KitKat, տուրմով ծածկուած կսկուծ մըն է: Ստեղծուած է Rowntree-ին կողմէ Անգլիոյ մէջ։ Nestlé ընկերութիւնը 1988 թուականին[1] գնած է KitKat-ի արտադրութիւնը եւ մինչեւ այսօր կը վաճառուի համաշխարհային գծով: Բուն կսկուծը կը կազմուի 2 կամ 4 մատիկներէ, բաժնուած եւ ծածկուած է մի քանի արտաքին տուրմի յարկերով: KitKat-ը նաեւ ունի տարբեր համեր:

KitKat-ի համաշխարհային պատկերը:
KitKat-ի չորս մատիկները:

Պատմութիւն

Խմբագրել

KitKat անունը եկած է 18-րդ դարէն, երբ KitKat անունով կարկանդակներ կը հրամցուէին Լոնտոնի մէջ կայացած քաղաքական գործիչներու ժողովներուն ընթացքին:

1920 թուականին Rowntree-ն առաջին KitKat-ին ծագումը կատարեց Անգլիոյ մէջ[2]: Անոր սկիզբի ծագումներուն ժամանակ, KitKat-ին ուղղագրութիւնը տարբեր էր եւ կը գրուէր KitCat ձեւով, այս մէկը շարունակուեցաւ մինջեւ 1930 թուական որմէ ետք Rowntree իր կեդրոնացումը եւ արտադրութիւնը շեղեց Dairy Milk վաճառանիշին վրայ։ Այս հետեւանքով՝ KitKat-ի վաճառանիշը տկարացաւ եւ վերջ գտաւ: 4 մատիկներէ կազմուած կսկուծը երկրորդ անգամ կրկին լոյս տեսաւ գործաւորի մը կողմէ որ կ'աշխատէր Եորք գործատեղին մէջ։ Այս կսկուծը թողարկուած է 29 Օգոստոս, 1935 թուականին, Rowntree's Chocolate Crisp հրատարակչութեան անունով եւ վաճառուած է Անգլիոյ մէջ:

Kitkat-ին համապատկերը կը փոխուի Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, ու թուղթին տեսքն ու գոյնը կը դառնան կապոյտ: կը փոխուի նաեւ անոր համը եւ այսպիսով, շրջան մը KitKat-ը կը դառնայ լեղի տուրմ[3]:

Այս արտադրեալ իրը մեծ յաջողութիւն արձանագրելով Անգլիոյ մէջ, կը սկսի արտադրուիլ Քանատայի, Իրլանտայի, Աւստրալիոյ, Նիւ Զիլանտի եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ 1958 թուականին Տոնալտ Կիլզ, որ այս ընկերութեան պատասխանուներէն մէկն էր, կը ստեղծէ KitKat-ին համաշխարհային ծանուցումը՝ "Have a Break, Have a Kit Kat"[4]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Nestlé UK Website- History of Rowntree»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 18 March 2007-ին։ արտագրուած է՝ 4 April 2007։ «1988 – Nestlé SA buys Rowntree plc.» 
  2. «Happy 75th birthday Kit Kat] Nestlé»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 15 October 2010-ին։ արտագրուած է՝ 10 October 2010 
  3. «City stadium takes sponsor's name»։ BBC News (London: British Broadcasting Corporation)։ 18 October 2005։ արտագրուած է՝ 5 May 2013 
  4. «Ben Viveur: Tuck Off»։ Ben Viveur։ 21 June 2014։ արտագրուած է՝ 25 June 2014 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել