Վիպապաշտ արձակ
Վիպապաշտ արձակ՝ մինչեւ 1880-ական տարիները, Նոյն ժամանակաշրջանի արձակը նուազ յստակ դիմագիծով կը ներկայանայ։ Այսպէս« 1850-1880 երեսնամեակի արձակագիրներէն քիչեր ուղղակի վիպապաշտ կրնանք նկատել։
Ոմանք այդ ուղղութեան մօտ են խառնուածքով, եւ ոչ այնքան՝ գործի առարկայական յատկանիշներով (Խաչատուր Աբովեան)։ Ուրիշներ՝ գաւառական որոշ պարզութեամբ, զգացականութեամբ՝ մինչ միւս կողմէ կը մնան կապուած հողին, իրականին (Մկրտիչ Խրիմեան, Գարեգին Սրուանձտեանց, Պերճ Պռօշեան)։
Նոյնիսկ Րաֆֆիի կամ Ծերենցի նման վիպագիրներ, բացայայտօրէն վիպապաշտական ըմբռնումներու տէր, իրենց գործի մի քանի կորմերով կը հակին իրապաշտութեան։
Այդ տասնամեակներու արձակ սեռերը
ԽմբագրելՎէպ
ԽմբագրելԻ հարկէ՝ Րաֆֆի, Ծերենց, բայց կանխապէս՝ Աբովեան. աւելի ուշ՝ Սրբուհի Տիւսաբ։
Պատմուածք
ԽմբագրելՊատումի այլ ձեւեր (Ղազարոս Աղայեան, Պերճ Պռոշեան, Մինաս Չերազ):
Թաաերգութիւն
ԽմբագրելՊ. Դուրեան, Մ. Պէշիկթաշլեան, Թովմաս Թէրզեան։
Արձակի այլ տեսակներ
ԽմբագրելՔրոնիկ, յուշագրութիւն, ուղեգրութիւն (Գր. Օտեան, Մատթէոս Մամուրեան, Եղիա, Խրիմեան, Գ. Սրուանձտեանց, Խ. Աբովեան, Ղ. Աղայեան...)։
Գալով այս գրագէտներու մշակած ընդհանրական թեմաներուն, անոնք մասով մը անձնական-քնարական են, բայց աւելի յաճախ՝ ունին շեշտուած հայրենական-գաւառական բովանդակութիւն։ Երբեմն անոնք ուղղակի հայրենասիրական են, գաղափարագրական ուժեղ լիցքով՝ հասնելով մինչեւ քարոզչականի։
Աղբիւր
Խմբագրել- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Բ.-Գ. տարիներ, էջ 36: