Փօլ Նիուման (անգլերէն՝ Paul Newman, 21 Յունուար 1925 – Շէյքըր Հայց, Օհայիօ, Shaker Heights, Ohio, Ա․Մ․Ն․ - 26 Սեպտեմբեր, 2008 Ուեսթփորթ, Քենեքթիքըթ Westport, Connecticut, Ա․Մ․Ն․)։  Ամերիկացի դերասան, բեմադրիչ, ֆիլմարտադրիչ, գործարար եւ բարերար։  Դափնեկիր է բաւական մրցականներու՝ Օսքար, Պրիտանական Կաճառի Շարժապատկերի Մրցանակ British Academy Film Awards  BAFTA, Ոսկեայ Գունդի Մրցանակ Golden Globe Awards, Հեռատեսիլի Դերասաններու Արուեստակցութեան Մրցանակ Screen Actors Guild Awards (SAG), Էմի Մրցանակ Primetime Emmy Awards, Սեսիլ Տեմիլ Ոսկեգունդ Մրցանակ Cecil B. DeMille Award, Ճին Հերշոլթ Բարեսիրական Մրցանակ Jean Hersholt Humanitarian Award, եւայլն։

Փօլ Նիուման
անգլերէն՝ Paul Newman
Փօլ նիուման, 1958
Ծննդեան անուն Փօլ Լէոնարտ Նիուման
Ծնած է 26 Յունուար, 1925
Ծննդավայր Շէյքըր Հայց, Օհայիօ, Shaker Heights, Ohio,Ա․Մ․Ն․
Մահացած է 26 Սեպտեմբեր 2008(2008-09-26)[1][2][3][…] (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Ուեսթփորթ, Քենեքթիքըթ Westport, Connecticut, Ա․Մ․Ն․
Քաղաքացիութիւն Ա․Մ․Ն․
Մայրենի լեզու անգլերէն
Ուսումնավայր Քենիոն Քոլէճ
Եէյլ Համալսարան
Օհայիոյի Համալսարան
Shaker Heights High School?
Տեսակ արկածախնդրական, սէրային, քաղաքական, ընկերային-հասարակական
Մասնագիտութիւն դերասան, բեմադրիչ, ֆիլմարդադրիչ եւ գործարար
Կուսակցութիւն Թեքում դէպի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն
Ամուսին Ճոան Ուտուորտ եւ Jacqueline Witte?[4]
Ծնողներ հայր՝ Արթուր Նյուման?[5], մայր՝ Theresa Fetzer?[5]
Երեխաներ 6․ մէկ տղայ եւ հինգ աղջիկ
Կայքէջ newmansown.com/ou…(անգլերէն)

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Պատանութեան եւ երիտասարդութեան տարիներ Խմբագրել

Փօլ Նիուման ծնած է 26 Յունուար, 1925 Շէյքըր Հայց Shaker Heights, Օհայիօ Ohio։  Հայրը ծագումով հրիայ էր իսկ մայրը՝ սլովաք։  Ծառայած է Ա․Մ․Ն․ ծովուժին եւ Բ․ Համաշհարհային Պատերազմէն ետք, կը զբաղի հօրմէն ժառանգած մարմնամարզի իրերու վաճառախանութին աշխատանքներով։

Կանուխէն, կը ցուցնէ հակումը թատրոնին հանդէպ։  Փոքր տարիքէն կը մասնակցի դպրոցական թատերական ներկայացումներու։ 1943-ին կ՛աւարտէ Երկրորդական վարժարանը եւ ուսումը կը շարունակէ Օհայիօ նահանգին Համալսարանը, ուր տնտեսութիւն կ՛ուսանի։

Զինուորական ծառայութեան տարիներ Խմբագրել

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, Նիուման Ա․Մ․Ն․ ծովուժին կը ծառայէ՝ Խաղաղական Ովկիանոսի գործողութիւններուն մէջ։  Զինուորութեան ընթացքին կը մարզուի իբրեւ հաղորդիչ անթել ռատիօ-հեռագրի, նշանառու եւ թնդանօթաձիգ ու 1944-ին կ՛ուղղարկուի Պարպըրս Փոյնթ, Հաուայ։  Օքինաուայի Կռիւին Battle of Okinawa կամ՝ Սառնալեռ Գործողութիւն Operation Iceberg ընթացքին (1945) գարնան ան կը ծառայէ «USS Bunker Hill» օդանաւակիրին մէջ։

Պատերազմէն ետք, ուսումը կ՛աւարտէ Քենիոն Ճեմարանին մէջ Kenyon College (1949)։ Ապա, թատերախաղարկութիւն կ՛ուսանի Եէյլ Համալսարանին մէջ Yale University։

Ասպարէզ Խմբագրել

Առաջին քայլերը Խմբագրել

1953-ին, առաջին անգամ հանդէս կու գայ Պրոտուէյ թատրոնին բեմէն Broadway theatre «Փիքնիք» Picnic թատերախաղով։ Կը շարունակէ, մասնակցելով «Անյոյս Ժամերը» The Desperate Hours եւ «Երիտասարդութեան Անուշ Թռչունը» Sweet Bird of Youth թատերախաղերուն սկզբնատիպ առաջին ներկայացումներուն։

1954-ին շարժանկարի բնագաւառին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի «Արծաթեայ Սկիհը» The Silver Chalice ժապաւէնին մէջ։ Ապա, կը կատարէ աւելի կարեւոր դերեր՝ «Մենք ողջերս» Somebody Up There Likes Me (ֆր․ թարգմ․)՝Marqué par la haine (1956), «Մոլեգին Կատուն» Cat on a Hot Tin Roof (1958) եւ «Երիտասարդ Ֆիլատելֆիացիները» The Young Philadelphians (1959) ժապաւէններուն մէջ․ բոլորն ալ վաստակ ունեցող դերասաններու քով, ինչպէս օրինակ՝ Էլիզապէթ Թէյլոր, Պարպարա Րաս, Ռոպերթ Վոն, եւայլն։

Իսկ 1952-էն, տարբեր դերերով կը ներկայանայ հեռատեսիլի պաստառէն «Վաղուան հեքիաթներ»Tales of Tomorrow  եւ «Արկածախնդրական Ժամադրութիւն» Appointment with Adventure շարաժապաւէններուն մէջ։

Մեծագոյն արտադրութիւններու գլխաւոր դերակատարը Խմբագրել

Նիումանի յաջողութիւններուն մեծ դեր կը խաղայ անոր ապստամբ բնաւորութիւնը։  Բազմաթիւ ժապաւէններու գլխաւոր դերակատարը եղած է․ ինչպէս օրինակ՝

  • Երկար տաք ամառը The Long, Hot Summer, (1958)
  • Շիկացած թխադէմը Rally 'Round the Flag, Boys! La Brunebrûlante, (1958)
  • Երիտասարդ Ֆիլատելֆիացիները The Young Philadelphians, (1959)
  • Էքսոտոս Exodus, (1960)
  • Տանիքէն FromtheTerrace, (1960)
  • Շտապողը The Hustler, (1961)
  • Փարիզի Պլուզը Paris Blues, (1961)
  • Վայրի մրրիկի նման Hud, (1963)
  • Պատռտած վարագոյր TornCurtain, (1966)
  • Հարփըր Harper, (1966)
  • ԽայթըThe Sting, (1973)
  • Դժոխային Բերդը The Tower inferno, (1974)
  • Չարակամութեան Բացակայութիւնը Absence of Malice, (1981)
  • Վճիռը The Verdict, 1982
  • Հովանի տուփըThe Shadow Box, (1980, հեռատեսիլէն ներկայացուած շարաժապաւէն)
  • Հարի եւ զաւակը Harry & Son, (1984)
  • Դրամին ԳոյնըThe Color of Money, (1986)
  • Տէր եւ Տիկին Պրիճ Mr and Mrs Bridge, (1990)
 
Փօլ Նիուման, «Շտապողը» The Hustler ժապաւէնին մէջ

Յատուկ համբաւի արժանացած թատերախաղեր Խմբագրել

Ստորեւ ցուցակը յատուկ համբաւի արժանացած թատերախաղերուն, որոնց մէջ Փօլ Նիուման կը մասնակցի եւ մեծ մասին՝ գլխաւոր դերակատարն է։

  • Ֆետրա․ Եէյլ համալսարան, (1951)
  • Պեթհովէն, Եէյլ համալսարան, (1952)
  • Փիքնիք, Նիու Եորք, (1953-54)
  • Անյոյս Ժամերը The Desperate Hours, Նիու Եորք, (1955)
  • Երիտասարդութեան Անուշ Թռչունը Sweet Bird of Youth, (1959-60)
  • Մանուկը համբոյր մը կ՛ուզէ Baby Want a Kiss, (1964)
  • Սիրային նամակներ Love Letters, (2000)
  • Անփոփոխ Կինը The Constant Wife, (2000)
  • Մեր քաղաքը Our Town, (2002-2003)
  • Թրամպօ Trumbo, (2004)

Անձնական Կեանք Խմբագրել

Ընտանիք Խմբագրել

Փօլ Նիուման ամուսնացած է երկու անգամ։  Առաջին ամուսնութիւնը՝ Ճաքի Ուիթին հետ, կը տեւէ՝ 1949-1958։  Կը բախտաւորուի երեք զաւակներով՝ մանչ զաւակ Սքոթ եւ երկու դուստրեր՝ Սուզան եւ Սթեֆանի։  Տղան՝ Սքոթ, թմրեցուցիչ գործածելու պատճառով 1978-ին կը մահանայ։  Զաւկին մահէն ետք, Փօլ Նիուման կը լծուի բարեգործական աշխուժ գործունէութեան․ ի յիշատակ տղուն, կը հիմնէ «Սքոթ Նիուման Կեդրոն»ը Scott Newman Center՝  թմրեցուցիչներու գործածութիւնը կանխելու համար։ 

 
Փօլ Նիումանի ինքնաշարժը՝ Sharp/Newman Nissan, ցուցադրութեան դրուած  (2013)

1958-ին կ՛ամուսնանայ Ճոան Ուտուորտին Joanne Woodward հետ։  Միասին կ՛ապրին 50 տարի` մինչեւ Փօլին մահը․ 2008։  Այս ամուսնութենէն Փօլ Նիուման կը բախտաւորուի երեք աղջիկ զաւակներով՝ Էլինոր, Մելիսա եւ Քլեր։ Կը նուիրուի իր ընտանիքին՝ կնոջ եւ զաւակներուն։

Ինքնաշարժի մրցումներ Խմբագրել

Փօլ Նիուման առաջին անգամ կը հետաքրքրուի ինքնաշարժներու մրցումներով 1969-ին, երբ «Յաղթող» Winning ժապաւէնի մէջ իր դերակատարութեան կարիքերուն համար կը մարզուի Watkins Glen International վազքուղիին վրայ։  Այնուհետեւ կը զբաղի լրջօրէն՝ մինչեւ 2006-ին։  Այս տարիներուն ընթացքին կատարուած ախոյեանութեան մրցարշաւներուն, կը յաջողի գրաւել առաջնահերթ դիրքեր, որոնցմէ չորս՝ առաջին 1976, 1979, 1985, 1986, երեք՝ երկրորդ, երեք՝ երրորդ, եւայլն։

 
Նկար՝ Once Upon a Wheel ժապաւէնէն, 1971

1972-ին առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի ԹոմսօնThompson (Քենեքթիքըթ նահանգ) քաղաքի ինքնաշարժներու մրցումներուն։

1979-ին կը մասնակցի Լէ Մանի (Ֆրանսա) 24 ժամուան ինքնաշարժներու մրցումի ախոյեանութեան եւ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ։

1970 տասնամեակին կէսերէն մինչեւ 1990, Նիուման Bob Sharp խումբին վարորդ է։  Իր անունը կը կապուի խումբին անունին հետ մանաւանդ 1980-ական թուականներուն։

70 տարեկան հասակին, կը դառնայ ախոյեան խումբին ամենատարեց վարորդը․ յատկապէս Տայթոնայի 24 ժամուան ինքնաշարժներու մրցումին (1995)։

Փօլ Նիուման Newman/Haas/Lanigan Racing ընկերութեան երկու հիմնադիրներէն մէկն է (1983) եւ մասնակից՝ Newman Wachs Racing խումբին։

Բարերարութիւն Խմբագրել

Տղուն մահէն ետք, կը հիմնէ«Սքոթ Նիուման Կեդրոն»ը Scott Newman Center՝  թմրեցուցիչներու գործածութիւնը կանխելու համար։ 

1982-ին Ահարոն Հոչներին հետ Aaron Hotchner կը հիմնեն «Նիուման Սեփականութիւն» Newman's Own ուտեստեղէնի ընկերութիւն մը, որուն մաքուր շահը կը տրամադրուի «Նիուման Բարեսիրական Անշահարկելի Սեփականութիւն Հիմնարկ»ին Newman's Own Foundation։

1988-ին Քենեքթիքըթի Աշֆորտ շրջանին մէջ կը հիմնէ «Hole in the Wall Gang Camp» բարեգործական ամառնային բանակավայրը վատառողջ փոքրիկներուն համար։

1999-ին լուրջ գումար մը կը նուիրէ «Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Օգնութեան Միջազգային Ընկերակցութեան» Catholic Relief Services (CRS) Քաքսովոյի գաղթականներուն համար։

2007, 1 Յունիսին, Օհայօ նահանգին Քենիոն Քոլէճը Kenyon College կը յայտարարէ, թէ Փօլ Նիուման ու կողակիցը՝ Ճոան Ուտուորտ, 10 միլիոն տոլար կը նուիրեն, որպէսզի հաստատուի կրթաթոշակի հիմնադրամ մը։

«Բարերարութիւնը Քաջալերող Ընկերակցութեան Խնամակալութիւն» կազմակերպութեան հիմնադիրներէն կ՛ըլլայ։  «Կիվինքպէք» կազմակերպութիւնը Givingback.org զայն կ՛անուանէ «Ամենավեհանձն Համբաւոր Անձնաւորութիւն»ը՝ 2008 տարուան համար։  Այդ տարին, Նիուման 20․857․000 տոլարով կ՛օժանդակէ «Նիուման Բարեսիրական Անշահարկելի Սեփականութիւն Հիմնարկ» կազմակերպութիւնը Newman's Own Foundation․

Բնապահպանման շուրջ տուած պայքարներուն շնորհիւ, Ուեսթփորթ եւ Քենեքթիքըթ շրջաններուն մէջ հողատարածքներ կ՛ապահովէ։ 

2011-ին, «Նիումանս Կալուածք» ընկերութիւնը Paul Newman's estate, Ուեսթփորթ քաղաքին հողատարածքներ կը նուիրէ, որպէսզի պահպանուին եւ կառավարուին «Ասփեքթուք Լանդ Թրասթ»ին Aspetuck Land Trust (հողատարածքի պահեստի անշահարկելի կազմակերպութիւն) կողմէն։

Հիւանդութիւն եւ մահ Խմբագրել

2008, 23 Մայիսին կը քաշուի շարժարուեստի ասպարէզէն, առողջութեան պատճառներով։  

26 Սեպտեմբեր 2008-ին կը մահանայ՝ թոքի քաղցկեղի հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք, շրջապատուած ընտանիքին անդամներէն եւ ընկերներէն։  Մարմինը կը դիակիզուի եւ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ուեսթփոյնթ։

Մրցանակներ եւ թեկնածութիւններ Խմբագրել

Օսքար Խմբագրել

Փօլ Նիուման այդ սակաւաթիւ  դերասաններէն մէկն է որ հինգ տարբեր տասնեակներուն ընթացքին առաջարկուած է Օսքար մրցանակին համար։ Մնացեալ դերասաններն են՝ Լորենս Օլիվիէ Laurence Olivier, Մայքլ Քէյն Michael Caine եւ Ճաք Նիքոլսոն Jack Nicholson։  

1986-ին կը պարգեւատրուի իր՝ «պաստառի վրայ բազմաթիւ, յիշատակելի եւ անյաղթահարելի կատարումներուն համար»։

 
Փօլ Նիուման եւ Մելվին Տակլաս, «Վայրի մրրիկի նման» Hud ժապաւէնին մէջ
Տարի Տեսակ Ժապաւէն Արդիւնք
1959 Լաւագոյն Դերասան Մոլեգին Կատուն Cat on a Hot Tin Roof Առաջադրուած
1962 Լաւագոյն Դերասան Շտապողը The Hustler Առաջադրուած
1964 Լաւագոյն Դերասան Վայրի մրրիկի նման Hud Առաջադրուած
1968 Լաւագոյն Դերասան Անընկճելիին առասպելը Cool Hand Luke Առաջադրուած
1969 Լաւագոյն Նկարին Best Picture Րէյչըլ, Րէյչըլ Rachel, Rachel Առաջադրուած
1982 Լաւագոյն Դերասան Չարակամութեան Բացակայութիւնը Absence of Malice Առաջադրուած
1983 Լաւագոյն Դերասան Վճիռը The Verdict Առաջադրուած
1986 Ամերիկայի Ակատեմկիոյ (Կաճառի) Պատուակալ Մրցանակ Յաղթած
1987 Լաւագոյն Դերասան Դրամին ԳոյնըThe Color of Money Յաղթած
1994 Ճին Հերշոլթ Բարեսիրական Մրցանակ Jean Hersholt Humanitarian Award Յաղթած
1995 Լաւագոյն Դերասան Ոչ ոք յիմար է Nobody's Fool Առաջադրուած
2003 Տղամարդու Բ․ Դեր Best Supporting Actor Դէպի ամբողջական Կործանում Road to Perdition Առաջադրուած

Ոսկեայ Գունդի Մրցանակ Golden Globe Awards Խմբագրել

Տարի Տեսակ Ժապաւէն Արդիւնք
1956 Տարուան Բացառիկ Կարողութեանց Անձնաւորութիւն - Նոր Դերասան New Star of the Year – Actor Յաղթած
1961 Թատրերգակի Լաւագոյն Դերասան Best Actor – Drama Շտապողը The Hustler Առաջադրուած
1962 Թատրերգակի Լաւագոյն Դերասան Best Actor – Drama Երիտասարդութեան Անուշ Թռչունը Sweet Bird of Youth Առաջադրուած
1962 Տղամարդու Բ․ Դեր Best Supporting Actor Երիտասարդութեան Արկածախնդրութիւններ Hemingway's Adventures of a Young Man Առաջադրուած
1963 Լաւագոյն Դերասան Վայրի մրրիկի նման Hud Առաջադրուած
1967 Թատրերգակի Լաւագոյն Դերասան Անընկճելիին առասպելը Cool Hand Luke Առաջադրուած
1968 Լաւագոյն Բեմադրիչ Best Director Րէյչըլ, Րէյչըլ Rachel, Rachel Յաղթած
1982 Թատրերգակի Լաւագոյն Դերասան Վճիռը The Verdict Առաջադրուած
1984 Պատուոյ Մրցանակ Honorary Awards Յաղթած
1986 Թատրերգակի Լաւագոյն Դերասան Դրամին Գոյնը The Color of Money Առաջադրուած
1994 Թատրերգակի Լաւագոյն Դերասան Քչ ոք յիմար է Nobody's Fool Առաջադրուած
2002 Տղամարդու Բ․ Դեր Դէպի ամբողջական Կործանում Road to Perdition Առաջադրուած
2005 Հեռատեսիլի շարաժապաւէնի Լաւագոյն Բ․ Դեր Best Supporting Actor – Series, Miniseries or Television Film Կայսրութեան Անկումը Empire Falls Յաղթած

Էմի Մրցանակ Emmy Awards Խմբագրել

 
Փօլ Նիուման․ Քան Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնին ընթացքին

Էմի Մրցանակին Primetime Emmy Awards համար (կը շնորհուի «Հեռատեսիլի Արուեստի եւ Գիտութեանց Կաճառ»ին կողմէ), Փօլ Նիուման առաջարկուած է չորս անգամ եւ յաղթած է 2005, արժանանալով Լաւագոյն Բ․ Դեր Best Supporting Actor «Կայսրութեան Անկումը» շարաժապաւէնին մէջ իր խաղարկութեան համար։

Շարժանկարի քննարկման Ազգային Խորհուրդ National Board of Review (NBR) Խմբագրել

Փօլ Նիուման 1986-ին Ամերիկայի Շարժանկարի քննարկման Ազգային Խորհուրդին կողմէն կը ստանայ Տարուան Լաւագոյն Դերասանի Մրցանակը «Դրամին Գոյնը» The Color of Money ժապաւէնին համար։

Ուրիշ պարգեւատրումներ Խմբագրել

  • Նիումանի Օր Newman Day, հիմնուած 1976-ին Պէյթս Քոլէճի Bates College ուսանողներէն,
  • 1992-ին, «Քենետի Կեդրոնի Պարգեւներ» Kennedy Center Honors մրցանակը կը ստանայ կնոջը՝ Ճոան Ուտուարտին Joanne Woodward հետ,
  • Ճին Հերշոլթ Բարեսիրական Մրցանակ Jean Hersholt Humanitarian Award, (1994),
  • 1994-ին, կնոջ հետ՝ Ճոան Ուտուարտ Joanne Woodward կը ստանայ «Մեծագոյն Հանրային Ծառայութիւն Անբարենպաստներուն Օգտակար հանդիսանալ» Greatest Public Service Benefiting the Disadvantaged պարգեւը, տրուած՝ «Ճեֆերսոն Մրցանակներ Հիմնարկ»ին կողմէ Jefferson Awards Foundation,
  • Ամենալաւ Դերասան՝ «Քան Շարժապատկերի Փառատօն» Festival de Cannes (Երկար, Տաք Ամարը The Long, Hot Summer ժապաւէն),
  • Արծաթեայ Արջ Մրցանակ՝ «Պերլինի Միջազգային Շարժապատկերի Փառատօն», «Ոչ ոք Յիմար է» Nobody's Fool ժապաւէնին համար,
  • Տարուան Տղամարդը՝ 1968, Հարվարտ Համալսարանի թաերախումբին կողմէ,
  • Մարզական Ինքնաշարժներու Ամերիկայի Ակումբ Sports Car Club of America (SCCA) (SCCA Hall of Fame, (2009),
  • 2008-ի «Sport Movies & TV – Milano International FICTS Fest » հրատարակութիւնը կը ձօնուի Փօլ Նիումանին։

[6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24] [25] [26]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. http://www.nytimes.com/2008/09/28/movies/28newman.html
  2. Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. Barson M. Encyclopædia Britannica
  4. Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 Pas L. v. Genealogics — 2003.
  6. Վիճակագրութիւն ամենաշատ Մրցանակիրներու (անգլերէն)
  7. Փօլ Նիուման, կենսագրութիւն(անգլերէն)
  8. Նիումանի կենսագրութիւնը(անգլերէն)[permanent dead link]
  9. Ազգային Խորհուրդի Պարբերաթերթ, Ամերիկա(անգլերէն)
  10. Քենետի Կեդրոն, Փօլ Նիուման (անգլերէն)
  11. Paul Newman And Joanne Woodward At Home – Փօլ Նիուման եւ կողակիցը՝ իրենց տան մէջ (26-12-1958 հարցազրոյց) 16-12-2018(անգլերէն)
  12. Book details Paul Newman's charmed, and charming, 'Life' – Փօլ Նիումանի զմայլելի կեանքը, 4-5-2009(անգլերէն)
  13. Ճեֆերսոն մրցանակ (անգլերէն)
  14. PEN – Նիուման Մարդասիրական անշահարկելի Սեփականութիւն Հիմնարկին Newman's Own Foundation բարեփոխումներ կատարելու համար առաջին Մրցանակը PEN American Center. Ապրիլ 5, 2004.(անգլերէն)
  15. «Ինքնաշարժներու մրցարշաւի համայնքը կը սգայ Փօլ Նիումանի մահը․ Փօլ Նիուման՝ յաշատակումի արժանի մրցարշաւորդ, MARK VAUGHN, 28-9-2008(անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-03-08-ին։ արտագրուած է՝ 2021-02-11 
  16. Նիումանի առասպելացած անունը կը վերադառնայ ինքնաշարժներու մրցարշաւներուն․ 21-1-2021(անգլերէն)
  17. Փօլ Նիուման Վարորդը, Tom Stahler 17-4-2012(անգլերէն)
  18. «Նիուման Մարդասիրական անշահարկելի Սեփականութիւն Հիմնարկին նուիրատութիւնը(անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-02-01-ին։ արտագրուած է՝ 2021-02-11 
  19. Մարդասիրութիւնը Քաջալերող Ընկերակցութիւն Խնամակալութիւն(անգլերէն)
  20. Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Օգնութեան Միջազգային Ընկերակցութիւն Catholic Relief Services (CRS) 14-11-2011(անգլերէն)
  21. Reuters.com Փօլ Նիուման ու կողակիցը՝ Ճոան Ուտուարտ, 10 միլիոն տոլար կը նուիրեն, որպէսզի Քէնիոն Քոլեճին կրթաթոշակի հիմնադրամին, 2-6-2007(անգլերէն)
  22. GIVING BACK - ՓՕԼ ՆԻՈՒՄԱՆ՝ 2008 տարուան համար Ամենավեհանձն Համբաւաւոր Անձնաւորութիւնը, 1-11-2009(անգլերէն)
  23. «ctpost , Նիումանս Կալուածք Ընկերութիւնը, Ուսթփորթ քաղաքին հողատարածքներ կը նուիրէ, որպէսզի պահպանուին եւ կառավարուին Ասփեքթուք Լանդ Թրասթ Aspetuck Land Trust կազմակերպութեան կողմէն, 20-10-2011(անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-02-25-ին։ արտագրուած է՝ 2021-02-11 
  24. Փօլ Նիուման քաղցկեղէ կ՛ախտարոշուի, Յունիս 2, 2008(անգլերէն)
  25. Փօլ Նիուման կը մեռնի Թոքի քաղցկեղի պատճառով, Anne Mitchell, 28-9-2008(անգլերէն)
  26. Ahlanlive.com - Փօլ Նիումանի յուղարկաւորութիւնը, 1-10-2008(անգլերէն)

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Ամերիկայի Շարժանկարի քննարկման Ազգային Խորհուրդ(անգլերէն)
  2. Օքինաուայի Կռիւ(անգլերէն)
  3. Անիւին վրայ․ ABC հեռատեսի վաւերագրական ինքնաշարժարշաւին․ հիւրընկալող՝ Փօլ Նիուման (անգլերէն)
  4. Փօլ Նիումանի Օր(անգլերէն)
  5. Մարզական Ինքնաշարժներու Ամերիկայի Ակումբ(անգլերէն)
  6. Փօլ Նիումանի ժապաւէնագրութիւն(անգլերէն)
  7. Ճեֆերսոն Մրցանակներ(անգլերէն)
  8. Քանի Շարժապատկերի Փառատօն(անգլերէն)
  9. theguardian – Փօլ Նիումանի նկարներ(անգլերէն)
  10. Երիտասարդ Ֆիլատելֆիացիները, ժապաւէն, 1959(անգլերէն)
  11. Շտապողը, ժապաւէն, 1961(անգլերէն)
  12. Վճիռը, ժապաւէն 1982(անգլերէն)
  13. Խայթը, ժապաւէն 1973(անգլերէն)
  14. Ճոան Ուտուարտ(անգլերէն)
  15. Սքոթ Նիուման, դերասան(անգլերէն)
  16. Ելինոր Նիլ Նիուման(անգլերէն)
  17. «Նիումանս Կալուածք Ընկերութիւն»ը(անգլերէն)