Վրացական Ոսկեդար

Վրացական Ոսկեդար (վրաց.՝საქართველოს ოქროს ხანა), Վրաստանը զարգացած է միջնադարուն՝ 11-13-ին[1]: Այս ժամանակաշրջանին Վրաստանը հասաւ իր ռազմաքաղաքական հզօրութեան գագաթնակէտին: Այն անմիջականօրէն կապուած էր Վրաստանի Թամար թագուհիի կառավարման հետ: Այս ժամաակաշրջանին Վրաստան արուեստի վերելք ապրեցաւ , ինչպէս աշխարհիկ եւ հոգեւոր գրականութեան եւ ճարտարապետութեան բնագաւառներէն ներս:

Վրացական ոսկեդարը տեւեց աւելի քան երկու դար: Ոսկեդարու անկումը կապուած էր Վրաստանի քոչուորական ցեղերու՝ մոնկոլներու եւ սելճուքներու արշաւանքներուն , ինչպէս նաեւ սեւ մահի տարածման հետ: Վրաստան առաւել թուլացաւ Կոսդանդնուպոլսոյ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան անկումէն յետոյ: Անով վրաց թագաւորութիւնը զրկուեցաւ իր գլխաւոր ռազմաքաղաքական դաշնակիցէն: Արդիւնք՝ 15-րդ դարուն Վրաստան մասնատուեցաւ եւ շրջափակուելով իսլամադաւան թիւրք-իրանցիներուն կողմէ՝ մեկուսացաւ Քրիստոնեայ Եւրոպայէն:

Ոսկեդարը եղած է Վրաստանի պատմութեան ամէնահարուստ ժամանակաշրջանը[2]: Այս ժամանակահատուածին Վրաց թագաւորութիւնը եղած է տարածաշրջանի հզօրագոյն պետութիւնը, որ մրցունակ էր Յունաստանի եւ հին Հռոմի հետ:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Սելճուքեան սուլթանութիւնը 11-րդ դարուն արդէն լիովին թուլացած էր: Անոր կը նպաստէին 1095 թուականին սկսած խաչակրաց արշաւանքները, որոնց արդիւնքը Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին կը ստեղծուէին Եդեսիոյ ու Թրիփոլիի կոմսութիւնները, Անտիոքի դքսութիւնը եւ Երուսաղէմի թագաւորութիւնը: Օգտուելով արեւելքի ստեղծած ռազմաքաղաքական իրադրութենէն՝ Վրաստանի թագաւոր Դաւիթ Աղմաշենեբելին վերջնական հարուած հասցուց Սելճուքեան սուլթանութեան եւ մուսուլմաններէն ազատագրեց Թիֆլիսի Քրիստոնէական կառավարութեան վերականգնումը, որ կը համարուի վրացական ոսկեդարու սկիզբը:

Վրացական Պետութեան Հզօրացումը

Խմբագրել
 
Դաւիթ IV Շինարար

12-րդ դարը եւ 13-րդ դարու սկիզբը աւատատիրական Վրաստանի քաղաքական հզօրութեան ու տնտեսութեան ծաղկման շրջանն է[3]: Վրաստանի թագաւոր Դաւիթ IV-ը, ըլլալով բաւական երիտասարդ, կրնայ ամրապնդել կեդրոնական կառավարութիւնը՝ ստեղծելով հզօր եւ կանոնաւոր բանակ: Այս մեծ ձեռքբերումը վրացական պետութեան համար, քանի որ կանոնաւոր բանակը կրնար հզօր ուժ հանդիսանալ սելճուքներու դէմ մղուող ազատագրական պայքարի ժամանակ[4]: Կարեւոր նուաճում էր այն, որ Դաւիթ թագաւորը, կամ ինչպէս ժողովուրդը կ'անուանէր Դաւիթ Շինարարը, կրցաւ վերակազմաւորել վրաց ողղափառ եկեղեցին:

1103-1105 թուականներուն Դաւիթ թագաւորի ազատարար բանակը գրաւեց Հերեթը, իսկ 1110-1118 թուականներու ընթացքին Ստորին Թարթլին ու պատմական Հայաստանի քանի մը գաւառները, որու արդիւնք՝ Թրիփսիլին[5] մնաց սելճուքներու ղեկավարութեան տակ, շրջապատուած բոլոր կողմերէն: Վրաստանի թագաւորը նոր գրաւուած տարածքները բնակեցուց ռուս եւ եւրոպացի առեւտրականներով:

Վրացիներու հզօրացումը խոչընդոտ կը հանդիսանար սելճուքներու համար եւ թրքական կառավարութիւնը հակավրացական նոր ռազմագործողութեան վերսկսաւ: 1121 թուականին սելճուքները ներխուժեցին վրացական ազատագրուած հողեր, սակայն Դիդգորի ճակատամարտին լուրջ պարտութիւն կրեցին: Վրացական բանակը անցաւ յարձակման եւ վերջապէս գրաւեցին Տփղիսը՝ զայն դարձնելով իր ընդարձակ թագաւորութեան մայրաքաղաքը[6]: Շարունակելով իր յաղթական մարտերը՝ Դաւիթ 1124 թուականին իր պետութեան միացուց արեւմտեան Շիրուանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հիւսիսային հատուածը: Վրացի թագաւորի եւ իր պետութեան հետ կողք կողքի կը կռուէին նաեւ հայ զինուորները: Երկիրը վերածուեցաւ հզօրագոյն տէրութեան: Դաւիթ Շինարարը մահացաւ 1125 թուականին[7]: Ան ստեղծեց պետութիւն մը, որ ազդեցիկ դեր ունէր տարածաշրջանին վրայ. անոր համար կը համարուի վրացի ժողովուրդի պատմութեան հզօրագոյն տէրութիւնը: Անոնք շարունակեցին հզօրացնել ու ընդլայնել Վրաստանի տարածքները Հիւսիսային Կովկասի լեռնային ժողովուրդներու զբաղեցուցած տարածքներուն հաշւոյն:

Վրաստան իր Հզօրութեան Գագաթնակէտին

Խմբագրել
 
Թամար թագուհի

Դաւիթ թագաւորի մահը սուգի մատնեց Վրացի ժողովուրդը: Անոր գործը շարունակեց իր աւագ որդին՝ Գէորգ: Ան որդեգրեց հօր վարած քաղաքականութիւնը, որու նպատակն էր սելճուքեան իշխանութիւններու թուլացումը եւ Վրաստանի դիրքերու ամրացումը: 1161 թուականին Գէորգին վերջնականապէս կը գրաւէ Անին, իսկ 1162 թուականին անձնատուր կ'ըլլայ Դուին քաղաքը, որ աւերուած էր վրաց-սելճուքեան ռազմական հակամարտութիւններու հետեւանքով[8]: 1167 թուականին Գէորգ III-ը յաղթած է հիւսիւսային Կովկասի չեչենական եւ դաղստանեան ցեղերուն: Պայքարած է կեդրոնախոյզ ուժերուն դէմ, որոնք ապստամբած էին Իվանէ Օրբելիի ղեկավարութեամբ եւ ամրացուցած Լոռի քաղաք-ամրոցը: Անոնց յարած Սարգիս Զաքարեան եւ ուրիշներ ապաւինած էին Գէորգի ողորմածութեան: Ան ճնշած է ապստամբութիւնը, ոչնչացուցած՝ Օրբելիներու տոհմը, ասպարէզէն հեռացած է ապստամբութեան հետ առնչուած անձանց եւ պաշտօններ տուած իրեն հաւատարիմ մարդկանց: Վախնալով թագաւորի ուժեղացումէն՝ վրաց հոգեւորականութիւնը պահանջած է վերականգնել եկեղեցիի արտօնութիւնները՝ զայն ազատելով յարկերէն: Անախորժութիւններէն խուսափելու համար Գէորգին զիջած է: Գէորգին արու զաւակ չէ ունեցած եւ թագաւորութեան վերջին տարիներուն գահակից դարձուցած է դուստրը՝ Թամարը:

Թամարի գահակալութեան տարիներուն Վրաստան կը հասնի իր հզօրութեան գագաթնակէտին: 1194-1204 թուականներուն Թամարի բանակը յաջողեցաւ դիմադրել հարաւէն ներխուժած թուրքերու յարձակումներուն. երբ ինք հարաւային Հայաստան ներխուժեց եւ իր տիրապետութեան ենթարկեց զայն: Վերջինիս մեծ մասը չէր մտած վրաց թագաւորութեան մէջ (Կարին, Երզնկա, Վան) եւ կը գտնուէր տեղի հայ իշխաններու ղեկավարութեան տակ՝ տոհմական կալուածներու կարգավիճակով:

Հայ-վրացական միացեալ բանակը կը յաջողի ազատագրել Հայաստանը օտար տիրապետութենէն: Արքունի ընտանիքի հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցող հայ ազնուականներէն աչքի ինկող սպարապետ Սարգիս Զաքարեանի որդիները՝ Շաքարէն եւ Իվանէն, վրացական զօրքերու գլուխ անցած, կը մտնեն Հայաստան: Զաքարեանները ուղղափառ հայեր էին, որոնք յայտնի էին նաեւ «Մխարգձելի» (Երկայնաբազուկ) անուամբ: Նախկին Բագրատունիներուն թագաւորութեան գրեթէ բոլոր հիւսիսային տիրոյթները՝ Արարատ, Սիւնիք եւ Արցախ, քանի մը տարի ազատագրեցին սելճուքեան զօրքերէն: Այնտեղ վերականգնեցին տեղացի իշխաններու իրաւունքները:

Դաւիթ թագաւորի օրով ասպարէզ իջան նոր իշխանական տուներ (Օրբէլեաններ, Պռոշեաններ, Դոփեաններ, Հասան-Ջալալեաններ, Վաչուտեաններ եւ այլք): Ազատագրուած հայկական հողերը միաւորուեցան վարչական մէկ կառոյցի՝ Շաքարեան իշխանապետութեան կազմին մէջ: Հայաստանի հարաւը՝ Տուրուբերանը եւ Վասպուրականը հաստատուած Շահ Արմէններու ամիրայութիւնը ընդունեց Բագրատունիներու գերագահութիւնը, սակայն անոնց տիրութեան մէջ չմտաւ:

 
Վրաստանն իր հզորութեան գագաթնակետին՝ Թամար թագուհի օրոք

1204 թուականին Վրաստանը ճամբայ ունեցաւ դէպի Սեւ Ծովի հարաւ արելեւեան ափերը: Այս տարածաշրջանի բնակիչները հիմնականը Պոնտոսի յոյներն էին, ինչպէս նաեւ հայեր եւ լազեր: Վրացական զօրքը գրաւեց ծովափնեայ քաղաքները՝ Տրապիզոն, Լիմնիան, Սամսոնը, Սինոպը, Հիրասունտը, Կոտիորուն ու Հերակլեան: Ձեւաւորեց Տրապիզոնի կայսրութիւնը՝ Վրաստան դաստիարակուած Կոմնենոսներու տան ներկայացուցիչ Ալեքսէյի գլխաւորութեամբ:

Տրապիզոնի երկիրը կը գտնուէր Վրաստանի ազդեցութեան տակ:

1210 թուականին Զաքարէ Մխարգրձելին առաջարկեցին արշաւել դէպի Իրան[9]: Արշաւը յաջողութեան հասաւ. վրացիները գրաւեցին շարք մը քաղաքներ՝ Մարանդը, Թաւրիզը, Միանէն, Զենջանն ու Ղազուինը: Վրացական զօրքը հասաւ մինչեւ Ռոմ-Հուրա, որ կը գտնուէր Իրանի կեդրոնը եւ հարուստ աւարով վերադարձաւ հայրենիք:

12-րդ դարուն հաստատուեցան տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններ ուղղափառ Քիեւեան Ռուսիոյ հետ. Քիեւ-Պեչորեան մայրավանքի գլխաւոր եկեղեցիի խճանկարի նախշազարդման կը մասնակցէին վրացի գեղանկարիչներ, ռուսերու ու վրացիներու նախարարական տուներու միջեւ սկսան ամուսնական կապեր ստեղծուիլ: Եթէ մինչ այդ Բագրատունիները կապուած էր ալանաց ու աբխազաց արքայատոհմի, ինչպէս նաեւ Մամիկոնեաններու, Արծրունիներու, Բագրատունիներու ու Զաքարեաններու, ապա վրաց ազնուականութիւնը բարեկամական կապեր հաստատեց ռուսական ուղղափառ ընտանիքի հետ: 1185 թուականին՝ գահակալութեան երկրորդ տարուան, վրաց թագուհին ամուսնացաւ Վլատիմիր-Սուզդայի իշխան Անտրէյ Բոգոլյուբսկիի որդի՝ Յուրիի հետ:

Երկրի քաղաքական հզօրութիւնը կը հիմնուէր զարգացած գիւղատնտեսութեան, առեւտուրի ու արհեստներու վրայ: Բարձր մակարդակի հասած էր մշակոյթը՝ փիլիսոփայութիւնը, պատմագրութիւնը, գրականութիւնը, արուեստը:

Մշակոյթ

Խմբագրել

Ոսկեդարու գրականութիւն եւ կերպարուեստ

Խմբագրել
 
Շոթա Ռուսթավելին կը ներկայացն է «Ընձենավորը» բանաստեղծութիւնը Թամար թագուհիի. հեղ.՝ Միքայէլ Զիչի, 1880 թ.

Ոսկեդարու շրջանի գրականութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է վրացական գրականութեան յետագայ զարգացման գործին: Ոսկեդարուն կը սկսի ստեղծագործել Շոթա Ռուսթաւելին, որ եղած է վրացական քնարերգութեան հայրը: 12-րդ դարու Շոթա Ռուսաւելին գրած է «Ընձենաւորը» (վրաց. ვეფხისტყაოსანი) բանաստեղծութիւնը, որ վրաց ժողովուրդի գրական ժառանգութեան մարգարիտն է[10]: «Ընձենաւորը» Ռուսթաւելին նուիրած է Թամար թագուհիին ու անոր ամուսնինին՝ ալանաց արքայորդի Դաւիթ Սոսլանին: Թէեւ նկարագրուող դէպքերն ու իրադարձութիւնները տեղի տուած են Հնդկաստանի, Պարսկաստանի մօտ երկիրներուն, այնուամենայնիւ, հեղինակը ճշմարտացիօրէն կ'արտացոլէ 12-րդ դարու Վրաստանի հասարակական-քաղաքական իրադարձութիւնը: «Ընձենաւորը» աչքի կ'իյնայ բանաստեղծական խօսքի գունեղ պատկերներով ու համեմատութիւններով, բանահիւսական պատկերներով տարբերող, ասոյթներով, ռիթմով որոնք բանաստեղծութիւնը կը դարձնեն աւելի գրաւիչ ու դիւրին ընթերցուող:

12-13-րդ դարուն ստեղծուած է «Ամիրան-Դարեջանիանի» դիւցազնավէպն ու Էթերիանի չափածոյ դիւցազնավէպը: Աշխարհիկ գրականութիւնը նշանաւոր դարձած է Չախրախուձէի «Թամարիանի» եւ Շաւթելիի «Աթդիժուլմեսիանի» ներբողական երկերով: 11-րդ դարէն մեզի հասած է «Վախթանք Գորգասարի վարքը», Քարլիս Ցխովրեբա պատմագրական աշխատութիւնը: Իրաւագիտութեան մէջ ուրոյն տեղ գրաւած է Դաւիթ Շինարարի օրինագիրքը:

Ճարտարապետութեան զուգընթաց կը զարգանար նաեւ կերպարուեստը: Գծանկարով ու ինքնատպութեամբ աչքի կ'իյնային նկարիչ Տեւթորէն (11-12-րդ դարեր) եւ Միքայէլ Մաղլակելին:

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել
 
Որմնանկար Աթենի Սիոն տաճարը

Ոսկեդարի ժամանակաշրջանին վրացական ճարտարապետութիւնը վերերլք կ'ապրէր: Կը ծաղկէին ճարտարապետութեան տարբեր ճիւղեր, Վրաց թագաւորութեան տարբեր հատուածներ կը կառուցուէին ճարտարապետական հոյակերտ տաճարներ եւ գլուխգործոցներ: Վրացական ճարտարապետութեան գլուխգործոցներէն է Բագրատի տաճարը, որ կը գտնուի Քութայիտ քաղաքի տարածքին: Ներկայիս անիկա գրանցուած է Եունեսքօ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան թիրախային ցանկը:

12-րդ դարու վրացական ճարտարապետութեան հոյակերտ շինութիւն է Գելաթի Սուրբ Աստուածածնի վանքը, որ հիմնդրուած է 1106 թուականին՝ Դաւիթ Դ. Շինարար թագաւորին կողմէ: Յետագային այս տաճարը դարձած է վրաց թագաւորի դամբարանատեղը: Համալիրը կը զարդարուի մանրանկարներով ու որմնանկարներով եւ ապա կը դառնայ ուսումնական ու հոգեւոր խոշոր կեդրոն, ունի իր սեփական մատենադարանը: Այստեղ կը բացուի Գելաթի ակադեմիան՝ վրացական առաջին բարձրագոյն ուսումնական հարստութիւններէն մէկը, ուր կ'ուսանէին փիլիսոփայութիւն, աստղագիտութիւն, գրականութիւն եւ ժամանակի այլ գիտութիւններ ու արուեստներ:

Ճարտարապետական ու քանդակագործական նոր լուծումներով կը հարստանայ Դաւիթ Գարեջայի վանքային համալիրը, որ հիմնադրուած է 6-7-րդ դարերուն, նոր շունչ կը ստանան Ջուարի վանքը, Աթենի Սիոնը եւ այլ կառոյցներ: 1122 թուականին Թբիլիսիի ազատագրումը նոր էջ կը բանայ վրաց թագաւորութեան համար: Դառնալով ամբողջ Կովկասի մայրաքաղաքը՝ Քրիստոնէական Թբիլիսին կը զարդարուի նորանոր եկեղեցիներով, կ'ամրացուի քաղաքի միջնաբերդը՝ Նարիղալան: Թբիլիսին խոշոր եկեղացական կեդրոն էր: Վրացական ամրոցներէն նշանաւոր են Ածղուիրը, Բիրթվիսի, Գրեմի, Կեսելոյի բերդերը, ինչպէս նաեւ՝ Թմկաբերդը՝ Ջաւախքը:

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «საქართველოს ისტორია ბავშვებისათვის - თამარ მეფის ოქროს ხანა»։ children.dsl.ge։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 [permanent dead link]
  2. «საქართველოს ოქროს ხანა - ინგლისურად - ბიბლუსი»։ biblusi։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  3. «დავით IV აღმაშენებელი»։ www.buki.ge։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-27-ին։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  4. «ოქროს ხანის ქართული კულტურა»։ Cultural Studies։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  5. «დავით IV აღმაშენებელი (1073-1125)»։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  6. «მეფე საქართველოსი - დავით IV აღმაშენებელი»։ kvirispalitra։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  7. «წმინდა მეფე დავით აღმაშენებელი (1089-1125)»։ georoyal.ge։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  8. «წმინდა მეფე თამარი (1184-1213)»։ georoyal.ge։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  9. «† orthodoxy.ge † წმინდანთა ცხოვრება - წმიდა კეთილმსახური მეფე თამარი (+1213)»։ www.orthodoxy.ge։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  10. «"ვეფხისტყაოსანი" გურულად»։ kvirispalitra։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։   

Կաղապար:Պորտալ Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից