Վրիժառուները (շարժապատկեր, 2012)

Մարվըլի վրիժառուները[1] (Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի մէջ կը կոչուի Մարվըլի վրիժառուներու միասնութիւնը)[2][3] կամ պարզապէս՝ Վրիժառուները 2012 թուականի ամերիկեան գերհերոսներու մասին պատմող ժապաւէն է, որ հիմնուած է Մարվըլ Քոմիքսի համանուն քոմիքսի վրայ, ստեղծուած է Մարվըլ Սթուտիոյի եւ տեղայնացուած է Ուոլթ Տիզնի Սթուտիոյի Motion Pictures-ի կողմէ։ Ան Մարվըլ Սինեմադիք Իունիվըրսի (անգլերէն՝ Marvel Cinematic Universe) թիւով վեցերորդ դասաւորուած է։

Վրիժառուները
Պատկեր:The Avengers movie poster.jpg
Ֆիլմի որմազդը
Սիմըս Մքկրէյվի (Seamus McGarvey)
Բեմադրիչ Ճոշ Ուէտոն
Արտադրիչ Քէվին Ֆիճ
Գրագէտ Ճոշ Ուէտոն Զաք Բէն
Թատերագիր Ճոշ Ուէտոն
Պատմութիւն Ճոշ Ուէտոն Զաք Բէն
Երաժշտութիւն Ալան Սիլվէսդրի
Կինեմատոգրաֆիստ Սիմըս Մքկրէյվի
Արտադրող
ընկերութիւններ
Թողարկման
թուական
Ապրիլի 11, 2012
(El Capitan Theatre)
Մայիսի 4, 2012
(Միացյալ Նահանգներ)
Տեւողութիւն
143 վայրկեան
Երկիր Ամերիկայի Միացյալ Նահանգներ ԱՄՆ
Լեզու Անգլերէն
Պիւտճէ $220 միլիոն
Շահոյթ $1.52 պիլիոն

Ժապաւէնը գրուած եւ նկարահանուած է Ճոշ Վետոնի (ռուս.՝ Joss Whedon) կողմէ։ Գլխաւոր դերակատարներն են Ռոպըրթ Տաունի կրտսերը (անգլերէն՝ Robert Downey Jr.), Քրիս Իվանզը (անգլերէն՝ Chris Evans), Մարք Ռուֆալօն (անգլերէն՝ Marc Ruffalo), Քրիս Հեմսուորթը (անգլերէն՝ Chris Hemsworth), Սքարլեթ Ճոհանսոնը (անգլերէն՝ Scarlett Johansson), Ճերեմի Ռենըրը (անգլերէն՝ Jeremy Renner), Թոմ Հիտլսթոնը (անգլերէն՝ Tom Hiddleston), Քլարկ Կրեկը (անգլերէն՝ Clark Gregg) եւ Քոպի Սմալտըրզը (անգլերէն՝ Cobie Smulders

Ժապաւէնին մէջ գտնուող խաղաղապահ կազմակերպութեան՝ S.H.I.E.L.D.-ի ղեկավար Նիք Ֆիւրին միաւորած է Երկաթէ մարդը Քաբիդէն Ամերիկային (անգլերէն՝ Captain America), Հալքին (անգլերէն՝ Hulk) եւ Թորին (անգլերէն՝ Thor), որոնք պէտք է պայքարին Թորի եղբօր՝ Լոքիի (անգլերէն՝ Loki) դէմ, որ կ'ուզէ նուաճել Երկիրը։

Ժապաւէնի զարգացումները սկսան այն ժամանակ, երբ Մեռիլ Լինչ արուեստանոցը 2005 թուականի Ապրիլին փոխառութիւն տուաւ։ Երկաթէ մարդը (2008) ժապաւէնին յաջողութենէն ետք, Մարվըլը յայտարարեց, թէ «Վրիժառուները» լոյս կը տեսնեն 2011 թուականի Յուլիսին։ Երբ 2009 թուականի Մարտին դերասանական կազմէն հաստատեց Ճոհանսոնը, ժապաւէնին առաջին ներկայացումը յետաձգուեցաւ 2012-ին։ 2010 թուականի Ապրիլին, Ուետոնի հաստատուելով՝ նախկին ձեռագիրը, Ճաք Բէնի կողմէ գրուած, կրկին գրեց։ Նկարահանումները սկսան 2011 թուականի Ապրիլին Ալպուքերքի մէջ (Նիու Մեխիկօ), մինչ Քլիվլընտ, Օհայօ եւ Օգըսթ, Նիու Եորք տեղափոխուիլը (Սեպտեմբեր)։ Ժապաւէնը վերարտադրուած է 3D ֆորմատով։

«Վրիժառուները» առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուի 2012 թուականի Ապրիլին՝ Հոլիուտի Էլ Քաբիդէն թատերավայրին մէջ (անգլերէն՝ El Capitan Theatre) եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ պաշտօնական ներկայացումը եղած է 4 Մայիս 2012 թուականին։ Ժապաւէնը արժանացած է բազմաթիւ քննադատական մրցանակներու եւ անուանակարգերու, ներառեալ Օսքարը եւ BAFTA-ն՝ լաւագոյն տեսողութեան ազդեցութեան համար եւ սահմանած է շահութային մրցանիշ՝ Հիւսիսային Ամերիկա գրանցելով առաջին հանգստեան օրերու լաւագոյն արդիւնքը։ Ան ունեցած է 1.5 միլիար տոլար շահոյթ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ դարձած է շարժանկարչութեան պատմութեան ամէնաշատ շահոյթ ստացածին երրորդը եւ Մարվըլի առաջին 1 միլիար տոլար ստացած ժապաւէնը։ Ժապաւէնը Blu-ray եւ DVD սկաւառակներու վրայ ստեղծուած է 25 Սեպտեմբեր 2012 թուականին։ Ժապաւէնի շարունակութիւնը, որու անունն է Վրիժառուները․ Ալթրոնի ժամանակաշրջանը, որ ներկայացուած է 1 Մայիս 2015 թուականին, երբ երկու սպասուած շարունակութիւններ՝ Վրիժառուները․ Անսահման պատերազմը - Մաս 1 եւ Վրիժառուները․ Անսահման պատերազմը - Մաս 2 ժապաւէներու առաջին ներկայացումները տեղի պիտի ունենային 4 Մայիս 2018 թուականին եւ 3 Մայիս 2019 թուականին յաջորդաբար։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ասկարտական աստուած Լոքին պայման կը կապէ այլմոլորակային ցեղին՝ չիդաուրիներու տիրակալին հետ, որ խորանարդի տեսքով անսպառ ուժի աղբիւր Թեսըրաքթի փոխարէն չիդաուրիները Լոքիին զօրք կը տրամադրեն, որպէսզի գրաւէ Երկիրը։ Նիք Ֆիւրին՝ S.H.I.E.L.D. գործակալութեան տնօրէնը կու գայ գիտական աշխատանոց, ուր բնագէտ Էրիք Սելվիկը կը զբաղի Թեսըրաքթի հետազօտութիւններով։ Սելվիկն ու գործակալ Մարիա Հիլը Ֆիւրիին կը յայտնեն, թէ առարկան տարօրինակ ուժ մը կ'արձակէ։ Այսպիսով, Լոքիի համար դռնակ մը կը բացուի դէպի Երկիր։ Ան կ'առնէ Թեսըրաքթը եւ իր գաւազանի միջոցաւ իրեն կ'ենթարկէ S.H.I.E.L.D.-ի որոշ գործակալներուն, որոնց շարքին մէջն է Քլինթ Բարթոնը, որ ճանչցուած է իբրեւ «Բազէի աչք» (անգլերէն՝ Hawkeye)։ Անոնց շնորհիւ Լոքին կը փախի, իսկ դռնակը ինքզինք կը քանդէ՝ աւերելով աշխատանոցը։

Ֆիւրին կ'որոշէ վերսկսիլ նախկին չիրագործուած «Վրիժառուներու նախաձեռնութիւնը» ծրագիրը։ S.H.I.E.L.D.-ի գործակալ Նադաշա Ռոմանոֆը, որ յայտնի է «Սեւ այրի» անունով, կ'երթայ Հնդկաստան, ուր կը գտնէ «կամմա-ճառագայթներու» բժիշկ Պրուս Պէնըրը։ Ան հասկցաւ, որ S.H.I.E.L.D.֊ը իրեն Հալքին կը վերածէ իրենց նպատակներուն համար եւ կ'ուզէ զինքը օգտագործել, եւ ան կը համաձայնի այդ առաջարկին։ Գործակալ Ֆիլ Քոլսոնը կ'այցելէ Երկաթէ մարդուն՝ Թոնի Սթարքին եւ իր օգնական Բեբըր Պոթսին, համոզելու Սթարքին որ Սելվիկին հետազօտութիւնները աւարտին հասցնէ։ Սեմ Ֆիւրին կ'երթայ Սթիվ Ռոճըրզի մօտ, որ առաջին ամերիկացի սուփըրհերոսը եղած է՝ Քաբիդէն Ամերիկան, որ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակէն, 70 տարիէ սառի կտորի մէջ էր։ Հերոսները կու գան Հելիքարրիեր՝ S.H.I.E.L.D.-ի թռչող նախակէտ։

Լոքիին կը բռնեն Սթութկարթի մէջ։ Մինչ Բազէի աչքը անոր համար կ'առեւանգէ իրիտիումը, որ անհրաժեշտ է Թէսըրաքթի կայունացման համար, Լոքին ստիպողաբար կը փորձէ բնակիչներուն իրեն ենթարկել, սակայն Երկաթէ մարդը եւ Քաբիդէն Ամերիկան կը յաջողին զինքը բռնել իբրեւ գերի։ Փոխադրութեան ժամանակ անոր վրայ կը յարձակի ամպրոպի աստուած Թորը, որ Լոքիի խորթ եղբայրն է։ Ան կը փորձէ եղբօրը համոզել որ Թէսըրաքթը վերադարձնէ, եւ Քաբիդէն Ամերիկայի եւ Երկաթէ մարդուն հետ զրոյց ունենալէն ետք, Թորը կը համաձայնի Լոքիին տեղափոխել օդանաւի վրայ եւ տեղաւորել այն խցիկին մէջ, որ նախատեսուած էր Հալքի համար՝ մինչեւ խորանարդը գտնուի։ Աշխատելով Պանըրի հետ, Սթարքը կը կոտրէ գործակալութեան համակարգիչները եւ կը բացայայտէ խորանարդի օգտագործման հետազօտութիւնները, որոնք պէտք է դառնան զէնք՝ հաւանական յարձակումի դէպքի ատեն։ Սթարքը եւ Ռոճըրզը կը մեղադրեն Ֆիւրիին ստախօսութեան մէջ եւ հերոսները կը սկսին վիճիլ։ Սեւ այրին, որ իբրեւ թէ կը փորձէ Լոքիէն Բարթոնի ազատութիւնը ստանալ, կ'իմանայ, որ ան ինքնակամ յանձնուած է բանակին եւ իր իսկական ծրագիրն է Հալքը ազատել։ Այդ ժամանակ Լոքիի զինուորները, Բազէի աչքի գլխաւորութեամբ, կը յարձակին օդանաւին վրայ, որ կը գտնէ գաւազանի օգնութեամբ։ Բազէի աչքը կը վնասէ շարժիչներէն մէկը, որ Քաբիդէն Ամերիկան եւ Երկաթէ մարդը դժուարութեամբ կը շինեն։ Հալքը կ'արթննայ, Թորը կը փորձէ պահել զինքը, եւ Հալքը օդանաւէն կ'իյնայ։ Բազէի աչքի հետ կռուելով՝ Սեւ այրին կը յաջողի գլխուն հարուած հասցնել, եւ հանել Լոքիի մտքի կառավարումը։

Լոքիին կը յաջողի դուրս գալ խցիկէն, հոն փակելով Թորը։ Ան մահացու վիրաւորած է իր վրայ յարձակուող գործակալ Քոլսոնին, վար կը նետէ Թորին նաւէն եւ կը փախչի։ Իր կախարդական մուրճի՝ Մէօլնիրի շնորհիւ Թորը կ'ազատի թակարդէն։ Ֆիւրին կ'օգտագործէ Քոլսոնի մահը, հերոսները քաջալերելու, որ իբր խումբ աշխատին։ Սթարքը եւ Ռոճըրզը կը հասկնան, որ Լոքիին համար, միայն hերոսներուն պարտութիւնը բաւարար չէ, այլ նաեւ կ'ուզէ հերոսներուն պարտութիւնը բոլոր աշխարհին ցուցադրել, եւ ապացուցանել իր իշխանութիւնը։

Վրիժառուներն կ'ուղղուին Նիու Եորք, սակայն չեն հասնիր խանգարել դռնակի բացումը, եւ կռիւը կը սկսի։ Քաբիդէն Ամերիկան իր վրայ առնելով զօրքի ղեկավարի պարտականութիւնը, կը հրամայէ, որ քաղաքացիները դատարկուին, եւ միւս հերոսներուն հետ կը շարունակուի մարտը։ Պանըրը քիչ մը ուշ կը յայտնուի, եւ արդէն վերածուած Հալքի՝ կ'օգնէ այլմոլորակայիններու նաւերը ոչնչացնել, այնուհետեւ կը հասնի մինչեւ Լոքի եւ հեշտօրէն կը յաղթէ իրեն։ Սթարքը, Սեւ այրիին եւ Սելվիկի հսկողութեան տակ կը յաջողի առնել դռնակը՝ Լոքիի գաւազանի միջոցաւ։ Այդ ժամանակ Ղեկավարութեան կոմիտէն՝ Ֆիւրիի տնօրէնութիւնը կը պատրաստուի ոչնչացնել Մանհաթընը (Manhattan) ատոմային ռումբերով, սակայն Ֆիւրին չի համաձայնիր։ Հակառակ անոր, կոմիտէն կը յաջողի աւերելու հրամանը տալ։ Ֆիւրին կը քանդէ ռումբերէն մէկը, սակայն միւսէն կը յաջողի փախիլ։ Գործադրումէն ոչ շատ ժամանակ առաջ Ֆիւրին վտանգի մասին կը յայտնէ Երկաթէ մարդուն, որ կ'որոշէ փոխել ռումբի ուղղութիւնը՝ տեղափոխելով դէպի դռնակը։ Ան կը յաջողի, եւ ռումբը կ'ոչնչացնէ թշնամու նաւը, որմէ ետք կ'անջատուին Երկիրը գրաւած այլմոլորակայինները։ Սակայն գտնուելով դռնակի միւս կողմը, Սթարքը դուրս կը նետուի իր հագուստէն։ Ան կը կորսնցնէ գիտակցութիւնը, եւ կ'իյնայ Երկիր, եւ Սեւ այրին դռնակը կը փակէ։ Թորը կը պատրաստուի բռնել ինկող Սթարքը, սակայն Հալքը աւելի շուտ կը հասնի։ Հերոսները կը փրկեն Երկիրը եւ կը ստանան համաշխարհային ճանաչում։ Թոր իր հետ կը տանի Լոքիին եւ Թեսըրաքթը՝ դէպի Ասկարտ կը ղրկուի, իսկ Ֆիւրին կը հաստատէ, թէ Վրիժառուները կը վերադառնան եթէ մարդկութիւնը դարձեալ վտանգի մէջ գտնուի։

Ժապաւէնի աւարտէն յետոյ, չիդաուրիներու առաջնորդը իրենց աշխարհի մէծէն ներողութւն կը խնդրէ, ձախող յարձակումին համար։ Քիչ մը ետք, կը տեսնենք Վրիժառուները «Շաուարմա»-ի ճաշարանի մէջ նստած, լուռ կ'ուտեն։

Դերասանական Կազմ

Խմբագրել

•'''Ռոպըրթ Տաունի կրտսեր''' (անգլերէն՝ Robert Downey Jr.) ՝ Թոնի Սթարք / Երկաթէ մարդը (անգլերէն՝ Tony Stark/ Ironman)

2008 թուականի Հոկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան Marvel֊ի հետ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարուեցաւ թէ Ռոպըրթ Տաունի կրտսերի հետ կնքած պայմանագրի մասին, ըստ որուն ան պէտք է նկարահանուի արուեստանոցի վերջին չորս ժապաւէններուն համար, որոնց կողքին էր արդէն դուրս եկած «Երկաթէ մարդը», ինչպէս նաեւ սպասուող «Երկաթէ մարդը 2»֊ը եւ «Վրիժառուները»[4]։ Ասուլիսի ընթացքին ըսուեցաւ, որ «Երկաթէ մարդը 2»֊ի եւ «Վրիժառուներ»֊ ու սենարիոները կ'ունենան ուղղակի կապ իրար հետ։ Այդ ժամանակ Տաունին ինքը ոչ մէկ սենարիոյի հետ ծանօթ էր։[5][6][6]

'''Քրիս Իվանզ''' (անգլերէն՝ Chris EvansՍթիվ Ռոճըրզ / Քաբիդէն Ամերիկա (անգլերէն՝ Steve Rogers/ Captain America)

2010 թուականի Մարտին յայտնի դարձաւ, որ բազմաթիւ խօսակցութիւններէ ետք, Քաբիդէն Ամերիկայի դերով հաստատուեցաւ Քրիս Իվանզը։ Իր պայմանագիրը կ'ընդգրկէր նկարահանումներ երեքէն ոչ աւելի նուազ ժապաւէններու մէջ (ինչպէս նաեւ մի քանի կամեոներ), այդ թուին նաեւ «Առաջին վրիժառուն», որ այդ ժամանակ կը գտնուէր նախաարտադրական շրջանին եւ «Վրիժառուները»։[7]
Իվանզի խօսքերով, այս ժապաւէնին մէջ Ռոճըրզը աւելի մռայլ է, որ կը բացատրուի հետեւեալով, որ հերոսին կը փորձեն յարմարցնել ժամանակակից աշխարհին։[8][9]

'''Մարք Ռուֆալօ''' (անգլերէն՝ Marc RuffaloՊրուս Պէնըր / Հալք (անգլերէն՝ Bruce Banner/ The Hulk)

Ռուֆալօ ընտրուեցաւ այս դերին համար այն ժամանակ, երբ հերոսին նախկին դերակատար Էտուարտ Նորթոնը հրաժարեցաւ նկարահանուիլ արուեստանոցին մէջ՝ տարաձայնութիւններու պատճառաւ։[10]։ Երբ կարգը հասաւ Նորթոնին փոխարինելու, Ռուֆալօն ըսաւ․ Ես ու Էտը ընկերներ ենք, եւ այո, այդ մէկը լաւագոյն որոշումն է, ձգել նկարահանումները։ «Ես կը տեսնեմ, որ Էտուարտը որոշած է դերը ձգել ինծի։ Ես անոր կը համարեմ որպէս ժամանակակից «Համլեդ»։ Իր հերոսի բնաւորութիւնը ան կը տեսնէ այսպէս․֊ Ան տղայ է, որ կը մարտնչի իր երկու կիներուն հետ՝ լուսաւոր եւ մութ։ Այդ մարդը իրօք կարող է նայիլ իր չար մարմնաւորումին Հալքին։ ես կը կարծեմ, որ իմ դերս ունի այդ յատկանիշը»։[11] • Ֆիլմի օրիժինալ տարբերակին Հալքին հնչիւնաւոր է Լու Ֆերինյոն։[12][13].

•'''Քրիս Հեմսուորթ''' (անգլերէն՝ Chris HemsworthԹոր (անգլերէն՝ Thor) ազկարտական աստուած, որ ստեղծուած է սքանտինաւեան առասպելներու համանուն հերոսի հիման վրայ։

Հեմսուորթը, որ արդէն խաղցեր էր Թորի դերը, ստորագրեց պայմանագիր քանի մը ժապաւէններու համար։[14] Նախկինին մէջ դերասանը աշխատած էր Ճոս Ուիդոնի հետ «Խրճիթ անտառում» ժապաւէնին մէջ։ Մինչ «Թոր»ի նկարահանումներու համար Հեմսուորթը ստիպուած եղաւ մկանային մարզանքներ ընել, որպէսզի համապատասխանէ իր հերոսին։ Դերասանը անկեղծ է, որ մեծ ջանքեր կը թափէ կազմուածքը պահպանելու համար, որուն համար ան ամէն օր կ'ուտէր մի քանի հաւու կուրծք, միս, ձուկ, եւ հաւկիթ։[15][16].

Ճէրէմի Ռէնըր անգլերէն՝ (Jeremy RennerՔլինթ Պարթոն / Բազէի աչք (անգլերէն՝ Clint Barton/ Hawkeye) S.H.I.E.L.D.֊ի գործակալ, բարձր որակի աղեղնաւոր։[17][18]

Նախնական մարզանքներէն զատ, Ռէնըրը ժապաւէնին համար ստիպուած եղաւ սորվիլ աղեղի հմտութիւններուն տիրապետել։[19] Դերասանին նախապատրաստել են Ողիմպիական խաղերու մասնակիցները։[20] Իր դերի մասին Ռէնըր ըսած է․ « Երբ կը նայէի «Երկաթէ մարդը»ուն, ես կը մտածէի, որ ան ամէենալաւ մօտեցումն է սուփըրհերոսներու նկատմամբ։ Այնուհետեւ անոնք ինձ պատմեցին իրենց Բազէի աչք կերպարի մասին եւ ինծի դուռ մը բացուեցաւ, որովհետեւ ան իրականութեան մէջ գերբնական կարողութիւններ չունի, այլ ուղղակի զինուոր է։ Ես կարող էի միանալ անոր»։[21]

•'''Սքարլէթ Ճոհանսոն''' (անգլերէն՝ Scarlett JohansonՆաթաշա Ռոմանոֆ / Սեւ այրի (անգլերէն՝ Natasha Romanoff/ Black Widow)՝ S.H.I.E.L.D.֊ի փորձառու գործակալ, որ ծագումով ռուս է։

Նաթաշա Ռոմանոֆը, նախկին յանցագործ է, իսկ հիմա Ֆիւրիի ամենահմուտ լրտեսներէն եւ մարդասպաններէն մէկն է։[22] Իր կերպարի եւ Քլինթ Պարթոնի հետ յարաբերութիւններու մասին Սքարլէթ Ճոհանսոն կը յայտնէ հետեւեալը․֊ «Մեր կերպարներն ունին հին պատմութիւն։ Երկար տարիներու ընթացքին, անոնք միասին մարտնչած են բազմաթիւ կռիւներու մէջ եւ անոնք բարձր կարգի զինուորներ են։ Մենք չունինք գերբնական կարողութիւններ։ Թեէւ Սեւ այրին անխօս կը համարուի խումբի անդամ։ Չնայած անոր դերասանական կազմին միայն ռոմանթիք երանգ տալու կամ աչք շոյելու համար չէ։ Այնտեղ ան կը մարտնչի, եւ քովս այնպիսի տպաւորութիւն մը չէ եղած, որ ես միակ աղջիկն էի։ Մենք բոլորս կը տիրապետենք որոշ բաներու, եւ ասոր համար ան ինքզինք բոլորին հաւասար կը զգար»։ Դերասանուհիի խօսքերով ան չունէր նման փորձ (բացի «Երկաթէ մարդը 2» ժապաւէնին մէջ)։ ժապաւէնի նկարահանումները պահանջած են ֆիզիքական պատրաստուածութիւն եւ պարապմունքեր, որոնց մասնակցեր են ժապաւէնի բոլոր դերասանները։[23]

•Թոմ Հիտլսթոն - Լոքի (անգլերէն՝ Tom Hiddleston - Loki)՝ Թորի խորթ եղբայրը եւ թշնամին, որ հիմնուած է սքանտինաւեան առասպելներուն համանուն հերոսի վրայ[14]։

«Թոր» եւ «Վրիժառուները» ժապաւէնին մէջ իր կերպարի տարբերութեան մասին Հիտլսթոնն ըսած է․ «Կը կարծեմ, թէ այն Լոքին, որ կը տեսնենք «Վրիժառուները»ուն մէջ աւելի յառաջացած է։ Պէտք է հարցնէք դուք ձեզի, ինչքան հաճելի է օտար աշխարհի մը մէջ անյետանալ, որ ստեղծուած է սուփըր֊ատոմային ռումբի ձեւով, որ կառուցուած է իր ձեռքերով։ Ուրեմն ես կը կարծեմ, որ այն ժամանակ, երբ Լոքին կը յայտնուի «Վրիժառուները»ուն մէջ, ան բաներ մը տեսած է։»[24][25]

•'''Սամուէլ Ճաքսոն''' ֊ Նիք Ֆիւրի (անգլերէն՝ Samuel Jackson - Nick Fury)՝ «S.H.I.E.L.D.» գործակալութեան տնօրէնը, որ նախորդ ժապաւէններուն մէջ կը ղեկավարէր «Վրիժառուներու նախաձեռնութիւնը», որ կը զբաղի հերոսներու նախապատրաստութեամբ։

Ճեքսոն պայմանագիր կը կնքէր Marvel-ի հետ՝ 9 ժապաւէններու մէջ նկարահանուելով Նիք Ֆիւրիի դերը, իսկ «Վրիժառուները» եղան անոր հինգերորդ ժապաւէնը։[26][27]

Քլարկ Կրեկ՝ Ֆիլ Քուլսոն (անգլերէն՝ Clark GreggPhil Coulson)

Քոպի Սմալտըրզ՝ ֊ Մարիա Հիլ (անգլերէն՝ Cobie SmuldersMaria Hill)

Սթելան Սքարզկարտ՝ Բժ․ Էրիք Սելվիկ (անգլերէն՝ Stellan Skarsgard – Dr. Erik Selvig)

Կուինէթ Փելթրոու՝ Փեբբըր Փոթս (անգլերէն՝ Gwyneth PaltrowPepper Potts)

Մաքսիմիլանօ Հերնանտէզ՝ Ճասփըր Սիթուէլ (անգլերէն՝ Maximilano HernandezJasper Sitwell)

Արտադրութիւն

Խմբագրել

Ստեղծում

Խմբագրել

Ժապաւէնի ստեղծման մասին առաջին անգամ կը յայտնէ Marvel Studios-ի գլխաւոր տնօրէն Ավի Արիդը 2005 թուականի Ապրիլին, երբ Մարվըլը Merrill Lynch դրամատունէն ստացաւ 525 միլիոն տոլար վարկ։ Եւ այդ գումարով ընկերութիւնը կրցաւ նկարահանել մօտ տասը ժապաւէններ, որու տեղ պէտք է զբաղէր Paramount Pictures-ը։[28] Մարվըլը իր ծրագիրներու մասին յայտնեց փոքր համաժողովի մը ժամանակ։[29] Ժապաւէնի ընդհանուր յատակագիծին գրման համար արուեստանոցը կը վարձէ շարժանկարի ուրուագծագիր Ճաք Փէնին, որ 2008 թուականին գրած է Անհաւատալի Հալքը (անգլերէն՝ The Incredible Hulk) ժապաւէնի յատակագիծը։[30] Փէնը կը համաձայնի, սակայն կը կասկածի, որ ծրագիրը շուտով կ'իրականանայ։[31] [[2007|2007-2008]] թուականներուն ԱՄՆ-ի շարժապատկերի ուրուագծագիրներու արուեստը կը ստեղծուի։ 2008 թուականին Marvel Entertainment-ը արուեստակցութեան հետ եկաւ համաձայնութեան, որովհետեւ անոնք պէտք է վերադառնային արուեստանոցի աշխատանքներուն, որ իրենց կ'առաջարկէր քոմիքսներու կերպարներ Քաբիդէն Ամերիկային, Մրջիւն-մարդուն եւ «Վրիժառուները»ուն։[32]«Երկաթէ մարդը» (2008) ֆիլմի յաջող ներկայացումէն յետոյ արուեստանոցը որոշեց 2011-ին թողարկել «Վրիժառուները»։[33] 2008 թուականի Սեպտեմբերին պայմանագիր կնքուեցաւ Paramount-ի հետ, որ համաձայնեցաւ հինգ շարժապատկերներու տարածումը կատարել Marvel Studios-ի անուան տակ։[34]

Ժողովներ սկսան 2008 թուականի Հոկտեմբերին, երբ Ռոպըրթ Տաունի կրտսերը եւ Տոն Չիտլը պայմանագիր կնքեցին «Երկաթէ մարդը» շարժապատկերի նկարահանումները շարունակելու համար։ Տաունին կրկնեց Սթարքի դերը, իսկ Չիտլը՝ գնդապետ Ճէյմզ Ռոուտզին։ Չնայած նախկին յայտարարութիւններուն եւ բազմաթիւ բամբասանքներուն, MTV News-ի հարցազրոյցի ժամանակ Չիտլը չհաստատեց թէ հաւանականաբար շարժապատկերին մէջ յայտնուելու մասին։[35] Ուստի, այդ ժամանակ Երկաթէ մարդու երկու ժապաւէններու տնօրէն Ճոն Ֆավրոն դարձաւ ժապաւէնին արտադրողը,[36] իսկ Marvel Studios֊ը երկարատեւ պայմանագիր կնքեց Քալիֆորնիական արուեստանոց Raleigh Studios֊ի հետ[37], ըստ որու նկարահանուեցան բարձր ելեւմտացոյցով երեք շարժապատկերներ՝ «Երկաթէ մարդը 2»֊ը, «Թոր»ը, «Առաջին վրիժառու»֊ն։

2009 թուականի Յուլիսին Ճաք Փէնը պատմեց ժապաւէնի յատակագիծի աշխատանքներու մասին։ «Իմ աշխատանքս կը կեդրոնանայ այդտեղ, որպէսզի համեմատութիւն կատարեն տարբեր ժապաւէններու հետ եւ համոզեն մարդոց, որ մենք ընդօրինակած ենք քոմիքսներու հիմնական մասը, որու հետ կապուած է ամէն ինչ։ Կայ բաժանմունք, որ կ'ուսումնասիրէ այսպիսի բաներ՝ ահա, այստեղն է, ուր կը կատարուի ժապաւէնին մէջ․․․ Ես կը ստիպուիմ անոնց նկարել, որքան որ կարելի է, կարճ շարժապատկերներ, որպէսզի կենդանութիւն տրուի ապագայ ժապաւէնին, որու նպատակն է հանդիսութիւն ստեղծել միասնական տեսողական մտքեր, որուն հետ մենք միշտ կը քաշուինք»։[38] Յաջորդ ամիս Քեվին Ֆայգը յայտնեց, թէ «Վրիժառուները»ուն մէջ կը յայտնուին շատ կերպարներ, այդ թուին մէջ նաեւ Հալքը։[39]

Նկարահանում

Խմբագրել
 
Ֆիլմի ռեժիսոր Ճոս Ուէտոնը San Diego Comic-Con International-ին, 2010-ին.: в 2010

2010 թուականի Յուլիսին Ճոս Ուէտոնը (անգլերէն՝ Joss Whedon), որ քոմիքսներու hիացող է, յայտարարուեցաւ որպէս «Վրիժառուներու» տնօրէնը,[40] որ մեկնաբանեցին Ավի Արադը եւ քոմիքսի հեղինակ Սթան Լին (անգլերէն՝ Stan Lee[41] «Ես կը կարծեմ, որ Ճոսը շատ յաջող գործ մը պիտի վարէ, կերպարները շատ կը սիրէ եւ ան հրաշալի գրող է: Այս իր կեանքի մէկ մասն է, եւ ան կը պաշտպանէ իրեն: Ես կը կարծեմ, որ իր նման որեւէ մէկը պէտք է լաւացնէ ծրագիրը»։[42] 2010 թուականի Յուլիսին San Diego Comic-Con International-ին Ուէտոնը պատմեց, որ ժապաւէնին մէջ իրեն գրաւած է այն փաստը, թէ «այդ մարդիկը պէտք չէ նոյն սենեակին մէջ մնան, մանաւանդ նոյն խումբին մէջ, եւ այս է ընտանիքին իմաստը»։[43] Լսումներու մեծ մասը շարունակուեցան 2010 թուականին։ Դերասանական կազմին միացան Ճերեմի Ռէնըրը[17] եւ Գրեկ Քլարքը։[44]Ռուֆալօն փոխարինեց Էտուարտ Նորթոնին, որ հրաժարեցաւ դերէն՝ արուեստանոցի հետ տարաձայնութիւններ ունենալու պատճառաւ։[45] Լսումները վերջացան յաջորդ տարին։ 2011 թուականի Փետրուարին Քոպի Սմալտըրզը ստացաւ Մարիա Հիլի դերը,[46] որուն Սամուէլ Ճաքսոնը անուանեց Նիք Ֆիւրիի համագործակիցը։[47]

Նկարահանումներ

Խմբագրել

Հիմնական նկարահանումները սկսան 25 Ապրիլ 2011 թուականին, Նիու Մեխիկոյի Ալպուքերք քաղաքին մէջ։[48] Յունիսին նկարահանումներու հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ դժբախտ պատահար, քասգատիոր Ճիմի Ֆիցճերալտը վնասեց գլուխը՝ իյնալով 9 մեթրէ։ Աւելի ուշ Մարվըլի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ խոցը նկատի չառնելով՝ Ֆիցճերալտը շարունակեց աշխատանքը հրապարակին մէջ։[49] Յուլիս ամսուն նկարահանումները կը տեւեն քանի մը ժամ՝ Փենսիլվանիա նահանգի Փիթսպուրկ քաղաքի Բաթլեր բլիզ շրջանին մէջ։[51]

Վազքի մասերը նկարահանուած են Փենսիլվանիոյ մէջ գտնուող սունկի՝ աշխարհի ամենամեծ ագարակին մէջ՝ Քրիքսայտ Մաշրում Ագարակին մէջ (անգլերէն՝ Creekside Mushroom Farms), ուր կը գտնուին 150 մղոն երկարութեամբ լքուած փապուղի։[50] 2011 թուականին նկարահանումները տեղափոխուեցան Քլիվլենտ, ուր շարունակուեցան մօտ չորս շաբաթ։ Մանհաթընի 42-րդ փողոցին մէջ տեղի ունեցան վերջնական կռիւի նկարահանումները։[51] Այս հատուածին մէջ նկարահանումներուն մասնակցեցան ԱՄՆ-ի ցամաքային զօրքերու ջոկատները։ Աւագ քսանապետ Մայքլ Լենտսի խօսքերով, ժապաւէնին իսկական զինուորներու օգտագործումը, աւելի իսկական կը դարձնէ եւ անոնց հետ աւելի հեշտ է աշխատիլ, քանի որ կը տիրապետեն բոլոր անհրաժեշտ ունակութիւններուն, ի տարբերութիւն դերասաններուն, որոնք ստիպուած երկար ժամանակ սորվելու կը մնային։[52] Կաղապար:Gallery

Նկարահանումներու վերջին երկու օրերը տեղի ունեցան Նիու Եորքի Փարք֊պողոտայի եւ Կենդրոնական զբօսայգիին մէջ։[53][54][55] Երեք օրուայ ընթացքին տեսողական ազդեցութեան պատասխանատու Ճէյք Մորիսոնը Նիու Եորք նկարահումները կատարեցաւ օդին մէջ, որ անհրաժեշտ է խումբին ուղղման համար, որոնք նկարահանուած են Քլիվլընտի մէջ, իսկ ըստ նիւթին՝ Նիու Եորքի մէջ։[56]

Շահոյթ

Խմբագրել

Նախնական տուեալներով հանդիսատեսի մօտ հետաքրքրութիւն առաջացնելով եւ օնլայն֊տոմսերի պատուիրումներու քանակով, Box Office Mojo-ն նախատեսեց, որ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, ցուցադրման առաջին հանգստեան օրերուն ան կարող է հաւաքել մօտ 125 միլիոն տոլար,[57][58] իսկ յետոյ աւելցուեցաւ մինչեւ 150 միլիոն։[59] «Վրիժառուները» անցան «Մռայլ ասպետին» (2008 թուական, $ 158, 4 մլն) եւ Քաղցած խաղերուն (2012 թուական, $ 152, 5 մլն), որոնք մրցանիշ սահմանեցին երկրորդ եւ երրորդ հանգստեան օրերուն հաւաքելով այդքան գումար՝ ետ մնալով միայն Հարի Փոթերը եւ Մահուան Պարգեւները՝ մաս 2֊ին ($ 168, 2 միլիոն)[59][60]:

«Վրիժառուները» ԱՄՆ-ի մէջ հաւաքեցին 623.357.910 եւ 896.200.000 տոլար այլ երկրներու մէջ, որ ընդհանուր հաշուով կազմեց 1.519.557.910[61] տոլար։ Ժապաւէնը կատարեց պատմութեան մեջ ամենամեծ շահոյթ ստացած ժապաւէններու երրորդ հորիզոնականը, ինչպէս նաեւ 2012-ի ամենամեծ շահոյթով ժապաւէնը։ «Վրիժառուները» դարձաւ Ուոլթ Տիզնի ընկերութեան ամենաշատ վաճառականութեան յաջողութիւններու հասած ժապաւէնը, որ հիմնուած է կատակերգականներու վրայ եւ պատմելով սուփըհերոսներու մասին։[62] Առաջին հանգստեան օրերուն ժապաւէնը կը գրանցէ 392,5 միլիոն տոլար ամբողջ աշխարհին մէջ, որ Տիզնիի հինգերորդ ժապաւէնն է, եւ որ անցած է 1 պիլիոն տոլարը։[63][64][65]

Քննադատական Կարծիքներ

Խմբագրել

Շարժապատկերը քննադատներու կողմէ ընդհանուր կերպով ստացաւ դրական կարծիքներ։ Rotten Tomatoes կայքին մէջ ժապաւէնի վարկանիշը կը կազմէ 92 % («certified fresh»)՝ միջին գնահատականը կազմելով 8,1 միաւոր եւ հիմնուելով 248 կարծիքի վրայ։ Շատերու կարծիքով ժապաւէնը արդարացուցած է իր բոլոր սպասելիքները եւ բաձրացաւ Marvel-ի հետագայ ժապաւէններու վարկանիշը։[66] Իսկ CinemaScore կայքի տուեալներով, հեռուստադիտողները ժապաւէնին տուած են լաւագոյն գնահատականը՝ A+։[67] Metacritic կայքին մէջ ժապաւէնը 100֊ի վրայ ստացած է 69 միաւոր՝ հիմնուելով 63 կարծիքի վրայ (ընդհանուր կերպով դրական)։[68]

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Lovece, Frank (May 8, 2012)։http://www.webcitation.org/67VwAanBS։[permanent dead link] FilmFestivalTraveler.com։ Արխիվացված http://filmfestivaltraveler.com/film-arts/25-interviews/1980-director-joss-whedon-hails-qthe-avengersqMay 8, 2012-ին։
  2. «Marvel Avengers Assemble»։ British Board of Film Classification։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ April 19, 2012-ին։ արտագրուած է՝ April 20, 2012 
  3. Breznican Anthony (September 30, 2011)։ , 20532978, 00.html «[[:Կաղապար:-']]The Avengers': Your First Look at the Dream Team!»։ Entertainment Weekly (1175): 37։ , 20532978_2, 00.html արխիւացուած բնօրինակէն May 2, 2012-ին։ «At risk is not only the movie's estimated $220 million budget, but also one of the most promising tent pole franchises in Hollywood.» 
  4. Официальный пресс-релиз Marvel Comics (2008-10-28)։ «Downey Jr., Favreau & Cheadle Suit Up for The Avengers» (անգլերեն)։ SuperheroHype.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-01-24-ին։ արտագրուած է՝ 2012-03-19 
  5. Josh Horowitz (2008-11-25)։ «Robert Downey Jr. Is The Actor We're Most Thankful For In 2008» (անգլերեն)։ MTV։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-05-ին։ արտագրուած է՝ 2012-03-19 
  6. 6,0 6,1 Anthony Breznican (2011-09-29)։ «'The Avengers' Dis-Assembled! Exclusive Cast Portraits Revealed» (անգլերեն)։ Entertainment Weekly։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-22-ին։ արտագրուած է՝ 2012-03-19 
  7. Marc Graser (2010-03-22)։ «Chris Evans to play 'Captain America'» (անգլերեն)։ Variety։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-06-19-ին։ արտագրուած է՝ 2012-03-20 
  8. Breznican Anthony (2009-07-29)։ ««'The Avengers' Dis-Assembled! Exclusive Cast Portraits Revealed»»։ Entertainment Weekly (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-04-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  9. Marshall Rick (2011-07-05)։ ««EXCLUSIVE: 'Captain America' Star Talks 'Avengers, ' Looks Forward To 'Friction' With Iron Man»»։ MTV News (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-27-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  10. Finke Nikki (23 июля 2010)։ «Toldja! Marvel & Ruffalo Ink Hulk Deal» (անգլերեն)։ Deadline։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-29-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  11. Jimmy Kimmel Live! (26 апреля 2011)։ «Mark Ruffalo on Jimmy Kimmel Live PART 2» (անգլերեն)։ YouTube։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-05-12-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  12. ««Nuke The Fridge Interviews Lou Ferrigno»»։ YouTube։ 2009-05-16։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  13. Messer Ron (2009-05-16)։ «"NY Comic Con: Lou Ferrigno Interview – Opens Up about The Avengers, Mark Ruffalo as the Hulk, and Chuck"»։ Collider (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-12-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  14. 14,0 14,1 Bellington Alex (7 июня 2009)։ «Profile on Marvel Studios with Big Updates from Kevin Feige» (անգլերեն)։ First Showing։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-11-25-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  15. Brian Warmoth (26 июля 2010)։ «Comic-Con: Chris Hemsworth Shares Joss Whedon's Fascination With Avengers Drama» (անգլերեն)։ MTV News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-26-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  16. Breznican Anthony (29 сентября 2011)։ «'The Avengers' Dis-Assembled! Exclusive Cast Portraits Revealed»։ Entertainment Weekly (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-04-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  17. 17,0 17,1 Kit, Borys and Kit, Zorianna (4 июня 2010)։ «Jeremy Jeremy Renner near deal to join Marvel's 'Avengers'» (անգլերեն)։ Reuters։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-23-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  18. Corinne Heller (23 июля 2010)։ «Joss Whedon talks 'The Avengers': Jeremy Renner also confirmed as 'Hawkeye' (Exclusive)» (անգլերեն)։ OnTheRedCarpet։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-10-26-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  19. Farley Christopher John (17 сентября 2010)։ «Jeremy Renner on 'The Town, ' 'The Avengers' and the New 'Mission: Impossible'»։ The Wall Street Journal (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-21-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  20. Евгения Смурыгина. Звезда месяца. Джереми Реннер. Новый герой боевика(ռուս.) // Борис Хохлов. Total DVD : Журнал. — Москва: ООО «Гейм Лэнд», Декабрь 2012. — № 12 (140).
  21. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Filmink2012
  22. Finke Nikki (11 марта 2009)։ «Another 'Iron Man 2' Deal: Scarlett Johansson to Replace Emily Blunt as Black Widow for Lousy Lowball Money» (անգլերեն)։ Deadline Hollywood։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-28-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  23. Biskind Peter (декабрь 2011)։ «A Study in Scarlett»։ Vanity Fair (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-10-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  24. Philbrick Jami (1 мая 2011)։ «Exclusive: Tom Hiddleston Discusses Loki's Role in 'The Avengers'» (անգլերեն)։ IAmRogue։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-24-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  25. THR staff (20 августа 2011)։ «'Avengers' Tom Hiddleston Talks the Return of Loki (Video)»։ The Hollywood Reporter (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-12-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  26. Fleming Micheal (25 февраля 2009)։ «Samuel Jackson joins 'Iron' cast»։ Variety (անգլերեն)։ արխիւացուած բնօրինակէն 14 апреля 2010-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  27. «Samuel L. Jackson script for Avengers movie 'stolen'» (անգլերեն)։ BBC Radio 1։ 4 августа 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-09-20-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-13 
  28. McClintock Pamela (28 апреля 2005)։ «Marvel touts Par's hero worship»։ Variety (անգլերեն)։ արխիւացուած բնօրինակէն 12 августа 2011-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  29. «Marvel Avengers Update»։ Cinematical (անգլերեն)։ 14 сентября 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-09-14-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  30. Kit Borys (14 июня 2007)։ ««Avengers» are heroes on horizon»։ Reuters (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-23-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  31. Davis Erik (4 мая 2007)։ «Tribeca Interview: 'The Grand' Director Zak Penn»։ Cinematical (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-03-10-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  32. White, Michael & Andy Fixmer (25 января 2008)։ «Lions Gate, Marvel Reach Accords With Striking Film, TV Writers»։ Bloomberg (անգլերեն)։ արխիւացուած բնօրինակէն 4 июля 2011-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  33. «Marvel Studios Sets Four More Release Dates!»։ Superhero Hype (անգլերեն)։ 5 мая 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-09-18-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  34. Fernandez Jay A. (28 сентября 2008)։ «Paramount, Marvel ink new distrib deal»։ The Hollywood Reporter (անգլերեն)։ արխիւացուած բնօրինակէն 2008-12-02-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  35. Marshall Rick (21 января 2011)։ «Don Cheadle Says 'War Machine' Movie Has A Writer, Won't Show Up In 'Avengers'»։ MTV News (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-18-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  36. «Downey Jr., Favreau & Cheadle Suit Up for The Avengers»։ Marvel Studios (Press release) (անգլերեն)։ 28 октября 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-01-24-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  37. Kit Borys (6 октября 2008)։ «Marvel signs long-term lease with Raleigh»։ The Hollywood Reporter (անգլերեն)։ արխիւացուած բնօրինակէն 2009-01-04-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  38. Topel Fred (8 июля 2009)։ «Avengers movie update with Zak Penn»։ Crave Online (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-07-11-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  39. Fred Topel (18 августа 2009)։ «Kevin Fiege talks about Marvels movie line up»։ Crave Online (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-24-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  40. Hardawar Devindra (22 июля 2010)։ «Joss Whedon Officially Directing The Avengers»։ /Film (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-10-23-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  41. Warner Kara (30 июля 2010)։ «Joss Whedon Is The 'Right Thing' For 'Avengers, ' Marvel Boss Says» (անգլերեն)։ MTV News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-10-08-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  42. Lesnick Silas (17 апреля 2010)։ «Stan Lee and Avi Arad on Marvel Movies» (անգլերեն)։ Superhero Hype։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-04-23-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  43. Downey Ryan J. (22 июля 2010)։ «Comic-Con: Joss Whedon Talks 'Avengers' At EW Visionaries Panel» (անգլերեն)։ MTV News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-27-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  44. «Marvel-ous Star Wattage: Actors Assemble For Comic-Con Panel Including 'The Avengers', 'Captain America', & 'Thor'»։ Deadline.com։ July 24, 2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ July 25, 2010-ին։ արտագրուած է՝ July 25, 2010 
  45. McWeeny Drew (9 июля 2010)։ «Exclusive: Edward Norton is not the Hulk in 'The Avengers'. . . but he'd like to be» (անգլերեն)։ HitFix։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-07-28-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  46. Graser Marc (7 февраля 2011)։ «Cobie Smulders joins 'Avengers' cast»։ Variety (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-15-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  47. Kit Borys (3 февраля 2011)։ «'V' Star Morena Baccarin Among Actresses on 'Avengers' Shortlist (Exclusive)»։ The Hollywood Reporter (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-05-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  48. «Marvel's The Avengers Begins Production» (Press release) (անգլերեն)։ Marvel Studios։ 26 апреля 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-18-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  49. «'Avengers' Stuntman -- SCALPED During 30-Foot Fall» (անգլերեն)։ TMZ։ 27 июня 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-08-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  50. Vancheri Barbara (3 мая 2012)։ «Sit through 'Avengers' credits; discover W. Pa. connection»։ Pittsburgh Post-Gazette (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-07-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  51. Sangiacomo Micheal (8 августа 2011)։ «Avengers workers start transforming East Ninth into scene for epic battle»։ The Plain Dealer (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-12-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  52. Sgt. 1st Class Mark Bell (7 ноября 2011)։ «Captain America, Reserve Soldiers share big screen» (անգլերեն)։ United States Army։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-20-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  53. Sangiacomo Micheal (28 августа 2011)։ «Filming of 'Avengers' in Cleveland approaches the end»։ The Plain Dealer (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-12-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  54. Lesnick Silas (2 сентября 2011)։ «First Look at the New York Avengers Set» (անգլերեն)։ Superhero Hype։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-11-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  55. «Scarlett Johansson is all smiles as she gets back to work on her new film The Avengers»։ Daily Mail (անգլերեն)։ 3 сентября 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-24-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  56. «High-flying VFX on AVENGERS» (անգլերեն)։ Arri։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-05-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-16 
  57. Finke Nikki (12 апреля 2012)։ «'Avengers' Tracking Like Superhero: $125+M Opening Weekend With Four Quadrant Appeal» (անգլերեն)։ Deadline։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-08-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  58. All Time 3D Opening Weekends «All Time 3D Opening Weekends» (անգլերեն)։ Box Office Mojo։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  59. 59,0 59,1 McClintok Pamela (16 апреля 2012)։ «'The Avengers' Tracking to Open North of $150 Million, Strong as 'Dark Knight'»։ The Hollywood Reporter (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-10-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  60. Finke Nikki (25 апреля 2012)։ «'The Avengers' U.S. Ticket Pre-Sales Bigger Than Previous Marvel Movies Combined» (անգլերեն)։ Deadline։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-08-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  61. «The Avengers (2012)» (անգլերեն)։ Box Office Mojo։ արտագրուած է՝ 2014-04-05 
  62. All Time Worldwide Opening Weekend Records at the Box Office «All Time Worldwide Opening Weekend Records at the Box Office» (անգլերեն)։ Box Office Mojo։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  63. Subers Ray (13 мая 2012)։ «Around-the-World Roundup: 'Avengers' Reaches $1 Billion Worldwide» (անգլերեն)։ Box Office Mojo։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-15-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  64. McClintock Pamela (13 мая 2012)։ «Box Office Report: 'Avengers' Towers With $103.2 Million, 'Dark Shadows' Lacks Bite» (անգլերեն)։ The Hollywood Reporter։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-17-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  65. Corliss Richard (13 мая 2012)։ «The Avengers Storms the Billion Dollar Club - In Just 19 Days»։ Time (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  66. «Marvel's The Avengers» (անգլերեն)։ Rotten Tomatoes։ արտագրուած է՝ 2012-05-17 
  67. «The Avengers Makes $80.5 Million Its Opening Day!»։ Coming Soon (անգլերեն)։ 5 мая 2012։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-07-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-05 
  68. «The Avengers» (անգլերեն)։ Metacritic։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-12-ին։ արտագրուած է՝ 2012-05-17