Վիգէն Պէրպէրեան

Վիգէն Պէրպէրեան (1967[1], Պէյրութ, Լիբանան), վէպերու հեղինակ եւ յօդուածագիր։

Վիգէն Պէրպէրեան
Ծնած է 1967[1]
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Լոնտոնի Տնտեսութեան համալսարան
Քոլումպիա Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, լրագրող, վիպասան
Ամուսին Կարինէ Թորոսեան
Կայքէջ vikenberberian.com(անգլերէն)

Կեսագրական գիծեր եւ գործեր

Խմբագրել

Պէրպէրեան մեծցած է Պէյրութի հայախօս տան մէջ: Ընտանիքը Լոս ԱնՃելըս տեղափոխուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ։ Կեանքին այս փորձը օգնած է զինք ձեւաւորելու անոր առաջին վէպը։

Ան հեղինակն է «The Cyclist» եւ «Das Capital» վէպերուն ու աշխատակցած է «New York Times», «Financial Times» եւ «Los Angeles Times» թերթերուն: Ան ապրած եւ գործած է Մենհեթընի, Փարիզի եւ Երեւանի մէջ[2]:

Անոր վէպերը թարգմանուած են ֆրանսերէնի, եբրայերէնի, իտալերէնի, գերմաներէնի եւ հոլանտերէնի:

Պէրպէրեանի աշխատանքները յատկանշական են իրենց խոր խելքով եւ տնտեսական եւ քաղաքական անարդարութեան զգացումով:

Վէպերէն յիշենք․

  • «Հեծելանւորդը» (The Cyclist), լոյս տեսած 2002-ին, Նիւ Եորք[3]։
  • «Տաս քափիթալ (Das Kapital), լոյս տեսած 2007-ին, Նիւ Եորք[4]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 https://www.editionmoderne.ch/autorin/viken-berberian/
  2. «Վիգէն Պէրպէրեան Եւ Կարինէ Թորոսեան Պիտի Ներկայացնեն Իրենց Նոր Հատորը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-31-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-27 
  3. http://www.washingtontimes.com The Washington Times։ «Terror studies, with love and apricots»։ The Washington Times (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-10-27 
  4. «Fiction Book Review: Das Kapital: A Novel of Love and Money Markets by Viken Berberian, Author . Simon & Schuster $23 (175p) ISBN 978-0-7432-6723-6»։ PublishersWeekly.com (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-10-27