Ստեփան Զօրեանի տուն-թանգարան
Ստեփան Զօրեանի տուն-թանգարանը, տուն-թանգարանի հանդիսաւոր բացումը կատարուած է 15 Սեպտեմբեր, 1990 թուականին, Զօրեանին ծննդեան օրը, Կիրովականի այն առանձնատան շրջանը, որտեղ 1964-1967 թուականներուն ապրած է 20-րդ դարի մեծ հայ արձակագիրը՝ Ստեփան Զօրեանը (15 Սեպտեմբեր, 1889- 14 Հոկտեմբեր, 1967)։ Ստեփան Զօրեանի տուն-թանգարանը ընդգրկուած է Վանաձորի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՏուն-թանգարանը կը գրաւէ 260 քմ ընդհանուր տարածք, ու այդ եղած է Ստեփան Զօրեանին ամարանոցը։ Ամարանոցի եւ տուն-թանգարանի նախագծողները եղած են Ստեփան Զօրեանի որդիները՝ Լեւոն եւ Կարէն Զօրեանները։
Ցուցադրութիւն
ԽմբագրելՍտեփան Զօրեանի տուն-թանգարանին մէջ ներկայացուած ցուցանմուշները կը լուսաբանեն գրողի մանկութեան ու պատանեկութեան շրջանին մասին հին Վանաձորին (Ղարաքիլիսային) մէջ, ինչպէս նաեւ գրողի գրական եւ հասարակական ներգործնական գործունէութիւնը Թիֆլիսի, Երեւանի եւ Վանաձորի մէջ։ Հոն ներկայացուած է նաեւ Զօրեանին աշխատասենեակը։ Ստեփան Զօրեանի տուն-թանգարանը կը համարուի Վանաձորի գործուն գրական-մշակութային օճախներէն մէկը։
Ստեփան Զօրեանի տուն-թանգարանին նպատակն է այցելողներուն ծանօթացնել Ստեփան Զօրեանի կեանքին ու անոր ստեղծագործութիւններուն եւ անոնց ոճին մասին, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել, պահպանել ու գիտական մշակման ենթարկել եւ ցուցադրել գրողէն ժառանգած մասունքները[1]։
Հասցէ
ԽմբագրելԹանգարանը կը գտնուի Լոռիի մարզի, Վանաձոր քաղաքին մէջ՝ Ստեփան Զօրեանան 24 հասցէով։