Կավռոշ (թերթ)

քաղաքական, կենցաղային պատկերազարդ երգիծական օրաթերթ, երկօրեայ, այնուհետեւ՝ շաբաթաթերթ

«Կավռոշ», քաղաքական, կենցաղային պատկերազարդ երգիծական օրաթերթ, երկօրեայ, այնուհետեւ՝ շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է Կ. Պոլիս՝ 1908-1926 թուականներուն եւ Փարիզ՝ 1926-1936 թուականներուն։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Երուանդ Թօլայեան, խմբագիրներ՝ Մկրտիչ Կապրաշ, Արշակ Ալպօյաճեան, Արտապետ Մուպահեաճեան։

Կավռոշ
Gavroche եւ Կավռօշ
Տեսակ թերթ
Ժանր Երգիծանք
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1908
Հիմնադիր Երուանդ Թօլայեան եւ Արամ Անտոնեան
Կոչուած է Գավրոշ?
Գրասենեակ Կոստանդնուպոլիս, Թուրքիա
Փարիզ, Ֆրանսա
OCLC 37941033

Փորձած է արտացոլել սփիւռքահայութեան առօրեան։ Տպագրած է ծաղրանկարներ, թռուցիկներ ու թերթօններ, վերհանած է հասարակական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի ենթադրեալ թերութիւնները։

Կարեւոր տեղ յատկացուցած թատրոնի (յատկապէս ֆրանսահայ) իրադարձութիւններուն, անդրադարձած է Վահրամ Փափազեանի, Յովհաննէս Զարիֆեանի, Սուրաբեաններու եւ ուրիշ դերասաններու բեմական գործունէութեան։

«Կավռոշ»ին աշխատակցած են Գրիգոր Թորոսեանը, Գրիգոր Համբիկեանը, Մ․ Էքմեքչեանը, Ա. Քեչեանը, Վ. Տատրեանը, նկարիչներ Երուանդ Քոչարը, Մ. Հովիկեանը եւ ուրիշներ։

Երուանդ Թոլայեան 1910-1933 թուականներուն (ընդհատումներով) լոյս ընծայած է նաեւ «Կավռոշին տարեցոյցը»։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։