Տիգրան Գէորգեան
Տիգրան Գէորգեան (6 Յունուար 1936, Գահիրէ, Եգիպտոս - 19 Յունուար 2019), եգիպտահայ բանասէր եւ մատենագէտ։
Տիգրան Գէորգեան | |
---|---|
Ծնած է | 6 Յունուար 1936 |
Ծննդավայր | Գահիրէ, Եգիպտոս |
Մահացած է | 19 Յունուար 2019 (83 տարեկանին) |
Մասնագիտութիւն | բանասէր, մատենագիր |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Գահիրէ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գալուստեան Ազգային Վարժարանին մէջ:
1951-1955 թուականներուն ուսանած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, ուսուցիչ ունենալով Մեսրոպ Ճանաշեան եւ Եղիա Փէչիկեան։
Գործունէութիւն
Խմբագրել1957-1959 թուականներուն եղած է «Արեւ» օրաթերթի օգնական խմբագիր։
1972-1973-ին տասնամսեայ փորձարական շրջան մը բոլորած է Երեւանի համալսարանի բանասիրական բաժանմունքին մէջ, ղեկավար ունենալով Արամ Բաբայեան։
1960-1978 թուականներուն Գալուստեան Ազգային Վարժարանին, եւ ապա 1978-1996-ին Նուպարեան Ազգային Վարժարանին մէջ դասաւանդած է հայերէն լեզու եւ գրականութիւն։
1999-2002 թուականներուն եղած է «Տեղեկատու»ի պատասխանատու խմբագիրը:
Յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ ստորագրած է «Արեւ» (Գահիրէ), «Յուսաբեր» (Գահիրէ), «Ջահակիր» (Գահիրէ), «Տեղեկատու» (Գահիրէ), «Արաքս» (Աղեքսանդրիա), «Բազմավէպ »(Վենետիկ), «Մխիթարեան ընտանիք» (Վենետիկ), «Հայ արուեստ» (Լոս Անճելըս), «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս» (Պէյրութ) լրագիրներուն եւ հանդէսներուն մէջ։ Տուած է բազմաթիւ բանախօսութիւններ։
Դանդաղ, ծանրակչիռ գրազ մըն եղած է։ Իւրաքանչիր բառը հաւասարակշուած, մտածուած ու բխած բովանդակութենէն։
2010-ի սկիզբը բանասէրը իր անձնական գրադարանը նուիրած է Հելիոպոլսոյ հ.Բ.Ը. Միութեան գրադարանին։