Ցեղասպանութեան որբերը
«Ցեղասպանութեան որբերը» (անգլերէն՝ «Orphans of the Genocide»), հայ բեմդրիչ Պարէտ Մարոնեանի ժապաւէնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին։
Ցեղասպանութեան որբերը | |
---|---|
Orphans of the Genocide | |
Բեմադրիչ | Պարէտ Մարոնեան |
Լեզու | անգլերէն |
Նիւթը
ԽմբագրելՆիւթը ցեղասպանութեան որբերու առօրեան է, ի՞նչ կը նշանակէ ցեղասպանութենէ ետք որբ մնալ։
Վաւերագրական ժապաւէնը կը հետեւի Մորիս Միսաք Քէլէշեանին, որուն հետախուզութեանց շնորհիւ կարելի եղած է Պէյրութի մօտակայ Այնթուրա շրջանին մէջ գտնել մօտաւորապէս հազար հայ որբերու պարտադիր թրքացման վայրը հանդիսացած որբանոցը:
Ժապաւէնը կը պատմէ նաեւ շարք մը այլ որբանոցներու պատմութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան հիմնարկութեան տարած հսկայ աշխատանքը՝ աւելի քան 150,000 հայ որբերու պատսպարման ու կերակրելու գործին մէջ, 1919-էն 1926 թուականներուն: Այդ օրերուն հաստատուած էին աւելի քան 200՝ ժամանակաւոր կամ մնայուն որբանոցներ, որոնցմէ մէկն էր 22,000 որբերու տուն հանդիսացած որբանոցը Գիւմրիի մէջ:
Շարք մը այլ որբերու կողքին, կը պատմուի նաեւ այն հայ որբուհիին մասին, որ որդեգրուած է Աթաթուրքին կողմէ եւ դարձած Թուրքիոյ ազգային հերոսուհիներէն մէկը[1]:
Դրդապատճառը
Խմբագրել«Ցեղասպանութեան Որբերը» ֆիլմին խթաններէն մէկը հանդիսացած է հռչակաւոր եւ հայասէր լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի մէկ յօդուածը՝ Այնթուրայի մէջ հայ որբերը թրքացնելու նպատակով օգտագործուած որբանոցին մասին, որուն խորագիրն էր՝ «Հայկական Ցեղասպանութեան ապրող փաստ մը»[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ ««Ցեղասպանութեան Որբերը» Ժապաւէնը Դեկտեմբեր 12ին Պիտի Սփռուի Մայամիի Հ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2013-11-27։ արտագրուած է՝ 2023-03-14
- ↑ maik1970 (2019-10-24)։ ««Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի հետ»։ Azat Or (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-14