Աղասի Խանճեան

Հայ քաղաքական գործիչ, պոլշեւիկ-համայնավար յեղափոխական ու սովետահապետական ղեկավար գործիչ։

Աղասի Խանճեան (30 Յունուար 1901(1901-01-30)[1] կամ 30 Նոյեմբեր 1901(1901-11-30), Վան, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 9 Յուլիս 1936(1936-07-09)[1][2], Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1][2]), հայ քաղաքական գործիչ, պոլշե­ւիկ-համայնա­վար յեղափոխական ու սովետահայ-պետական ղեկավար գործի­չ։

Աղասի Խանճեան
Ծնած է 30 Յունուար 1901(1901-01-30)[1] կամ 30 Նոյեմբեր 1901(1901-11-30)
Ծննդավայր Վան, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 9 Յուլիս 1936(1936-07-09)[1][2]
Մահուան վայր Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Յա․ Սվերդլովի անվան կոմունիստական համալսարան?[1]
Մասնագիտութիւն կուսակցական աշխատող, պետական գործիչ
Անդամութիւն Սպարտակ?[1][2] եւ Կենտրոնական գործադիր կոմիտե?
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[1]

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Վան, ուր եւ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Վանի պարպումէն ետք, Խանճեան ընտանիքը գաղթական տեղափոխուած է Երեւան, ուր Խանճեան յաճախած ու աւարտած է Թեմական դպրոցը եւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը։

Տակաւին 16 տարեկան, 1917-ի Ապրիլին, Աղասի Խանճեան՝ արդէն կլանուած համառուսական յեղափոխութեան արձագանգներով՝ Ղուկաս Ղուկասեանի հետ հիմնած են Երեւանի այսպէս կոչուած «Երիտասարդ Մարքսիստ-Ինտերնացիոնալիստների Միութիւնը»։ Իսկ 1919-ին, նոյն Ղուկաս Ղուկասեանի եւ Ա. Բուդաղեանի հետ, Խանճեան հիմնած է «Հայաստանի երիտասարդ կոմունիստների Սպարտակ կազմակերպութիւն»ը, որ ամիս մը ետք՝ Մայիսին, սկսած է լոյս ընծայել իր ընդյատակեայ պաշտօնաթերթը՝ «Սպարտակ» անունով։

1919-ի Սեպտեմբերին, հեռակայ կարգով, Աղասի Խանճեան ընտրուած է Կոմունիստական Երիտասարդական Կազմակերպութեան Անդրկովկասի Բիւրոյի անդամ։

1920-ի Յունուարին մասնակցած է Երեւանի մէջ հայ համայնավարներու ընդյատակեայ առաջին համագումարին, որ հիմնած է Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութիւնը (Հ.Կ.Կ.) ու որոշած եւ ծրագրած է Հայաստանի Հանրապետութեան տապալումն ու խորհրդային կարգերու հաստատումը Հայաստանի մէջ։

1920-ի Մայիս Մէկի խռովութիւններուն մէջ իր ունեցած աշխոյժ գործունէութեան համար, 1920-ի Յուլիսին, Ա. Խանճեան ընտրուած է Հ.Կ.Կ.-ի Կենտկոմի անդամ եւ ամիս մը ետք, Օգոստոսին, երբ Հ.Հ. Պիւրօ- կառավարութիւնը խստացուցած է պոլշեւիկ խռովարարներու դէմ իր դիրքորոշումը, Ա. Խանճեան ձերբակալուեցած է ու 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, ազատ արձակուած եւ ընտրուած է Հ.Կ.Կ.-ի Երեւանի Կոմիտէի քարտուղար՝ Դեկտեմբեր 1920-էն մինչեւ Փետրուար 1921-ի համաժողովրդական ապստամբութիւնը, որմէ փախուստ տուած հայ պոլշեւիկներու հետ՝ Աղասի Խանճեան եւս հեռացած է Հայաստանէն, եւ ուղարկուած է Մոսկուա, որպէսզի ուսումը շարունակէ Սվերդլովի անուան Կոմունիստական համալսարանին մէջ։

1923-1928 տարիներուն, երբ «ռազմական կոմունիզմ»ը աւեր կը գործէր Հայաստանի տարածքին, Ա. Խանճեան ղեկավար աշխատանքի կոչուած է Լենինկրատի մէջ։ Բայց Օգոստոս 1928-ին, Քրեմլինի որոշումով, ան ուղարկուեցած է Երեւան՝ ստանձնելու համար Հ.Կ.Կ.-ի Կենտկոմի երկրորդ քարտուղարի պատասխանատուութիւնը։ 1930-ին նշանակուած է առաջին քարտուղար եւ մինչեւ պաշտօնազրկումն ու 9 Յուլիս 1936-ի Թիֆլիսի մէջ իր խորհրդաւոր մահը՝ ան մնացած է նոյն այդ պաշտօնին վրայ։

 

Խանճեանի մահուան հետ կապուած կան տարբեր վարկածներ․

  • Առաջին՝ իբրեւ պոլշե­ւիկ-կոմունիստի եւ «մարտա­կան» յեղափոխականի հռչակին արժա­նացած «խորհրդահայ հերոս»ի, 1928-ին Խորհրդային Հայաստա­նի պետական ղեկին տիրանալէ ետք, Աղասի Խանճեան ամբաստանուած եւ մեղադրո­ւեած է իբրեւ ազգայնական քաղաքական գործի­չի՝ «դաշնա­կիստ»ի եւ «Թրոցքիստ»ի ու պաշտօ­նազրկուեցաւ, ետքն ալ գնդակահարուած։
  • Երկրորդ՝ անոր մահէն քսան տարի ետք միայն, 17 Յուլիս 1956-ին, Խրուշչովեան տիրապետութեան օրերուն, Խանճեան պաշտօ­նապէս «արդա­րացուած է»՝ Խ.Մ.Կ.Կ. Կենտկոմի նախագահութեան որոշումով[3]։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել