Ս․ Ծնունդի Աւետում
Ս․ Ծնունդի Աւետում, Քրիստոսի ծնունդի ուրախ լուրը երգելով հաղորդել տունէ տուն։
Հակիրճ տեղեկութիւններ
ԽմբագրելՀայոց Ցեղասպանութենէն եւ Փոքր Ասիոյ Աղէտէն ետք, աշխարհի չորս ծագերուն սփռած ու ապաստան գտած հայութիւնը արագօրէն կը կազմակերպուի․ կը ստեղծուին դպրոցներ, եկեղեցիներ, բարեսիրական, մարզական, մշակութային Միութիւններ, ինչպէս նաեւ կը սկսին գործել աւանդական կուսակցութիւններն ալ։ Զանազան հայահոծ քաղաքներուն մէջ, ուր կազմակերպուած հայկական համայնք կայ, հայկական աւանդական ծէսերը կը պահպանուին։
Քրիստոսի ծնունդի աւետումը Յունաստանի մէջ
ԽմբագրելՅոյն ժողովուրդը Ս․ Ծնունդը 25 Դեկտեմբերին* կը տօնէ, իսկ հայերը պահած են 6 Յունուարը։ Այդ օրը մեծ շուքով կը տօնուին Յիսուսի Ծնունդը եւ անոր մկրտութիւնը՝ Ջրօրհնէք, յատուկ արարողութեամբ։
- Յունաց Ծնունդի նախօրեակին՝ 24 Դեկտեմբերի առտուն, յոյն փոքրիկներ իրենց թաղի տուներն ու խանութները կը շրջին, որպէսզի Քրիստոսի Ծնունդը աւետեն (Քալատա)։ Անոնք նախ կը հարցնեն «Նա թա փումէ» (այսինք՝ ըսե՞նք) եւ «Նա թա փիթէ» (ըսէ՛ք) պատասխանը լսելով կը սկսին երգել։ Տանտիկինը եւ կամ խանութպանը (յաճախ նաեւ յաճախորդները), անոնց ափին ձեռաձիր մը կը դնեն եւ կամ ալ շաքարեղէն կը մեծարեն։
5 Յունուարի երեկոյեան կը սկսի Ս․ Ծննդեան տօնակատարութիւնը։ Հայկական եկեղեցիներուն մէջ Ճրագալոյցի Ս․ Պատարագը կը մատուցուի ու աւարտին ներկաները մէկը միւսին կ'ողջունեն «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս» ըսելով։
Յիսուսի ծնունդի աւետումը յունահայութեան մօտ
ԽմբագրելՏասնամեակներ յունահայ գաղութը պահպանած է աւանդութիւն մը՝ 5 Յունուարին գիշերը, Յիսուսի Ծնունդը աւետել տունէ տուն։ Իւրաքանչիւր հայահոծ շրջանի մէջ, միութիւնները օրեր առաջ «Աւետիսի շրջագայութիւն»ը* կը կազմակերպեն։ Միասնաբար խումբեր կը կազմեն, տօնական շնորհաւորական բացիկներ կը պատրաստեն եւ ուշ երեկոյեան՝ եկեղեցւոյ արարողութեան աւարտին, կ'այցելեն իրենց հայրենակիցներուն տուները, երգելով «Խորհուրդ Մեծ» շարականը։ Իւրաքանչիւր խումբ հետը կ'ունենայ տօնական զարդարանքով տուփիկ մը, ուր տնեցիները աւետումը լսելէ ետք, իրենց լուման կը դնեն․ այսպիսով իրենց ներդրումը կը բերեն միութիւններուն տարեկան ծախսերուն։
- Աւետիսի շրջագայութիւն․- Յիսուսի Ծնունդի աւետումը այցելելով տունէ տուն
Աւետիսի շրջագայութիւնը Քոքինիոյ մէջ
ԽմբագրելԻ․ դարու երկրորդ քառորդին ընթացքին սկսած այս աւանդութիւնը, մինչեւ այսօր՝ ԻԱ․ դար, կը պահպանուի Քոքինիոյ շրջանին մէջ, ուր հայութիւնը ընդհանրապէս հաւաքուած էր հայկական ակումբներուն եւ կամ եկեղեցիներուն շուրջ։ Մինչեւ 1960-ական թուականները, Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ, «Զաւարեան» եւ «Արարատ» ակումբներու շրջակայքի թաղերուն հայերը բնակչութեան 70% կը կազմէին եւ այդ պատճառով այդ տարածքը հայկական թաղամաս կը կոչուէր (quartier arménienne. այսպէս գրուած 1947-ի Ատիկէի քարտէսին մէջ)։ 5 Յունուարին գիշերը իւրաքանչիւր միութիւն իր խումբերը կազմած Քոքինիոյ եւ Փիրէայի թաղերը կը շրջէր։ Երգեցիկ խումբը/երը հայկական թաղերու (շատ քիչ բնակարաններ քարաշէն էին, մեծամասնութիւնը թիթեղաշէն բնակարաններ էին) ճամբաներուն խաչմերուկին կայնած կ'երգէին «Խորհուրդ Մեծ»ը ու ապա խումբին/երուն անդամները դուռէ-դուռ կը վազէին, որպէսզի իւրաքանչիւր ընտանիք իր լուման տուփիկին մէջ դնէ։ Իսկ 1960-էն ետք, երբ արտագաղթի պատճառով Քոքինիոյ եւ Փիրէայի հայութեան թիւը կը նուազի (տե՛ս Քոքինիոյ հայկական գաղութը), խումբերը կը սկսին տունէ տուն այցելել։ Դրացի յոյն ընտանիքներէն շատեր իրենց դուռը կը բանան եւ երգեցիկ խումբերէն կը խնդրեն իրենց ալ աւետեն։
Սակայն կեանքի պայմաններու բարելաւմամբ՝ 1990-ականներուն, մարդիկ սկսան հեռանալ հայկական թաղերէն ու բնակիլ Փիրէայի եւ Աթէնքի արուարձանները։ Այս պատճառով, Քոքինիոյ հայկական միութիւններուն («Հայ Կապոյտ Խաչ», «Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական Միութիւն», «Հ․Մ․Ը․Մ․» եւ «Համազգայինի Պարի միաւոր») անդամներ, կը հաւաքուին հայկական ակումբը՝ «Զաւարեան Կեդրոն», միասնաբար խումբեր կը կազմակերպեն ու գիշերուան ժամը 9։00-էն ետք կը սկսի «Խորհուրդ Մեծ»ի շրջագայութիւնը*։ Սովորութիւն է գրեթէ բոլոր տուներէն ներս, երգեցող խումբերուն անդամները հիւրասիրել․ տնեցիները ոգելից ըմպելի, պտուղ, տուրմ, պանրածաղ, մսածաղ եւ անուշեղէն կը մեծարեն։ Մեկնումի ատեն բոլորը միաբերան կ'ողջունեն «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս» ըսելով։ Իսկ Պատանեկան Միութեան խումբերը, երեկոյեան աւետելու կ'ելլեն, իրենց պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ։ Միայն Հ․Մ․Ը․Մ․ի սկաուտական խումբը բացառաբար Դեկտեմբեր 25-ի նախորդող Շաբաթը հայական տուները կ'աւետէ, որովհետեւ անոր անդամներուն մեծամասնութիւնը մաս կը կազմէ Պատանեկան Միութեան։
Երբ ամէն մէկ խումբ կը վերջացնէ իր շրջագայութիւնը (ընդհանրապէս տեղի կ'ունենայ օդի վատ պայմաններու տակ․ անձրեւ, ցուրտ եւ քանի մը անգամ՝ ձիւն) ակումբ կը վերադառնայ, ուր կը մեծարուի տաք ապուր, պատրաստուած Քոքինիոյ Հ․Կ․Խ․-ի տիկիններուն եւ ակումբի պատասխանատուներուն կողմէն։
- «Խորհուրդ Մեծ»ի շրջագայութիւն կը կոչուի, որովհետեւ կ'երգուի Մովսէս Խորենացիին համանուն շարականը։
Աւետումի խումբերը
ԽմբագրելՀետիոտն շրջագայութիւն
ԽմբագրելԶաւարեան կեդրոնին շուրջի հայահոծ թաղերուն «Խորհուրդ Մեծ»ի շրջագայութիւնը կը կատարուի երեք հետիոտն խումբերով, իւրաքանչիւրը բաղկացած 7-12 անդամներէ։
Շրջիկ խումբեր
ԽմբագրելՔոքինիոյ, Փիրէայի եւ Աթէնքի հիւսիսային արուարձանները բնակող հայութեան մօտ հասնելու համար 4 խումբեր երկուական ինքնաշարժերով ճամբայ կ'ելլեն ու «Խորհուրդ Մեծ»ը կ'աւետեն:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Ազատ Օր օրաթերթ, 20-1-2022, էջ 8
- Կարօ Մինասեանի արխիւ
- Հ․Կ․Խ․-ի Զաւարեան վարժարանի արխիւ - Սօս Վանիի ձեռագիր՝ Հայական ծէսեր, աւանդութիւններ
- Ամէնուն Տարեգիրքը, Կարօ Գէորգեան, 1960 տարի, էջ 288-291, 434
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Ազատ Օր․ Կէս լուրջ — կէս կատակ, 4 Յունուար 2021, Մինսար
- ↑ «ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ ԵՒ ՍՔԱՆՉԵԼԻ…»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2021-12-21
- ↑ «Դասարան․ Հանրագիտարան - Սուրբ Ծնունդ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-11-02-ին։ արտագրուած է՝ 2021-12-18