«Աշոտ Երկաթ» Պատմավէպ
«Աշոտ Երկաթ» պատմավէպին հեղինակն է վիպագիր Բագրատ Այվազեանց (1862-1934):
Պատմավէպը վերահրատարակուած է տասը անգամ: Հինգ անգամ հրատարակուած է Թիֆլիսի մէջ` 1893-ին, 1900-ին, 1903-ին, 1910-ին եւ 1914-ին: Հրատարակուած է նաեւ Գահիրէ` 1936-ին, Պէյրութ` 1940-ին եւ 2019-ին, Երեւան` 1964-ին եւ Թեհրան` 1984-ին:
Պատմավէպին մասին
ԽմբագրելՊատմավէպին դէպքերը տեղի կ'ունենան Ժ. դարու առաջին քառորդին: Աշոտ Ա. Բագրատունիի կողմէ հայկական պետականութեան վերահաստատումէն ետք, անոր կը յաջորդէ իր զաւակը` Սմբատ Ա., որուն իշխանութեան ժամանակաշրջանը կը յատկանշուի արտաքին եւ ներքին թշնամիներու դէմ անդադրում եւ սպառիչ պայքարով: Մէկ կողմէ կային Ատրպատականի արաբ ոստիկան Եուսուֆին սադրանքները հայկական պետականութեան դէմ եւ անոր իրերայաջորդ զինուորական արշաւանքները Հայաստանի սիրտին մէջ, իսկ միւս կողմէ ալ կային հայկական զանազան իշխանութիւններու եւ նախարարական տուներու կեդրոնախոյս ձգտումները եւ դաւադրութիւնները օրինական թագաւորին դէմ, ամէն գնով անկախանալու եւ իրենց շրջաններուն մէջ թագաւոր դառնալու իրենց տենչը կը գերիշխէր:
Սմբատ Ա. թագաւոր չի կրնար դէմ դնել այս բոլոր ներքին թէ արտաքին վտանգներուն, եւ ի վերջոյ, Կապոյտ բերդի երկարատեւ պաշարումէն ետք կը ստիպուի անձնատուր ըլլալ Եուսուֆ ոստիկանին[1], որ թագաւորը իբրեւ գերի կը տանի Դուին եւ հոն ալ գլխատել կու տայ զայն:
Սմբատ Ա. Բագրատունի թագաւորի նահատակութենէն ետք, հայոց աշխարհին մէջ կը տիրէ բաւական խառնաշփոթ կացութիւն, արաբ Եուսուֆ ոստիկանին համար ասիկա լաւագոյն առիթը կ'ըլլայ ի սպառ ջնջելու հայկական պետականութիւնը եւ վերահաստատելու արաբական տիրապետութիւնը Հայաստանի վրայ: Ան հայոց աշխարհի մէկ շրջանէն միւսը կ'արշաւէ` մահ ու աւեր սփռելով: Մինչեւ իսկ չի խնայեր դաւաճանական կեցուածք որդեգրած եւ իր կողմը անցած հայ իշխաններն ու նախարարները, որոնք վախնալով արաբ ոստիկանէն` կը քաշուին իրենց կալուածները եւ կ'ամրանան իրենց բերդերուն մէջ[2]:
Երկիրին պարզած խառնաշփոթ այս վիճակին մէջ 914-ին արաբական զօրքերէն երկիրը ազատագրելու դրօշը կը բարձրացնէ Սմբատ Ա. թագաւորին զաւակը` Աշոտ Բ. Բագրատունի, որ սակաւաթիւ համախոհներու գլուխ անցած` յանկարծական յարձակումներով կը փորձէ իր հօրը նահատակութեան վրէժը լուծել եւ վերահաստատել Բագրատունեաց գահը: Իր ձեռնարկած ազգային-ազատագրական այս պայքարին մէջ Աշոտ Բ. Բագրատունի կը յաջողի ձեռք ձգել նաեւ ժողովրդային լայն խաւերուն աջակցութիւնը: Իր այս պայքարին մէջ Աշոտ Բ. Բագրատունի ստիպուած կ'ըլլայ նաեւ դէմ դնել հայ իշխաններու երկպառակութիւններուն եւ իր դէմ նիւթած դաւադրութիւններուն: Հայ իշխաններուն շարքին էին նաեւ իր հարազատ ազգականները, որոնց շարքին էր իր հօրեղբօր որդին` Աշոտ սպարապետը, որ կը ձգտէր տիրանալ հայոց թագաւորի տիտղոսին: Սակայն վերջինէս առաջ թագաւոր դառնալու ձգտումներ ունէր նաեւ Վասպուրականի իշխանը` Գագիկ Արծրունին, որ տակաւին Սմբատ Ա. Բագրատունի թագաւորին դէմ մղուած պայքարի ծիրին մէջ 908-ին Ատրպատականի Եուսուֆ ոստիկանին կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ Վասպուրականի թագաւոր:
Աշոտ Բ. Բագրատունի տեսնելով, որ առանձինն, սակաւաթիւ համախոհներու գլուխ անցած, չի կրնար երկիրը ազատագրել արաբական բռնագրաւումէն եւ կառուցել միասնական պետութիւն մը, կ'երթայ Բիւզանդիոն, ուր Կոստանդին կայսեր կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ համայն հայոց թագաւոր եւ բիւզանդական օգնական զօրքի գլուխն անցած վերադառնալով Հայաստան` կը շարունակէ իր կիսատ ձգած ազատագրական պայքարը: Ան իր արիութեան եւ քաջութեան համար ժողովրդային լայն խաւերուն կողմէ կը կոչուի Աշոտ Երկաթ: Աշոտ Երկաթ թագաւորին կ'օժանդակէ ուխտապահ համախոհներու խումբ մը` գլխաւորութեամբ Գէորգ Մարզպետունի իշխանին:
Մինչ հայոց կաթողիկոսը, աստանդական ու թափառական վիճակի մէջ, հայոց իշխաններուն պաղատագին նամակներ կը յղէ միաբանուելու եւ բոլորուելու հայոց օրինական թագաւորին` Աշոտ Երկաթի շուրջ, անդին, Ժ. դարու Ղեւոնդ Երէցը` Մարտիրոս վանահայր իր քարոզներով կը խանդավառէ գիւղերու ու քաղաքներու բնակիչները, անոնցմէ աշխարհազօրային զինեալ խմբակներ կը կազմէ` թեւ եւ թիկունք կանգնելու համար հայոց թագաւորին, հայրենիքը ազատագրելու իր աշխատանքին մէջ: Այս պայմաններուն մէջ է, որ Աշոտ Երկաթ 922-ին Սեւանայ լիճին մէջ արաբներուն դէմ վերջնական յաղթանակը կը տանի, եւ անկէ ետք արաբները այլեւս չեն համարձակիր յարձակիլ Հայաստանի վրայ:
Մեկնելով «Աշոտ Երկաթ» պատմավէպին դիպաշարէն` կարելի է նկատել այն անքակտելի կապը, որ գոյութիւն ունի հայ ուխտեալ, ժողովրդանուէր քաղաքական ղեկավարութեան, ժողովուրդին համեստ խաւերուն եւ Հայ եկեղեցւոյ միջեւ, հայութիւնը տագնապեցնող մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու առումով: Եւ այս եռամիասնութիւնը ճիշդ ու այժմէական է բոլոր ժամանակներուն, մասնաւորաբար` ազգային-ազատագրական պայքարի ժամանակ:
Բագրատ Այվազեանց լռելեայն նմանութիւններ ցոյց կու տայ Ժ. դարու սկզբնաւորութեան եւ ԺԹ. դարու վերջի ու Ի. դարու սկզբնաւորութեան հայ ազգային-ազատագրական պայքարներուն միջեւ: Եւ բնականաբար ճիշդ ասոր մէջ է, որ կը կայանայ «Աշոտ Երկաթ» պատմավէպին պատգամին այժմէականութիւնը[3]: