Ազարիկ (բժիշկ)
Ազարիկ (բժիշկ), հայ բժիշկ։
Մահացած է | 1915 |
---|---|
Մահուան պատճառ | Հայոց ցեղասպանութիւն |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ, դեղագործ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԴեղագործական կրթութիւն ստացած է եւ դեղագործութեամբ զբաղած։ Ապրիլ 1915-ին բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ուրկէ աքսորուած է Չանղըրը՝ հայ մտաւորականներու խումբին հետ։ Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչի՝ 99 հատիկներէն մէկուն վրայ։ 1915-ին նահատակուած է ՏԷր Զօրի կողմերը։
Համրիչին պատմութիւնը
Խմբագրել11 Ապրիլ 1915-ին (24)-ին Թրքական կառավարութեան որոշումով Սթամպուլի ոստիկանութեան՝ նախապէս կազմած ցուցակով, ձերբակալուած են շուրջ 220 հայ մտաւորականներ՝ բժիշկներ, ուսուցիչներ, լրագրողներ, գրողներ, դեղագործներ, առեւտրականներ, փաստաբաններ, հոգեւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ, զորս բանտարկած են Կոստանդնուպոլսոյ մերձակայ Այաշ գիւղաքաղաքի բանտին մէջ։ Հոս՝ անոնցմէ 45-ը սպաննած են, իսկ մնացեալը՝ քանի մը օր ետք, տեղափոխած Չանղըրը քաղաքի աքսորավայրի բանտը։ Հոս սպաննած են շուրջ 80 հոգի։ Չանղըրըի մէջ աքսորեալներէն մէկը՝ թաղապետ Վարդերես Աթանասեանը (նահատակուած է), ձեռքին եղած համրիչին (տէր ողորմեա, համրիչ) 99 հատիկներուն վրայ փորագրած է իր եւ բանտին մէջ գտնուող միւս մտաւորականներու մէկ մասին անուններու սկզբնատառերը, սակայն, քանի որ համրիչին հատիկները սահմանափակ էին, ան մէկ հատիկին վրայ փորագրած է 2, իսկ ուրիշներու վրայ՝ 4 անուն։ Արդիւնքն այն է, որ համրիչը յաւերժացուցած է 103 անուններ։ Համրիչին հատիկներուն շարքը կապող քարին վրայ գրուած է. «Չանղըրը, 11 Ապրիլ 1915, Յիշատակ»: Ձերբակալուելէն քանի մը օր ետք, Վարդերես Աթանասեանի տունը թուրք կառապան մը կու գայ ու կնոջը` Սրբուհիին կ'ըսէ. - «Ձեր ամուսինն ինձ ժամացոյց մը նուիրեց ու խնդրեց, որ այս մասունքը յանձնեմ ձեզի»: Ու կու տայ այս համրիչը։ Համրիչը 1965-ին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին նուիրած է Վարդերես Աթանասեանի` 1946-ին ֆրանսայէն ներգաղթած դուստրը՝ Էօժենի Աթանասեան-Գուլբոլեանը (մահ. 1993)։ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի գիտաշխատող Կարինէ Աւագեան՝ համրիչին նուիրուած, գիրք հրատարակած է «Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի» (Ե., 2002), որուն մէջ հրապարակուած են համրիչին քարերուն վրայ մակագրուած անունները եւ առանձին ցանկ մը (Վահան Ալթունեան, Կարապետ Թաշճեան, Կոմիտաս, Միսաք Ճեւահիրճեան, Գասպար Չերազ, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, Դանիէլ Վարուժան եւ ուրիշներ), ուր իւրաքանչիւր անուան դիմաց ներկայացուած են տեղեկութիւններ՝ տուեալ անձին վերաբերեալ։ Ցանկին մէջ ընդգրկուած 35 հոգին սպաննած են, 61-ը ողջ մնացած են։ 7 հոգիին վերաբերեալ տեղեկութիւն չեն կրցած գտնել։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՅարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։