Այնթուրայի Հայ Որբանոցը
Այնթուրայի հայ որբերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող | |
---|---|
' | |
Կը Գտնուի | Այնթուրա, Քըսըրուէն, Զուք Մըքայէլ, Լիբանան |
Ներկայ վիճակ | կանգուն |
Այնթուրայի Ճեմալ Փաշայի Որբանոցը
ԽմբագրելԱնթուրայի Ճեմալ Փաշայի Որբանոցը հաստատուած է Լեռնալիբանանի Այնթուրա գիւղաքաղաքին մէջ, որ կը գտնուի Պէյրութէն մօտաւորապէս 15 քիլոմեթր Հեռաւորութեան վրայ:
Պատմականը
ԽմբագրելՊատմականը 1651-ին, Այնթուրայի բնակիչներէն՝ Շէյխ Ապու Նաուֆալ Խազէն կը խնդրէ Լեռնալիբանան Հաստատուած ժէզուիթ վարդապետներէն, որ Այնթուրա գիւղաքաղաքին մէջ իրենց ունեցած կալուածին մէջ սկսին յատուկ առաքելութեան մը, որն է տարածել ժէզուիթ կրօնական վարդապետութիւնը: Այս վարդապետները շուտով գործի լծուելով կը սկսին քարոզչական աշխատանքի եւ կ'ունենան մեծ թիւով հետեւորդներ: 1834-ին, այս կրօնական քարոզչական հաստատութիւնը կը վերածուի կրթական հաստատութեան, որ առաջին օրէն իսկ կ'ունենայ եօթը աշակերտներ: Շուտով աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ ու կարճ ժամանակ մը ետք, այս կրթական հաստատութիւնը կը վերածուի երկրորդական վարժարանի մը եւ կը դառնայ Միջին Արեւելքի առաջին Ֆրանսական երկրորդական վարժարանը: Յաջորդ տարիներուն, 1874-ին, 1884-ին եւ 1895-ին, աշակերտութեան թիւը մեծ աճ կ'արձանագրէ, նոր շէնքեր ու մեծ եկեղեցի մը կը կառուցուին եւ աւելի ուշ՝ 1904-ին, քոլէճը կ'ունենայ իր ցայտուն աշտարակը:
Որբանոցը Համաշխարհային առաջին պատերազմին
ԽմբագրելՀամաշխարհային առաջին պատերազմին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին օրերուն, Լազարիսթ վարդապետները կը վտարուին իրենց հաստատութենէն ու եկեղեցիէն: Այդ օրերուն, Լիբանան կը գտնուէր Թրքական իշխանութեան ներքեւ: Թրքական իշխանութիւնը քոլէճը կը վերածէ որբանոցի եւ հոն կը հաւաքէ մօտաւորապէս 1200 հայ որբեր:
Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին շրջանին՝ 1915-1918
ԽմբագրելՀայոց Ցեղասպանութեան առաջին շրջանին՝ 1915-1918 հայկական ջարդերը կազմակերպող կեդրոնական մարմիններն ու ղեկավարները կը հրահանգեն Թուրք իսլամ ժողովուրդին եւ Թուրքիոյ բոլոր որբանոցներու պատասխանատուներուն, որպէսզի հաւաքեն հայ մանուկները, պահեն ու մեծցնեն զանոնք եւ այդպիսով հարստացնեն թուրք ազգը հայ մանուկներով՝ նկատի ունենալով անոնց ցեղային բարձրորակ արժէքները: Հաւաքուած հայ մանուկներուն մեծամասնութիւնը կը տեղաւորուի արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Թրքական որբանոցներու եւ նոր հաստատուած որբանոցներու մէջ, իսկ միւս մասը՝ Թուրք ունեւոր ու աղքատ ընտանիքներու մօտ: Ուրեմն, այս թրքական որբանոցներէն մէկն էր Լիբանանի Այնթուրա գիւղաքաղաքի «Այնթուրա որբանոց»-ը:
Հալիտէ Էտիպ եւ Հայ որբերը
ԽմբագրելՃեմալ Փաշա Պոլիսէն կը հրաւիրէ փանթուրքիստ կին գրող՝ Ֆեմինիսթ Հալիտէ էտիպի Հանըմը, որպէսզի ղեկավարէ որբանոցը եւ իրականացնէ հայ որբերու իսլամացումը: 1916-1918 մօտաւորապէս 1200 հայ որբեր կը պահուին այս որբանոցին մէջ: Հալիտէ Հանըմը կը դառնայ Հայ որբերը Թրքացնող ռահվիրայ անձնաւորութիւն մը եւ անոր հետ կը գործէ մօտաւորապէս 40 անձերէ բաղկացած խմբակ մը: Առաջին օրէն իսկ կը սկսի ամբողջ Հայ որբերուն ողբերգութիւնը՝ Թրքատիպ մթնոլորտի մը մէջ։ Անոնք կը վայելեն կեանքի դառնութիւնը, կը մատնուին անօթութեան-սովի ու ծարաւի, կ'ենթարկուին թրքացումի ու խլամացումի, որոնք կը կատարուին ծրագրուած եւ պարտադիր դասընթացքներով: Անոնց անունները կը փոխարինուին թրքական եւ արաբական անուններով, իսկ տղաքը կը թլփատուին:
Որբերը ստիպողաբար կը սորվին Թրքերէն լեզուն: Հայերէն խօսիլ կ'արգիլուի: Հայերէն խօսող, աղօթող եւ կամ երգող որբերը կ'ենթարկուին այլազան պատիժներու ու չարչարանքներու, որոնցմէ յատկանշական կ'ըլլայ «Ֆալախա»ն, այսինքն՝ ոտքերու ներբաններու գանակոծում երկաթեայ ձողով: Անոնց կը փոխանցուի իսլամ կրօնքի սկզբունքները: Տղայ որբերը կը թլփատուին: Հիւանդ որբերը կը մնան անխնամ: Շատ մը որբեր ծեծի տակ կը մահանան, որովհետեւ անոնք Հայերէն կը խօսէին: Մօտաւորապէս 300 Հայ որբեր կը մահանան 2 տարուան ընթացքին Անթուրայի որբանոցին մէջ սովի, ծեծի եւ վարակիչ Հիւանդութիւններու հետեւանքով: Անոնք կը թաղուին որբանոցի շրջափակին մէջ անշուք տեղ մը: Սակայն ապրող որբերը քաջութեամբ, համբերութեամբ եւ յոյսով կը դիմագրաւեն ամէն տեսակի դժուարութիւնները:
Որբանոցը՝ Հալիտէ Էտիպի Հեռանալէն ետք
ԽմբագրելԵրեք տարի ետք Հալիտէ Էտիպ Հանըմը իր խմբակին հետ միասին կը լքէ որբանոցը ու կը հեռանայ Լիբանանէն, ապա որբանոցը դարձեալ կը ղեկավարուի Անթուրայի նախկին Լազարիսթ վարդապետներուն կողմէ: Որբանոցը կը ստանձնէ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու նպաստամատոյցի ղեկավարութիւնը: Շուտով կը հասնին Հայ եւ ամերիկացի ազնիւ, քաղաքավար եւ համակրելի անձերէ կազմուած պաշտօնէութիւնը կազմակերպելու համար որբանոցը: Որբերուն կը տրամադրուին նոր հագուստներ եւ կօշիկներ, ինչպէս նաեւ պտուղներով հարուստ օրական երեք սննդարար ճաշեր: Շուտով որբանոցը կը հայանայ: Հայ որբերուն (470 տղայ եւ 200 աղջիկ) կը վերադարձուին անոնց Հայկական անունները եւ կը ջնջուին անոնց նշանակուած թիւերը: Հոն Հայ ուսոցիչներու կողմէ կը դասաւանդուին Հայերէն լեզուով զանազան նիւթեր: Ամանորին կը կատարուին եկեղեցական արարողութիւններ, հանդէսներ եւ խրախճանքներ: Երեքուկէս տարի տառապելէ, նախատուելէ, ծեծի եւ Ֆալախայի պատիժներէ եւ շուրջ 300 անմեղ որբերու մահէն ետք, ազատագրուած եւ հայացած որբերու բանակը դուրս կու գայ սովի բոյնէն եւ չարչարանքի կայանէն՝ Անթուրայի որբանոցէն: 1919-ի աշնան, որբանոցը կը փակուի ու Հայ որբերուն մեծամասնութիւնը կը ղրկուի Հալէպ, ապա Այնթէպ, իսկ աղջիկները Ղազիրի որբանոցը:
Որբանոցի փակումէն ետք
ԽմբագրելՈրբանոցի փակումէն ետք կը վերաբացուի Քոլէճը 350 տեղացի աշակերտներով: Յաջորդող տարիներուն ան կ'արձանագրէ յառաճուն վերելք: 1970-ին, Քոլէճը կը հարստանայ արդիական մարզական կեդրոնով մը: 1977-ին, կը կառուցուի արդիական մանկապարտէզի բաժինը: 1982-ին, կը հաստատուի գիշերօթիկի բաժինը եւ աշակերտութեան թիւը կը հասնի 2500-ի: 1996-ին, եկեղեցին կը վերանորոգուի: 2006-ին, բոլոր յարմարութիւններով օժտուած Ս. Ժոզէֆ մարմնամարզանքի համալիրը իր հսկայ աւազանով գործելու կը սկսի: Ներկայիս քոլէճը ունի մօտաւորապէս 5000 աշակերտ մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն մէջ ու ան կ'ընդգրկէ 8 մեծ շէնքեր, եկեղեցի մը, հսկայ բակեր եւ պարտէզներ: Անթուրայի որբանոցին որբերէն եղած են Գառնիկ Բանեան եւ Յարութիւն Ալպոյեաճեան, որոնք թուղթին յանձնած են իրենց Անթուրա որբանոցին մէջ անցուցած տարիներուն անողոք կեանքը:
Հայ որբուկներու աճիւններու յայտնաբերում
Խմբագրել1993-ին, երբ Այնթուրայի Սէն Ժոզէֆ քոլէճը նոր դասարաններ աւելցնելու նպատակով շինարարական աշխատանքներ կը կատարէ եկեղեցիին կից տարածքին վրայ, ի յայտ կու գան աճիւններ։ Անոնք նահատակ հայ որբերուն կը պատկանէին… Վարժարանին պատասխանատու կղերականները հայ որբուկներուն մասունքներէն բաժին մը կը տեղաւորեն իրենց բարձրաստիճան հայրերու գերեզմանատան մէկ անկիւնը:
Այնթուրայի հայ որբերուն նուիրուած յուշակոթողի բացում
ԽմբագրելՉորեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2010-ին Լիբանանի Այնթուրայի Սէն Ժոզէֆ Քոլէճին մէջ, տեղի կ'ունենայ հայ որբուկներու գերեզմանի յուշակոթողի բացումը: Անթուրայի որբանոցին մէջ մահացած հայ որբերու աճիւնները ի վերջոյ կ'ամփոփուին պատշաճ կերպով եւ անոնց յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողը կ'ամրացուի[1]:Խաչքարի պատրաստութիւնը եղած է Զաւէն Կոշտոյեանի յղացումով, իսկ քանդակը պատրաստուած է արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանի ձեռամբ: Յուշակոթողէն քիչ մը անդին, քոլէճի գերեզմանոցին մէջ, հայ որբերու տապանաքարին վրայ արձանագրուած է՝ «Աստ հանգչին հայ որբուկներ»:[2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Հայ որբուկներու գերեզմաններու յուշակոթողի բացում
- ↑ ««Գոհար» կոթող մը կը կառուցէ ի յիշատակ հայ որբերուն:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2017-08-25
Աղբիւր
ԽմբագրելՀասկ, Պաշտօնական ամսագիր Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ,2016