւ ընդհանուր եւ միօրինակ լեզուի մը մասին կը պատրաստէ թէզ մը որ կը յղէ Կ. Պոլսոյ կայսերական բժշկական վարժարանի իր ուսուցչապետներուն:

Բազմահմուտ անձնաւորութիւն մը, որ ո՛չ միայն նորահաս սերունդին դաստիարակութեան հոգածու եղած է այլ իր գիտական պաշարով օգտակար ըլլալ ուզած է մարդկութեան, համամարդկային շահագրգռութեան առարկայ նիւթերու շուրջը միջազգային լեզուով մը՝ ֆրանսերէնով գրելով գիտական գործեր:

Իր առաջին երկն է Réponse à No. 2416 du “Manzuméi Elkiar”, ou sujet de la question de Science Positive ou de la théorie de l’Harmonie Absolue, (տպ. Արամեան, Կ. Պոլիս, 1874): Այս գործը հայերէնի թարգմանած է պ. Գրիգոր Յակոբ Կ. Պոլսոյ Ժամանակ օրաթերթին մէջ։ Այս գրքոյկը պատասխան մըն էր Մանզումէի, որուն խմբագիրը մասնաւոր շահագրգռութիւն մը ցոյց տուած էր իր գործին համար:

Տոքթ. Դաւիթեան հետզհետէ կը խորանայ իր տեսութիւններուն մէջ եւ երեսուն տարիներու ուսումնասիրութիւններէ ետք, վերջապէս իր գիւտին համաշխարտային արժէքին վրայ վստահելով՝ 1887-ին կը մեկնի Փարիզ՝ հոն Ակադեմիային գնահատութեան ենթարկելու համար իր տեսութիւնները, որոնք հինգ հատորներով ի լոյս ընծայել մտադրած էր։ Իր ֆրանսագիտութեան եւ ճարպիկութեան համար Կեսարիոյ շրջանին ժողովուրդը Ֆրէնկ Ստեփան մակդիրով մկրտած էր զայն:

Աղբիւրներ

Խմբագրել