Փօլ Պաղտատլեան (10 Յուլիս 1953(1953-07-10), Հալէպ, Սուրիա - 28 Յունիս 2011(2011-06-28), Կլենտէյլ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ երգիչ։

Փօլ Պաղտատլեան
Ծնած է 10 Յուլիս 1953(1953-07-10)
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մահացած է 28 Յունիս 2011(2011-06-28) (57 տարեկանին)
Մահուան վայր Կլենտէյլ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Սուրիա
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Տեսակ ժողովրդական երաժշտութիւն, փոփ երաժշտութիւն, ռապիզ եւ Ռեպեթիքօ
Մասնագիտութիւն դաշնակահար, երգիչ
Կայքէջ paulbaghdadlian.com

Պաղտատլեան ծնած է 1953 թուականին Հալէպ: Մանուկ տարիքին կը կորսնցնէ իր մայրը եւ 70-ականներուն կը փոխադրուի Պէյրութ

Պաղտատլեանի կեանքին մէջ  կարեւոր փուլ մը սկիզբ կ'առնէ, երբ կը ծանօթանայ երգիչ՝ Յարութ Փամպուքճեանին  հետ: Այնուհետեւ Պէյրութի մէջ հանդէս կու գայ տասնեակ երգահանդէսներով մինչեւ իր Լոս Անճելըս փոխադրուիլը՝ 1977-ին: 

Սփիւռքահայ երգարուեստի մէջ իր յատուկ ոճով եւ ձայնային կարողութիւններով Փօլ կը դառնայ սիրուած եւ ճանչցուած երգիչ մը: Կը համագործակցի ամերիկահայ անուանի երգիչներու հետ եւ կը հրապարակէ ազգային, աշուղական, սիրային եւ գաւառական երգացանկերով հարուստ տասնեակ սկաւառակներ:   

Ան քննադատուած է իբրեւ «Ռապիզ» երգի  ներկայացուցիչ, բայց հակառակ բոլոր  մեղադրանքներուն,  ան  դարձած է ճանաչելի կ'ըլլայ, ոչ միայն  սփիւռքի այլ նաեւ Հայաստանի մէջ:

Կը մահանայ 2011-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Staff Weekly (2011-06-28)։ «Paul Baghdadlian Passes Away (Updated)»։ The Armenian Weekly (en-US)։ արտագրուած է՝ 2020-07-02 

Աղբիւր

Խմբագրել
  • «Հայ երգեր» երգարան։