Վարդան Աշգարեան
Հայր Վարդան Աշգարեան (26 Նոյեմբեր 1937, Հարպիէ (Անտիոք) - Վիեննա, 28 Յուլիս 2012), Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է 1937-ին Անտիոքի Հարպիէի արուարձանը, մուսալեռցի ծնողներէ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Դամասկոսի Մէզզէի ֆրանսական վարժարանին եւ Այնճարի հայ քոյրերու դպրոցին մէջ։ Այնուհետեւ, 25 Յունիս 1950-ին անցնելով Վիեննայի Մխիթարեան ընծայարանը, կը բոլորէ իր երկրորդական ուսումը։ 13 Մարտ 1954-ին կ՚անդամակցի Մխիթարեան միաբանութեան[1]:
Իմաստասիրական եւ աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք, արեւելեան լեզուներու եւ գրականութեան ճիւղերուն հետեւած է Վիեննայի պետական համալսարանին մէջ։ Մասնագիտացած է արդի գրականութեան մէջ։
Քահանայ օծուած է 22 Յունուար 1961-ին եւ մինչեւ 1964 վարած է Գահիրէի Հելիոպոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի փոխտնօրէնի պաշտօնը։
1964-1987 եղած է Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնը եւ դասաւանդած՝ գրականութիւն եւ բարոյագիտութիւն բարձրագոյն դասարաններուն։ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժնին մէջ դասախօս եղած է 1965-1975-ին։ 1982-ին եղած է Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Պատրիարք-Կաթողիկոսի օգնական եպիսկոպոսը, իսկ 1999-էն՝ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոսի օգնականը[2]:
2000-էն նախագահն էր հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ գլխաւոր պատասխանատուն՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դպրոցներուն։
Աշխատակցած է սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթերու եւ գրած՝ կրօնա-բարոյական, գրական եւ բանաստեղծական տասնեակ գիրքեր։
20 Դեկտեմբեր 2011-ին, հայ կաթողիկէ միութեան «Արարատեան» սրահին մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն կազմակերպուած է՝ նուիրուած Վարդան եպս. Աշգարեանի[3]:
2011-ին հանգստեան կոչուելէ ետք, 2012 Յունուարին ան մեկնած է Վիեննա՝ Մխիթարեան միաբանութեան ուխտին մէջ շարունակելու իր ներանձնական կեանքը։
Մահացած է նոյն տարին ու թաղուած, ըստ կտակին, իր մօր շիրիմի կողքին՝ Այնճարի գերեզմանատան մէջ։
Հրատարակած գիրքեր
ԽմբագրելԳրչանունը Վարդան Զօրենց եղած է, իսկ հրատարակած գիրքերն են՝
- «Քնար մայրական»
- «Հայրենաշունչ»
- «Բուռ մը բանաստեղծ մտաւորականներ»
- «Կեանքը երգ»
- «Միայն մէկ ժամ»
- «Հինը որ նոր պիտի ըլլայ»
- «Կինը»
- «Որովհետեւ տեղ չկար»
- «Բռունցքի նման»
- «Պահանջելու պէս խնդրանք իբրեւ»
Մրցանակներ
Խմբագրել- Ստացած է Սաիտ Աքըլի մրցանակը՝ իր գիրքին արաբերէն թարգմանութեան առիթով։