Քրիստափոր Բագրատունի

Քրիստափոր Բագրատունի, ծնած 22 Յունիս, 1929-ին, զաւակն էր Մանասէ եւ Մանուշակ Բագրատունիներուն: Մայրը Ցեղասպանութենէն վերապրած՝ 4 տարի քիւրտերու մէջ ապրելէ ետք, փոխադրուած է Հալէպի որբանոցը եւ ծանօթացած է հալէպաբնակ Մանասէ Բագրատունիին:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ութ տարեկանին, Քրիստափորը ծնողքին հետ Հալէպէն փոխադրուած է Պէյրութ, ուր ան յաճախած է Համազգայինի Ճեմարանը՝ երկրորդ նախապատրաստականէն մինչեւ առաջին լսարան (այսինքն՝ ութ տարի): Լսարանին մէջ աշակերտած է Լեւոն Շանթին, Ն. Աղբալեանին եւ Կարօ Սասունիին:

Ճեմարանէն ետք, յաճախած է Ամերիկեան համալսարանի ֆրանսական բաժինը եւ ստացած ֆրանսական երկու պաքալորէաները: Ապա, երկու տարի հետեւած է նոյն համալսարանի ամերիկեան բաժինի դասընթացքներուն:

19 տարեկանին, ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան ճամբով, միացած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն:

Այնուհետեւ, ան աշխատած է որպէս ընկ. Դրօ Կանայեանի քարտուղարը եւ անոր տան մէջ վայելած է ընկ. Սիմոն Վրացեանի ներկայութիւնը։

senopakradouni Այս ընթացքին ծանօթացած է Խաթուն Սրապեանին, որ ճեմարանի գրադարանապետն էր, միեւնոյն ժամանակ՝ ընկեր Վրացեանի քարտուղարը: Յուլիս 1, 1956-ին ամուսնացած են, կազմելով երջանիկ ընտանիք մը:

Յունուար 22, 1959-ին կը ծնի իրենց առաջին զաւակը՝ Սեւակը. յաջորդաբար Վիգէնը՝ Նոյեմբեր 11, 1962-ին, եւ Նայիրին՝ Դեկտեմբեր 14, 1963-ին:

1991-ին Սեւակը կ՛ամուսնանայ Աղաւնի Առաքելեանի հետ: Անոնք ունին 3 զաւակներ՝ Տայանա, Ճենիֆըր եւ Քաթրին:

Մէկ տարի առաջ ծնաւ իր ծոռը՝ Ճորճը:

Ընկ. Դրոյի մահէն ետք՝ 1956-ին, Ք. Բագրատունի աշխատած է Պէյրութի օդակայանը։ Ապա կնոջ եւ Սեւակին հետ մեկնած է Ղանա, Ափրիկէ. հոն Թամալէ գիւղաքաղաքին մէջ պաշտօնավարած է Պարգեւ Գասարճեանի շինարարական ընկերութեան մէջ մինչեւ 1964, երբ ընտանեօք փոխադրուած է Մ. Նահանգներու Լոս Անճելըսի շրջանը:

Այստեղ ան պաշտօնավարած է դաստիարակչական շարժանկարներու ընկերութեան մը մէջ: Միաժամանակ, ան ուսած է Լոս Անճելըսի Նահանգային համալսարանին մէջ՝ հետեւելով ֆրանսերէնի ու ֆրանսական գրականութեան դասընթացքներու. ստացած է պսակաւոր արուեստի վկայականը (բարձր պատիւով նշուելով իբրեւ այդ տարուան բոլոր մարզերու աւարտականներէն լաւագոյնը): Նոյն համալսարանէն ստացած է մագիստրոսի (MA) տիտղոսը: Հետագային, ան շարունակած է իր ուսումը Քալիֆորնիոյ Ըրվայնի համալսարանին մէջ ու անցուցած տոքթորայի բոլոր քննութիւնները. երբ սկսած է իր թէզի պատրաստութեան, հրաւիրուած է ֆրեզնոյէն մէկ տարի առաջ Լոս Անճելըս փոխադրուած «Ասպարէզ» եռօրեային խմբագրութիւնը ստանձ-նելու:

Նոյն շրջանին, Պէյրութէն փոքր քոյրը՝ Սալբին, մայրը եւ հայրը կու գան միանալու Ռուբինային, որ արդէն Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ մանկապարտիզպանուհի էր: Այսպիսով, Բագրատունի ընտանիքը դարձեալ կ՛ամբողջանայ:

Շուրջ տասը տարի ան վարած է «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան պաշտօնը. այդ ժամանակաշրջանին թերթը նախ վերածուած է երկօրեայի (իր առանձին անգլերէն բաժինով) եւ տարի մը ետք օրաթերթի՝ ինքնաբաւ վիճակով:

«Ասպարէզ»ի խմբագրութեան շրջանին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին ներդրումով նախաձեռնած է «Ասպարէզ»ի տպագրութեան արդիականացման (computerization): Այս իրագործման մէջ Սալբին մեծ դեր ունեցած է:

Այդ շրջանին է, որ ան անդամակցած է Քալիֆորնիոյ Համազգայինի հիմնադիր վարչութեան:

1983-ին, «Ասպարէզ»ը ձգելէն ետք, Ք. Բագրատունի մէկ տարեշրջան եղած է ազգային վարժարաններու համար նորահաստատ Հայ Դատի դասընթացքի առաջին շրջուն ուսուցիչը:

Այնուհետեւ, 1984էն մինչեւ հանգստեան կոչուիլը, ան ֆրանսերէն դասաւանդած է Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի երկրորդական վարժարաններու մէջ:

Քրիստափոր Բագրատունի երիտասարդ տարիքէն իսկ մասնակցած է ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներու, խորհրդաժողովներու, եւ շրջան մը եղած է Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Կուսակցական գործունէութիւններու մասնակցութիւնը եղած է իր կեանքի առանցքը:

Քրիստափոր Բագրատունի իր հանրային կեանքի կողքին եղած է նուիրեալ ամուսին եւ հայր, մղելով իր զաւակները բարձր ուսումի եւ վկայականներու:

2000-ին, երբ զօրավար Դրոյի աճիւնները հայրենիք վերադարձնելու յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, ան ընկերացաւ այդ շքախումբին, եւ միեւնոյն ժամանակ բախտը ունեցաւ առաջին անգամ ազատ հայրենիքը այցելելու: 2004-ին, իր կնոջ եւ Վիգէնին հետ, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Պատմական Հայաստանի շրջագայութեան մասնակցեցաւ՝ իրականացնելով երկար տարիներու իր երազը:

Առ ի գնահատանք իր մշակութային, գրական, խմբագրական եւ հանրային երկար տարիներու բազմաբեղուն ծառայութեան, Քրիստափոր Բագրատունի արժանացած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին: