Օննիկ Արզուման

Հայ գրաշար, հրատարակիչ, տպարանատէր։

Օննիկ Արզուման (1 Մարտ 1880(1880-03-01), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ գրաշար, հրատարակիչ, տպարանատէր։

Օննիկ Արզուման
Ծնած է 1 Մարտ 1880(1880-03-01) (144 տարեկան)
Ծննդավայր 1922 թուականէն ետք
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն գրաշար, հրատարակիչ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Կ.Պոլիս։ 1892-ին, տասներկու տարեկան հասակին Պոյաճեան տպարանը աշխատանքի մտած եւ գրաշար Տիգրան Մանտալճեանին աշակերտը եղած է անկէ սորվելով գրաշարութիւն եւ տպարանային այլեւայլ գործեր (մինչեւ 1896)։

1896-1898 թուականներուն, աշխատած է Վառնայի մէջ (Պուլկարիա)։ Կ. Պոլիս վերադառնալէ ետք աշխատած է «Արեւելք» պարբերականի տպարանին մէջ, ուր տպագրած է նաեւ «Մասիս» օրաթերթը, 1899 թուականին Գ. Գայսէրեանի տպարանը՝ Ղ. Բոլատի «Հանրագիտակ»-ը, եղած է անոր «Ծաղիկ» օրաթերթի գրաշարապետը։ 1900-ին՝ «Ծաղիկ» ի հրատարակութիւնը դադրելէ ետք, Սագայեանի հետ ընկերովի շարունակած են նոյն տպարանը՝ միինչեւ 1908-ի սահմանադրութեան հռչակումը։

1908 թուականին հիմնադրած է սեփական տպարան, որ գործած է մինչեւ 1920-ական թուականները, տպագրած է գեղարուեստական (Զ. Եսայեան («Կեղծ հանճարներ», 1909), Թէոդիկ («Կաղանդ», 1910), Տ. Չէօկիւրեան («Վանքը», 1914), Վ. Թէքէեան, Սիամանթօ, Խրիմեան Հայրիկ եւ ուրիշներ), թարգմանական, կրօնական գիրքեր, դասագիրքեր եւ այլն (աւելի քան 200 անուն), ինչպէս նաեւ «Կառափնատ», «Պարտիզակ», «Կավռօշ», «Մարմնամարզ», «Փարոս», «Ոստան», «Տաճար», «Րահնիւմա», «Բժիշկ» եւ այլ պարբերականներ (գրաշարապետ՝ Վահրամ Գէորգեան

Օննիկ Արզուման մահացած է 1922 թուականէն ետք, Կ. Պոլիս։

Աղբիւններ

Խմբագրել