Վարանդ (Սուքիաս Քիւրքջեան, 10 Մարտ 1954(1954-03-10), Թեհրան, Իրան), բանաստեղծ, լեզուաբան եւ թարգմանիչ։

Վարանդ
Ծնած է 10 Մարտ 1954(1954-03-10) (70 տարեկան)
Ծննդավայր Թեհրան, Իրան
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, բանաստեղծ, թարգմանիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Թեհրան, արեւմտահայ եւ ռուսահայ ծնողներէ։ Ուսանած է տեղւոյն Քուշէշ Դաւթեան տարրական եւ միջնակարգ դպրոցներուն մէջ, աւարտելով գրական ճիւղը։ Ապա հետեւած է Թեհրանի պետական համալսարանի Պարսից գրականութեան ճիւղին։ Երկար տարիներ մասնաւոր դասեր առած է լեզուի եւ նկարչութեան։

Մասնագիտութեամբ գրող-բանաստեղծ է. կը զբաղի ընթերցանութեամբ եւ երբեմն ալ կերպարուեստով։

Ամուսնացած է եւ բախտաւորուած՝ մանչ զաւակով մը։

Գործեր

Խմբագրել

Անդամ է Իրանահայ գրողներու միութեան վարչութեան՝ փոխ-նախագահի պաշտօնով, եւ կ՚աշխատի «Արմէն» թատերախումբի վարչական կազմին հետ, որպէս թարգմանիչ եւ խորհրդատու։

Ուսուցչութեան պաշտօն կը վարէ հայկական վարժարաններու մէջ։ Պատասխանատուն է «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրական հիմնարկի կեդրոնական գրասենեակին։

1980-ին հիմնած է «Գեղարդ» Երիտ. հրատարակութիւնը։

Աշխատակցած է «Ալիք», «Բագին», «Նաւասարդ» եւ այլ հանդէսներու։

1987-ին շահած է Ա. Ներսէս Շնորհալի գրական առաջին մրցանակը. 1990-ին՝ հայ ժողովուրդի վերջին 100-ամեայ զինեալ պայքարին նուիրուած բանաստեղծութեան առաջին մրցանակը. իսկ 1991-ին իրեն շնորհուած է Հայաստանի գրողներու Միութեան Վահան Թէքէեանի անուան առաջին մրցանակը, իր Բօհէմական Օրագիր (1988) եւ Մեղքի Վարդեր (1989) բանաստեղծութեանց ժողովածոներուն համար։

Հրատարակած է բանաստեղծութեան այլ հատորներ.

Արեւի Ծամբով (1972), Արշաւանք (1973), Հոլովոյթ Պէյրութ, (1975), Կանաչ Արփալոյս (1977), Հողմ Հրոց (1978), Արեւաքար (1978) ռուսերէնի թարգմանուած 1989-ին Ա. Ներսիսեանի կողմէ, Առիւծասպանն Ու Արքան (Շիրխորն Ու Շահը, 1979), Սուր Եւ Ստուեր (1982), Սիդհարտա, որ ազատ փոխառութիւն-վերարտադրութիւնն է Ռ. Թակորի «Կիդանժալի»ին (1980) եւ Անդենական Շշունջներ, պարսկերէնի թարգմանուած (1989):

Իր բանաստեղծութիւններուն վրայ ձայնագրուած են 50-է աւելի երգեր։

Վարանդի բանաստեղծութիւնը կը բխի քնարաշունչ անձնականութենէ մը, եւ կը ձգտի դէպի մարդկայնականը։ Վրիժառու, հզօր հայու բարձունքէն կը սլանայ դէպի համամարդկայինը[1]:

Գեղեցիկ է իր ոճը ու առինքնող։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։