Վահրամ Տատրեան
Վահրամ Տատրեան (1900, Չորում, Թուրքիա - 1948, Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ գրող եւ մտաւորական։
Վահրամ Տատրեան | |
---|---|
Ծնած է | 1900 |
Ծննդավայր | Չորում, Թուրքիա |
Մահացած է | 1948 |
Մահուան վայր | Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
Աշխատավայր | Կավռօշ |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Թուրքիոյ Չորում քաղաքը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, սակայն Համաշխարհային Ա. պատերազմի հետեւանքով ուսումը կիսատ թողելով ընտանիքի անդամներուն հետ միասին բռնած է գաղթի ճամբան՝ դէպի արաբական երկիրներ:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք՝ 1919-1936 թուականներուն ապրած է Պոլսոյ մէջ եւ ապա վերջնական հաստատուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Գործունէութիւն
ԽմբագրելՏատրեան Պոլիս գտնուած միջոցին աշխատակցած է սկզբնական շրջանին Պոլսոյ եւ ապա Փարիզի մէջ լոյս տեսնող «Կավռօշ» երգիծական պարբերականին:
Տատրեան առաւելաբար իր գրութիւններուն մէջ ներկայացուցած է պոլսահայ կեանքը. իր գործերէն շատեր առաձին գրքոյկներով հրատարակուած են:
Երկեր
ԽմբագրելՅայտնի գործերէն են՝
- «Բարեւ տէր պապա»ն,
- «Պատուոյ գողը կամ քօր ամուսինը»,
- «Իմ անցեալը»,
- «Վերջին ներկայացումը» եւ այլ աշխատութիւններ:
Տատրեան երգիծական գրութեանց կողքին «Դէպի անապատ» աշխատութեան մէջ գրած է նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի իր յուշերն ու ականատեսի վկայութիւնները: «Նելլի Պելլա» աշխատութեան մէջ ներկայացուցած է Թուրքիոյ եւ մասնաւորաբար Պոլսոյ ապականած բարքերն ու սովորութիւնները:
Տատրեան փորձած է գրել նաեւ թատրերգութիւններ, որոնք հրատարակուած են իր «Հինգ թատերախաղեր եւ ցրուած էջեր» հատորին մէջ[1][2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ՎԱՀՐԱՄ ՏԱՏՐԵԱՆ (1900-1948)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-04-11
- ↑ «AV Production - Վահրամ Տատրեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-04-30-ին։ արտագրուած է՝ 2022-04-11