Օդի ջերմաստիճան
Օդի ջերմաստիճան, օդի ջերմային վիճակի բնութագրում[1]:
Օդին ջերմաստիճանը կը տատանի ըստ բարձրութեան:
Լերան գագաթին ջերմաստիճանը
ԽմբագրելԸնդհանրապէս օդը աւելի պաղ կ'ըլլայ լերան գագաթը, քան հովիտին մէջ կամ ծովեզերքը:
Գոյութիւն ունին նոյնիսկ լեռներ, որոնց գագաթը միշտ ձիւնով ծածկուած կ'ըլլայ: Այս պարագային արեւուն հեռաւորութիւնը դեր չի խաղար: Արեւը կը գտնուի երկրագունդէն մօտաւորապէս 150 միլիոն քմ հեռու: Այդ քանի մը հազարաւոր մեթրերը տարբերութիւն մը չեն յառաջացներ օդի փոփոխութեան մէջ, նոյնիսկ երբ մարդ աշխարհի ամէնէն բարձր լերան գագաթը՝ Էվերեսթի վրայ գտնուի:
Այս երեւոյթը կը բացատրուի օդի ճնշումին ազդեցութեամբ, այսինքն` այն ուժը, որ օդը ի գործ կը դնէ մակերեսի մը վրայ:
0 (զերօ) բարձրութեան վրայ, այսինքն` ծովու միջին մակարդակին վրայ, իւրաքանչիւր քառակուսի մեթր «ճնշուած է» 10 թոն օդի սիւնով մը: Այս թիւը միջին հաշիւ մըն է: Ան կը փոխուի ըստ խոնաւութեան, ջերմաստիճանին, հովերուն:
Բարձրութեան վրայ նուազ օդ կայ: Հետեւաբար ճնշումը կը նուազի:
Օդը կազմող կազի մասնիկները
ԽմբագրելՕդը կազմող կազի մասնիկները աւելի տեղ ունին: Անոնք կ'ընդլայնին, ուժանիւթ կը կորսնցնեն եւ կը պաղին: Ասոր կողքին, որովհետեւ անոնց թիւը աւելի նուազ կ'ըլլայ բարձրութեան վրայ, օդի մասնիկները իրարմէ կը հեռանան եւ նուազ շարժուն կը դառնան, իսկ երբ անոնք շատ շարժին, մարդուն զգացած օդը աւելի տաք կ'ըլլայ: Որովհետեւ անոնք աստիճանաբար կը փոխանցեն իրենց շարժումը, հետեւաբար` տաքութիւնը, մարդու մարմինին: Այս պատճառով ալ, որովհետեւ այդ մասնիկները նուազ կը շարժին, մարդիկ նուազ տաք կը զգան:
Ուրիշ կարգաւորումներ եւս ունին իրենց ազդեցութիւնը այս երեւոյթին վրայ, ինչպէս` օդին խոնաւութիւնը, ամպերու ներկայութիւնը, անձրեւը, ձիւնը, բուսականութիւնը, հողին տեսակը, եւ այլն: Սակայն առանց այս պայմանները հաշուի առնելու, 1 աստիճան տաքութիւն կը կորսուի 100-150 մեթր բարձրութեան վրայ[2]: