Ազատ Բեմ (թերթ)
Գրական, քաղաքական շաբաթաթերթ։
«Ազատ բեմ», գրական, քաղաքական շաբաթաթերթ, այնուհետեւ՝ եռօրեայ։
Ազատ Բեմ Ազատ բեմ | |
---|---|
Տեսակ | շաբաթաթերթ[1] |
Լեզու | հայերէն |
Հրատարակման վայր | Աղեքսանդրիա[1] եւ Գահիրէ[1] |
Լոյս տեսած է 1903-1907 թուականներուն, Աղեքսանտրիա, ապա՝ Գահիրէ։ Խմբագիրներ՝ Երուանդ Օտեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Վահան Թէքէեան, Լեւոն Լարենց, Բարսեղ Օհանեան, Օննիկ Թաշճեան։
Ունեցած է վերակազմեալ հնչակեան ուղղութիւն, այնուհետեւ դարձած է նոյնանուն կուսակցութեան թերթը։ Տպագրած է գրական նիւթեր, անդրադարձած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հայութեան կեանքին, ռուսական առաջին յեղափոխութեան, Անդրկովկասի միջազգային ընդհարումներուն։
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
ԽմբագրելԱյս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |