Քերեփեշի հանգստարան, հիմնուած է 1847-ին

Քերեփեշի հանգստարան (հունգարերէն՝ Kerepesi úti temetőՊուտափեշտի ամէնայայտնի գերեզմանատունն է: Հունկարիոյ ամէնահին գերեզմանատուներէն մեկն է, որ գրեթէ ամբողջութեամբ պահպանուած է:

Պատկեր:.jpg

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Հիմնուած է 1847-ին, մօտ է Արեւելեան Երկաթուղային կայարանին (հունգարերէն՝ Keleti pályaudvar) եւ անոր կարելի է հասնիլ Պուտափեշտի Մեթրոյի 2րդ գիծով, քանի որ կեդրոնէն ընդամենը երկու քիլոմեթրի վրայ է: Քերեփեշին Եւրոպայի ամէնամեծ Ազգային դամբարանոցային կառոյցներէն մեկն է իր շուրջ 56 հեքթար տարածքով: Երբեմն անոր կ'ըսեն Պուտափեշտի Փէր Լաշէզ:
Գերեզմանատունին մէջ առաջին յուղարկաւորութիւնը կատարուած է բացումէն երկու տարի անց՝ 1849-ին, որմէ ետք հոս ամփոփուած են շատ նշանաւոր մարդոց աճիւնները՝ պետական այրերու, գրագէտներու, ճարտարապետներու, դերասաններու, երգահաններու, գիտնականներու եւ այլն, անոնցմէ որոշներուն կառուցուած են յատուկ շիրիմներ կամ դամբարաններ:
1952-ին գերեզմանատունը յուղարկաւորութիւններու համար գոց յայտարարուած էր։ Մասնաւորաբար, պատճառաւ, որ անիկա ԵՀՊ-ին ատենը աւերուած էր, նաեւ, մասնաւորաբար, քաղաքական պատճառներով, քանի որ համայնաւարներու կառաւարութիւնը կը ձգտեր նսեմացնել «աշխատաւոր դասի» շիրիմներու օգտագործումը:

Նշանաւոր Ամփոփուածներ

Խմբագրել

Քերեփեշի հանգստարանը կը պարունակէ Հունկարիոյ երեք առաջատար պետական գործիչներու դամբարաններ՝

  • Lajos Batthyány
  • Ֆերենց Տէնք Ferenc Deák (1876)
  • Լայոշ Քոսաութ Lajos Kossuth (1894)
  • հոս կայ նաեւ 1868-ին կառուցուած դամբարան մը, Հունկարիոյ ծանր արդիւնաբերութեան հիմնադիր Ábrahám Ganz-ի պատուին

Այլ նշանաւոր անձերն են՝

 
 
 
 
 
 
Կոթողներ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին Jղումներ

Խմբագրել