Ֆրիտիոֆ Նանսենի Կիսանդրի (Երեւան)


Ֆրիտիոֆ Նանսենի կիսանդրի, կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Աբովեան-Մոսկովեան փողոցներուն հարող տարածքին մէջ։ Տեղադրուած է 9 Նոյեմբեր 2011-ին։

Ֆրիտիոֆ Նանսենի Կիսանդրի

Ֆրիտիոֆ Նանսենի Կիսանդրի
Ընդհանուր տեղեկուներ
Համայնք Կենտրոն
Կը Գտնուի Աբովեան-Մոսկովեան փողոցներուն հարող տարածքին մէջ
Քանդակագործ(ներ) Գարեգին Դաւթեան
Ճարտարապետ(ներ) Ասլան Մխիթարեան
Հիմնադրում 2011
Շինարարութեան աւարտ 2011,
9 Նոյեմբեր

Պատմութիւն Խմբագրել

Նորվեկացի նշանաւոր բեւեռախոյզ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Ֆրիտիոֆ Նանսենը առաջիններէն էր, որ անձնուիրաբար օգնութեան հասաւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայերուն։ Հազարաւոր հայ գաղթականներ ստացան անձը հաստատող այն վկայականը, որ յետոյ պէտք է կոչուէր «Նանսենեան անձնագիր»։

Հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամի կիսանդրին Երեւանի մէջ տեղադրուած է անոր ծննդեան 150-ամեակի տօնակատարութիւններու շրջանակներուն։

Կիսանդրիի բացման արարողութեան մասնակցած են ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, Նորուեկիայի Թագաւորութեան արտաքին գործերու նախարար Եոնաս Գահր Շտիորէն, Նանսենի թոռնուհին՝ Մարիտ Գրեւը, փոխուարչապետ Արմէն Գէորգեանը, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, Հայաստանի հաւատարմագրուած դեսպաններ եւ քաղաքացիներ[1]։

Քանդակագործը կիսանդրին կերտած է ստեղծագործական նորոյթներով՝ թեք տեղադրուած կիսանդրի ձեռքերով։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Երեւանի մէջ բացուած է Ֆրիտիոֆ Նանսենի արձանը. անոր տեղը արդէն քննադատութեան արժանացած է[permanent dead link]