Վարդգէս (Յովհաննէս Սէրէնկիւլեան)

հայ քաղաքական գործիչ

Վարդգէս (բուն անուն՝ Յովհաննէս Սէրէնկիւլեան, 1871, Կարին, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 2 Օգոստոս 1915(1915-08-02), Ուռհա, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն, Մեծ Եղեռնի զոհ), հայ ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։

Վարդգէս
Ծննդեան անուն Յովհաննէս Սէրէնկիւլեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Վարդգէս եւ Զարմայր
Ծնած է 1871
Ծննդավայր Կարին, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 2 Օգոստոս 1915(1915-08-02)
Մահուան վայր Ուռհա, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Արևմտյան Հայաստանը Օսմանյան կայսրության կազմում?[1]
Ուսումնավայր Սանասարեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, ուսուցիչ, լրագրող
Աշխատավայր Ա­զա­տա­մարտ
Վարած պաշտօններ Օսմանեան կայսրութեան պատգամաւորներու պալատի անդամ.[2] եւ Հայ Ազգային ժողովի պատգամավոր?
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն[3]

Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ 1890-ին կը մասնակցի Կարնոյ Մայիսեան ցոյցին եւ կը ձերբակալուի ու ապա ներման կ’արժանանայ։ 1890-ի վերջաւորութեան, կ’երթայ Պոլիս, ուր կը վարէ ուսուցչական պաշտօններ, որոնցմէ յիշատակելի է Կէտիկ Փաշայի ազգային վարժարանի իր տեսչութիւնը։

1892-ին կը միանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իր գործունէութիւններուն հետեւանքով կը բանտարկուի։ Մաս կը կազմէ Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ Պանք Օթոմանի գրաւման։ «Ժիռօնտ» պահականաւով կը ղրկուի Մարսէյ, ապա՝ Ժընեւ, Պուլկարիա եւ Կովկաս։ Հոկտեմբեր 1899-ին կ’անցնի Վան, ուր վերստին թաքուն կերպով կը նուիրուի յեղափոխական գործին։ 5 Յունուար1903-ին մատնութեան կ’ենթարկուի, սրունքէն վիրաւոր կը ձերբակալուի եւ մահուան կը դատապարտուի, բայց ֆրանսական բարեկամներու ազդեցութեամբ վճիռը կը վերածուի ցկեանս թիապարտութեան։ 1907-ին Արղընի Մատէն, իսկ յաջորդող տարին Տիարպէքիր՝ բանտէ բան կը փոխադրուի։ Սահմանադրութեան հաստատումով ազատ կ’արձակուի եւ Սկիւտարէն կ’ընտրուի ազգային երեսփոխան, իսկ մէպուս՝ իր ծննդավայրին։ Օսմանեան խորհրդարանին մէջ անկեղծ եւ անվերապահ խօսքերով բոլոր առիթներուն պաշտպանած է հայութեան իրաւունքները եւ դարձած է պատուհաս մը թուրք ազգայնամոլներու աչքին։ 11 Ապրիլի Մեծ Կարաւանէն ետք, կ’աքսորուի Գրիգոր Զօհրապին հետ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 509. — ISBN 978-2-905686-93-0
  2. Kévorkian R. Le Génocide des Arméniens, The Armenian genocide : a complete history, Геноцид армян : полная историяParis: Éditions Odile Jacob, 2006.
  3. Թէոդիկ Յուշարձան ապրիլ տասնըմէկի — 1919.

Աղբիւրներ Խմբագրել