Տիգրանակերտի Ճակատամարտ

Տիգրանակերտի ճակատամարտ, հռոմէական զօրքերու եւ հայկական կայազօրի միջեւ ռազմական ընդհարում։ Տեղի ունեցած է 6 Հոկտեմբեր Ք.Ա. 69-ին Հայաստանի մայրաքաղաք Տիգրանակերտի մօտ։ Պոնտոսի մէջ հռոմէական տիրապետութիւնը տապալելու եւ իր դաշնակից Միհրդատ Ե․Եւպատորին գահին վերականգնելու նպատակով, հայոց թագաւոր Մեծն Տիգրանը նախապատրաստուած է երկու ուղղութեամբ Ասիա հռոմէական մարզը մտնել եւ վճռական ճակատամարտ տալ Եփեսոսի մօտ։ Սակայն, կանխելով Տիգրան Բ. Մեծի յարձակումը, Ք.Ա. 69գարնան, հռոմէական 40 հազարնոց բանակը Լուկուլլոսի հրամանատարութեամբ Կապադովկիոյ վրայով Հայաստան ներխուժած եւ Տիգրանակերտը պաշարած է։

Տիգրանակերտի Ճակատամարտ
Հայ-հռոմէական պատերազմ
Ճակատամրտի ընթացքը
Թուական 6 Հոկտեմբեր, Ք.Ա. 69
Վայր Մեծ Հայք, Աղձնիք նահանգ, Տիգրանակերտ քաղաքի մօտ
Արդիւնք Հռոմէական բանակի յաղթանակ
Հակառակորդներ
Մեծ Հայք Հռոմի Հանրապետութիւն
Հրամանատարներ
Մեծն Տիգրան Լուկուլլոս
Կողմերու ուժեր
70.000-80.000 մօտ 50.000
Կորուստներ
10.000 5.600

Հայ-հռոմէական պատերազմը սկսաւ։ Պատերազմը երկու փուլով ընթացած էր՝ Ք.Ա. 69-67 թուականներուն եւ Ք․Ա․ 66-ին։ Անոնք իրարմէ տարբեր էին ռազմավարութեամբ եւ ձեռք բերած արդիւնքներով։

Հռոմէացի զօրավար՝ Լուկուլլոս, կայծակնային պատերազմի ծրագիր մը մշակած է, որուն հիմնական սկզբունքներն էին յանկարծակիութիւնն ու շեշտակի հարուածը։ Սակայն այս մէկը միայն մասամբ իրագործուեցաւ։ Հռոմէական բանակի ներխուժումը Հայաստան, իրօք որ անսպասելի էր։ Առանց որեւէ դժուարութեան, Լուկուլլոս Ծոփքը գրաւեց եւ սրընթաց դէպի Աղձնիք շարժեցաւ, գրաւելու համար Տիգրանակերտը։ Անհրաժեշտ է նշել, որ այս ծրագիրը հայկական բանակի հնարաւորութիւնները թերագնահատելու համար կազմուած էր, իսկ հռոմէականինը՝ գերագնահատելու սխալ հաշուարկով։ Տիգրանակերտը անակնկալ գրոհով գրաւելու ծրագիրը ձախողեցաւ։ Կայազօրը, հայ տաղանդաւոր զօրավար Մանկայոսի (Մանուկ) հրամանատարութեամբ, քաղաքը հմտութեամբ կը պաշտպանէր։ Գրոհի ձախողումէն ետք, Լուկուլլոս ստիպուած եղաւ պաշարել զայն։ Ամիսները կ'անցնէին, իսկ Տիգրանակերտը կը շարունակէր հերոսաբար դիմադրել։ Կայծակնային պատերազմի ծրագիրը տապալեցաւ։

Լիւցիոս Լուկուլլոս

Լուկուլլոսի ներխուժման լուրը Տիգրան Բ.-ը իմացաւ հեռաւոր Պաղեստինի մէջ, ուր կեդրոնացուած էին հայկական բանակի գլխաւոր հարուածային ուժերը։ Տիգրան թագաւորական գունդով շտապ Հայաստան վերադարձաւ, իսկ բանակի հիմնական ուժերը՝ Բագարատ զօրավարի հրամանատարութեամբ, արքային հետեւեցան։ Մինչեւ Հայաստան հասնիլը, Տիգրան Բ. Լուկուլլոսի դէմ ուղարկեց Մերուժան զօրավարի փոքրաթիւ, սակայն մարտունակ զօրաջոկատը։ Վերջինս հռոմէացիներու գերակշիռ ուժերուն հետ ընդհարման ժամանակ պարտուեցաւ, իսկ Մերուժանն ալ զոհուեցաւ։

Սեպտեմբերի կէսերուն, Տիգրանի գլխաւորած հայկական բանակը մօտեցաւ պաշարուած Տիգրանակերտին։ Այստեղ կը գտնուէին անոր ընտանիքը եւ գանձարանը։ Հայկական զօրամաս մը յանկարծակի ու խիզախ գրոհով մուտք գործեց քաղաք եւ այնտեղէն դուրս բերաւ արքայի ընտանիքն ու գանձերու մեծ մասը։ Այս իրադարձութիւնը, անշուշտ, բարձրացուց պաշարուածներու ոգին եւ հաւատ ներշնչեց յաղթանակի նկատմամբ։ ժամանեցին հայկական բանակի նորանոր զօրամասեր։ Ըստ Ապպիանոսի` Տիգրանին ռազմաջոկատներ տրամադրած էին նաեւ ենթակայ երկիրները՝ Ատրպատականը (Մարաստանը), Աղուանքը, Վիրքը, Կորդուքը, Ադիաբենէն, ինչպէս նաեւ Պարսից ծոցի արաբները։ Հայկական բանակի թիւը, նոյն պատմիչի վկայութեամբ, 300 հազար զինուոր էր։ Անշուշտ, այս իրականութեան չհամապատասխանող թուաքանակ է։ Այլ պատմիչներ կը խօսէին ընդամէնը 70-80 հազար զինուորներու մասին, այսինքն՝ մօտաւորապէս այնքան, որքան հռոմէական բանակի զինուորներու թիւն էր՝ դաշնակից զօրաբանակներու հետ միասին։

6 Հոկտեմբերի վաղ առաւօտեան Տիգրանակերտի ճակատամարտը սկսաւ։ Լուկուլլոս հիանալի կերպով օգտագործեց հայկական հրամանատարութեան թոյլ տուած ռազմավարական սխալներն ու տեղանքի առանձնայատկութիւնները։ Շրջանցելով Տիգրանի բանակը՝ ան հայոց զօրքի թիկունքը կեդրոնացուց նշանակալից ուժեր, որոնք ալ ճակատամարտի ելքը վճռեցին: Երկկողմանի յարձակման ենթարկուելով եւ զգալի կորուստներ տալով՝ հայկական բանակը ստիպուած էր նահանջել երկրի խորքը։ Հռոմէացիներու յաղթանակը որոշեց նաեւ Տիգրանակերտի ճակատագիրը։ Կայազօրի յոյն վարձկանները, կաշառուելով Լուկուլլոսի կողմէ, Հոկտեմբերի վերջերուն ապստամբութիւն բարձրացնելով, քաղաքի դարպասները հակառակորդի առջեւ բացուեցան։ Նորակառոյց ու հարուստ քաղաքը քարուքանդ եղաւ ու թալանուեցաւ։ Մեծն Տիգրանի Միջերկրածովեան տէրութիւնը՝ Ասորիք, Փիւնիկիա, Կիլիկիա, անցած են Հռոմին։

Չնայած յաղթանակին` ճակատամարտը չէ կանխորոշած պատերազմի ելքը. Արածանիի ճակատամարտին Ք.Ա. 68-ին Լուկուլլոսի բանակը պարտութիւն կրած է եւ Հայաստանէն նահանջած է։