Վահան Գողթնեցի
Վահան Գողթնեցի (Գողթնացի, 700, Գողթն, Վասպուրական, Արմինիա կուսակալություն - 737, Դամասկոս, Արաբական Խալիֆայութիւն), հայ իշխան։
Վահան Գողթնեցի | |
---|---|
Ծնած է | 700 |
Ծննդավայր | Գողթն, Վասպուրական, Արմինիա կուսակալություն |
Մահացած է | 737 |
Մահուան վայր | Դամասկոս, Արաբական Խալիֆայութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Արաբական Խալիֆայութիւն |
Մասնագիտութիւն | դպիր |
Ամուսին | Սիսակուհի Սիւնի |
Ծնողներ | հայր՝ Խոսրով Գողթնեցի |
Կեանք եւ գործունէութիւն
ԽմբագրելԿեանք
ԽմբագրելՎահան Գողթն գաւառի Խոսրով նախարարին որդին էր: Անոր հայրը՝ Խոսրովը, արաբական տիրապետութեան շրջանին, 705 թուականին, Հայաստանէն շուրջ 1200 իշխաններու հետ, նենգ խաբէութեամբ հաւաքելով Նախիջեւանի եւ Խրամի փայտաշէն եկեղեցիներուն մէջ՝ արաբները կրակի մատնած են կոտորածներու ժամանակ։
Նախարարարական ուրիշ ընտանիքներու հետ արաբները գերեվարած եւ Դամասկոս (Ասորիք) ղրկած են նաեւ մանուկ Վահան Գողթնեցին։
Դամասկոսը այդ ժամանակ Հայաստանի տիրող ամիրապետներուն մայրաքաղաքն էր: Դամասկոսի մէջ մահմետականացուցած են հայ մանուկները, մահմետական կրօնք ուսուցանած եւ դաստիարակած այդ ոգիով։ Վահանը, որ ուշիմ եւ խելացի երեխայ էր, անուանափոխած եւ կոչած են Վահապ։ Ուսումը աւարտելէ ետք, նկատի առնելով անոր ուշիմութիւնը, զայն նշանակած են ամիրապետի ատենադպիր։
Վահան, թէեւ բոլորովին իսլամացած եւ գրեթէ արաբացած, տեղեակ էր իր քրիստոնեայ իշխանական տոհմէն սերած եւ հայ ըլլալուն մասին:
Երբ Յովհաննէս Գ. Օձնեցի Կաթողիկոսին միջնորդութեամբ՝ 719 թուականին, ընդհանուր ներում եւ վերադարձի իրաւունք կը շնորհուի գերեալ քրիստոնեաներուն, Վահան Գողթնեցին եւս կը ջանայ օգտուիլ այդ ներումէն: Պատճառաբանելով, որ կը կամենայ վերականգնել իր իշխանական իրաւունքները Գողթն գաւառին մէջ, ան Օմար ամիրապետէն արտօնութիւն կը ստանայ եւ կը վերադառնայ Հայաստան։ Օմար Բ. խալիֆայի մահէն (720) ետք վերստին կ՚ընդունի քրիստոնէութիւնը։
Գործունէութիւն
ԽմբագրելԱն շրջած է վանքէ վանք եւ ճգնած՝ Շիրակ գաւառին մէջ, ապա ամուսնացած է Սիւնեաց Բաբգէն իշխանի դստեր հետ՝ կամենալով վերջնականապէս հաստատուիլ Հայաստան եւ այդպէս խաղաղութեամբ կառավարած է իր երկիրը երկար տարիներ: Սակայն արաբական իշխանութիւնը, իբրեւ մահմետականութիւնը ուրացածի՝ Վահան Գողթնեցին փնտռած, հետապնդած եւ կանչած է Ռուծափ, ուր Հիշամ խալիֆան պահանջած է հրաժարիլ քրիստոնէութենէն եւ վերադառնալ արքունիք։
Գողթնեցի, իր դեգերումներուն ընթացքին, այցելած է նաեւ Բզնունեաց նահանգի Արծկէի Երաշխաւոր վանքը, զրոյցներ ունենած է վանահայր Արտաւազդին հետ:
Վահան Գողթնեցի, Յիսուսը Տէր եւ Փրկիչ վկայելու եւ յանուն անոր իր արիւնը թափելու հաստատ որոշմամբ, ամիրապետին խոստովանած է քրիստոնէութիւն ընդունած ըլլալը։ Ան անյողդողդ դաւանած է Յիսուսը՝ որպէս Աստուծոյ Որդի եւ, արհամարհելով սպառնալիքներն ու չարչարանքները, մարտիրոսական պսակ ընդունած՝ գլխատմամբ։
Վահան Գողթնեցի կը նահատակուի 737 թուականին՝ դասուելով երանելի սուրբերու շարքը:
Վահան Գողթնեցիին վարքը
Խմբագրել744 թուականին Վահան Գողթնեցիին վարքը գրի առած է Երաշխաւոր վանքի վանահայր Արտաւազդ Վարդապետ, որ 714 թուականին մեկնած է Ասորիքի Ռուծափ քաղաքը եւ Գողթնեցիի նահատակութեան վայրին մէջ տեղեկութիւններ հաւաքած, անոնց ալ միացուցած է Գողթնեցիին հետ իր հանդիպումը եւ կազմած անոր կեանքին մասին պատմութիւնը:
Գրականութիւն
ԽմբագրելՀիմնուելով վկայաբանութիւններուն վրայ, հայ ժամանակակից արձակագիր Անահիտ Պարսամեան (1947-2017) վիպակ մը գրած է, նուիրուած Հայ Եկեղեցւոյ այդ տօնելի սուրբի կեանքին ու նահատակութեան պատմութեան: «Օշինդրի բոյրը կամ Սուրբ Վահան Գողթնացի» վիպակը 2010-ին լոյս ընծայած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութիւնը: Ան հնագոյն վկայաբանութիւններու կողքին մերօրեայ միակ պատումն է, որ գեղարուեստական ժանրով կը ներկայացնէ Վահան Գողթնեցիի կեանքը: Հակառակ որ գեղարուեստական գործ է, բայց հեղինակը հարազատ մնացած է ժամանակաշրջանի պատմական իրադարձութիւններուն, միջավայրին, մատենագրական տուեալներուն, որոնք սուրբին մասին պահպանուած են վանահայր Արտաւազդի գրուածքին մէջ եւ Յայսմաւուրքներուն մէջ:
Դէպքերը կը ծաւալին ութերորդ դարու սկիզբը, Հայաստանի մէջ քաղաքական եւ կրօնական իրավիճակը թելադրուած էր արաբական տիրապետութեամբ: Հեղինակը կը նկարագրէ Գողթն գաւառը, ուր ծնած է Վահան:
Յենելով Արտաւազդի վկայաբանութեան մէջ Գողթնեցիին եւ ամիրապետին հանդիպման եւ խօսակցութեան դրուագին, Անահիտ Պարսամեան իր վիպակին մէջ նկարագրած է այդ երկխօսութիւնը: Այդ երկխօսութենէն պարզ կը դառնայ, որ ամիրապետը կ՚արտօնէ, որ Վահանը վերադառնայ իր երկիրը, ուր ալ ան կ՚ամուսնանայ եւ արդէն կը ծաւալին յետագայ դէպքերը[1]։
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- «Հայազգի սուրբեր» (427 էջ), Շնորհք Գալուստեան (1997), էջ 197։