Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալ
Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալ Յիսուսի երկոտասան առաքեալներէն մէկն էր, եւ շատերու կարծիքով նոյնինքն ան Նաթանայէլն էր Կանայէն, որուն համար ըսած է տէրը.
Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալ արամեերէն՝ בר תולמי | |
---|---|
| |
Ծնած է | ՔԱ 1-ին դար |
Ծննդավայր | Կանա |
Մահացած է | 1-ին դար |
Մահուան վայր | Albanopolis, Աղուանք |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն[1] |
Մասնագիտութիւն | Քրիստոնեայ հոգեւորական |
Վարած պաշտօններ | Քրիստոսի տասներկու առաքեալները[1] |
«Ահա արդարեւ Իսրայէլացի մը, որուն մէջ նենգութիւն չկայ»:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԵրբ Սուրբ հոգին կ'իջնէ առաքեալներուն վրայ, Ս. Բարթուղիմէոս, Ս. Թովմասին հետ կ'ուղարկուի դէպի արեւելք: Պարսկաստան, Հայաստան, Պարթեւաստան եւ մինչեւ Հնդկաստան:
Հայաստանի մէջ քարոզչութիւնը սկսած է Գողթան գաւառէն, ուր կառուցած է Տեառնընդառաջ եկեղեցին։ Այնուհետեւ քարոզած է Սիւնեաց, Այրարատեան եւ Վասպուրականի նահանգներուն մէջ։ Բարթուղիմէոս առաքեալն է, որ Հայաստան բերած է Տիրամօր պատկերը եւ Անձեւացեաց գաւառի Դարբնաց քար կոչուած վայրը, ուր Անահիտի մեհեանն էր: Կառուցած է Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցին եւ հիմնած է կուսանոց մը։ Սուրբ առաքեալը շրջած է հարեւան շատ երկիրներ եւ ամէնուրեք սփռած՝ իր բարիքները հրաշագոծութիւններով: Հնդիկներու Եդեմ քաղաքը հասնելով, կը տեսնէ, որ ժողովուրդը նուէրներ եւ զոհ կը մատուցանէր դեւերու, որոնք բռնած էին աղբիւրին ակունքը, եւ լկտի հանդէսներ կը կազմակերպէին ի պատիւ անոնց: Սուրբ Բարթուղիմէոս կը բարկանայ այս մեղապարտ տեսարանին առջեւ, եւ անիծելով աղբիւրը զայն կը չորցնէ: Բազմութիւնը այս տեսնելով կը սարսափի, եւ առաքեալին ոտքը իյնալով ներողութիւն կը հայցէ անկէ: Եւ երբ կը սկսին նեղանալ ծարաւէն, ոմանք քարեր առնելով կ'ուզեն քարկոծել առաքեալը: Բայց քարերը իրենց ընկերներուն հանդիպելով երեսուն հոգի կը մահանայ: Սակայն Սուրբ Բարթուղիմէոս խղճալով անոնց վրայ ձեռքը կը դնէ, եւ աղօթելով կը կենդանացնէ զանոնք:
Ապա ապառաժուտ վայր մը երթալով աղօթք կ'ընէ, ուրկէ յորդառատ եւ զով աղբիւր մը կը ժայթքէ, որուն համար շատ կ'ուրախանան, եւ շատերը ջուրը մտնելով կը մկրտուին:
Երբ կրմաններու երկիրը կը հասնի, տեղւոյն թագաւորը տեսնելով, որ համայն ժողովուրդը իր կողմէ պիտի շահի, բռնել եւ բանտարկել կու տայ Սուրբ Բարթուղիմէոսը, ապա կ'որոշեն հրկիզել բանտը, որպէսզի միասին այրի: Բայց մինչ այդ, ահեղ փայլատակում մը կ'ըլլայ, աչքի լոյսէ կը զրկուին թագաւորը եւ իր իշխանները եւ յանկարծ կը բացուին բանտին դռները, եւ սուրբը դուրս գալով կը տեսնէ կուրացեալները եւ խղճալով անոնց վրայ աղօթքով կը բժշկէ եւ շատերը, թագաւորը ներառեալ, կը մկրտուին:
Ապա Սուրբ հոգւոյն հրամանով Բարթուղիմէոս առաքեալը կը փութայ երթալ Հայաստան, ուր Սանատրուկ թագաւորը սպաննել տուած էր Սուրբ Թադէոսը: Տեսնելով Սանատրուկին խստութիւնը, կ'անցնի Պարսկաստան, Խորասան մայրաքաղաքը, եւ երթալով մոգերուն կրակարանը, վեց ժամ կը խաւարեցնէ արեւը, եւ ութ մոգեր դարձի կու գան եւ կը մկրտուին: Սուրբ հոգիին ազդումով կը վերադառնայ Հայաստան, եւ կը շարունակէ հոգիներու փրկութեան գործը բազմաթիւ հրաշագործութիւններով: Անձեւացեաց աշխարհին մէջ կար Դարբիններու քար կոչուած վայրը, ուր բազմաթիւ դեւեր բնակութիւն հաստատած էին եւ մեծ աւերներ կը գործէին ժողովուրդին մէջ: Առաքեալը կու գայ եւ խաչակնքելով կը վանէ բոլոր դեւերը:
Սանատրուկ թագաւորին քոյրը իմանալով անոր հրաշագործութեանց մասին, ծածուկ կերպով անոր քովը կու գայ, եւ լսելով անոր տէրունական խօսքերը, կը հաւատայ եւ կը մկրտուի Աղբակի մէջ (հոն կը մկրտէ Տերենտիանոս հազարապետը): Այս լսելով թագաւորը բանտարկել կու տայ Ս. Բարթուղիմէոսը եւ կը հրամայէ, որ զայն չարչարեն բազում տանջանքներով:
Երբ մորթազերծ եղած զինք մեռեալ կը համարէին, մարմինը կը նետեն քաղաքէն դուրս, սակայն Աստուծոյ զօրութեամբ Ան կենդանի կը մնայ: Ժողովուրդը այս լսելով անոր շուրջը կը հաւաքուի, եւ ան ձեռքերը բարձրացնելով կ'օրհնէ ժողովուրդը եւ երկիրը, խնդրելով, որ Աստուած զանոնք հեռու պահէ տգիտութեան խաւարէն: Ապա երկինք նայելով կ'աւանդէ իր հոգին, եւ նոյն ժամուն կ'ըսէ աւանդութիւնը, թէ Ս. Թադէոս զայն մարմնաւորապէս կը դիմաւորէ եւ երկուքով միասին կը բարձրանան երկինք:
Ս. Բարթուղիմէոսին այս կատարումը կ'ըլլայ շուրջ 67 թուականին: Եւ առաքեալին գերեզմանը կը գտնուի Աղբակի Ս. Բարթուղիմէոս վանքին մէջ։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Վարք Սրբոց,