Աճարիոյ Ճգնաժամ (2004)
Աճարիոյ ճգնաժամ (վրաց.՝ 2004 წლის აჭარის კრიზისი), քաղաքական-վարչական բախում՝ 2003-2004 թուականներուն (ճգնաժամ՝ Աճարիոյ Ինքնավար Հանրապետութեան, Ասլան Ապաշիձէի գլխաւորութեամբ եւ Թիֆլիսի պաշտօնական իշխանութիւններուն միջեւ, Միխայիլ Սահակաշվիլիի ղեկավարութեամբ):
Ճգնաժամը յետխորհրդային Վրաստանի մէջ անկայուն քաղաքական իրավիճակին հետեւանք էր, յատկապէս՝ «Վարդերու յեղափոխութենէն» ետք։ Ճգնաժամը կ'աւարտի իշխանութիւններուն հանրապետութեան ամբողջական ենթարկումով[1]։
Նախադրեալներ
ԽմբագրելԱճարիա ինքնավար հանրապետութիւն մըն է Վրաստանի մէջ, որուն հիմնական բնակչութիւնը աճարներ են (վրացիներու ազգագրական խումբ մը, որ վրացերէն կը խօսի։ Թրքական տիրապետութեան ընթացքին (ԺԶ. դարէն - 1878) հարկադրաբար ընդունած են իսլամութիւնը (մինչ այդ քրիստոնեաներ էին)։ Հակառակ բռնի թրքացման քաղաքականութեան, աճարները պահպանած են ազգային ինքնութիւնը, մայրենի լեզուն, մշակոյթի եւ կենցաղի ինքնատիպ ձեւերը):
1991-ին, Աճարիոյ Ինքնավար Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին նախագահը կը դառնայ Ասլան Ապաշիձէն: Քաղաքացիական պատերազմէն ետք, ան կը ստեղծէ իր անձնական բանակը՝ հակակշռելու զինուած խմբաւորումները, որոնք միացած էին Զվիատ Կամսախուրտիայի կողմնակիցներուն եւ հակառակորդներուն։ Ի տարբերութիւն Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսիայի ղեկավարներուն՝ Ապաշիձէ չէր ձգտեր լիակատար անկախութեան, այլ կը զարգացնէր զայն իբրեւ «ազատ տնտեսական գօտի»: Թէեւ մաքսային հասոյթները հանրապետութեան կը մնային, սակայն 2000-ին ան կը հասնի իր նպատակին եւ Վրաստանի Սահմանադրութեան մէջ յատուկ կէտ մը կ'աւելցնէ պետական կարգավիճակին մասին։ Փաստօրէն ան կը համարուի պետութեան կիսանկախ կառավարիչը։ Բացի ատկէ, Պաթումի մէջ կը տեղակայուի Ռուսիոյ Զինուած ուժերու 145-րդ մարտական գործողութիւններ վարելու զօրքերուն բաժանմունքը, որուն ղեկավարութեան հետ Ապաշիձէ ունէր ընկերական յարաբերութիւններ[2]։
Մինչեւ 1999, անոր կ'օգնէին նաեւ՝ ռուս սահմանապահ զօրքերը, բայց անոնց հեռանալէն ետք, ան ձեռնամուխ կ'ըլլայ իր սեփական սահմանապահ զօրքերուն կազմաւորման:
Աճարիոյ մէջ Ռուսական ռազմակայանին առկայութիւնը ռուսական ղեկավարութեան հնարաւորութիւն կու տար վերահսկելու Աճարիոյ վրայ։ Վրաստան կը փափաքէր զօրանալ Պաթումի մէջ։ Կար նաեւ հակամարտութեան տնտեսական լուրջ նախադրեալը. մինչեւ 2004, այսինքն՝ Վրաստանի վերահսկողութեան սահմանումը, Աճարիա ինքնուրոյն կը կառավարէր Թուրքիոյ հետ սահմանը եւ նաւերէն, ինքնաթիռներէն եւ ցամաքի բոլոր փոխադրամիջոցներէն գանձուող մաքսային հասոյթները (ըստ 2000-ին Վրաստանի Սահմանադրութեան մէջ կատարուած եւ 5 Յուլիս 2004-ին չեղարկուած փոփոխութեան):
Ճգնաժամ
ԽմբագրելԹիֆլիսի եւ Աճարիոյ Ընդդիմութիւն
Խմբագրել- Նոյեմբեր 2003-ին, Վրաստանի մէջ կը սկսին ընդդիմութեան հանրահաւաքները, որոնք կը մեղադրէին իշխանութիւնները՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները կեղծելու մէջ: Հետագային անիկա կը վերածուի «Վարդերու յեղափոխութեան»: Այդ ելոյթներուն ընթացքին, Ապաշիձէ կը պաշտպանէ երկրին նախագահ Էտուարտ Շեւարտնածէն: Ան աճարական պատկերասփիւռի կայանէն ելոյթի մը ընթացքին «Ազգային միասնական շարժման» ղեկավարներ Միխայիլ Սահակաշվիլին եւ Դաւիթ Բերձենեշվիլին կ'անուանէ «ֆաշիստներ», իսկ շարժումը՝ «ֆաշիստական»:
- 23 Նոյեմբերին, ընդդիմութեան կողմէ խորհրդարանին շէնքը գրաւուելէն ետք, Աճարիոյ կառավարութիւնը արտակարգ դրութիւն մը կը յայտարարէ[3]: «Վարդերու յեղափոխութենէն»[4] ետք Ասլան Ապաշիձէի յարաբերութիւնները նոր իշխանութիւններուն հետ կը վատանան, յատկապէս՝ ընդդիմութեան ղեկավար Միխայիլ Սահակաշվիլիի հետ։ Ապաշիձէ կը յայտարարէ, թէ ինք չի մասնակցիր նախագահական ընտրութիւններուն։ Նախագահական նախընտրական արշաւին Սահակաշվիլի կը յայտարարէ. «Աճարիա Ասլան Ապաշիձէի սեփականութիւնը չէ: Եթէ մէկը փորձէ այդ տարածքը Վրաստանէն անջատել, ես անոր համար պատրաստ եմ չորս պատով շինութիւն մը կառուցելու: Վրաստան պատրաստ է բանակցութիւններու, բայց անջատողականութիւն չենք հանդուրժեր:
- 4 Յունուար 2004-ին, ինքնավարութեան մէջ, տեղի կ'ունենան նախագահական ընտրութիւնները: Նոյն օրը Ապաշիձէ կը վերացնէ արտակարգ դրութիւնը:
- 7 Յունուարին, կրկին արտակարգ դրութիւն կը յայտարարէ: Յաջորդ օրը Վրաստանի Արդարադատութեան փոխնախարար Գիգի Ուգուլավա կը յայտարարէ.
- Միխայիլ Սահակաշվիլի նախագահ ընտրուելուն զուգընթաց, Թիֆլիսի եւ ինքնավարութեան միջեւ յարաբերութիւնները հետզհետէ կը սրին։
- 22 Յունուարին, Սահակաշվիլի կը յայտարարէ. «Վրաստան միասնական երկիր է, ով որ կ'ընդդիմանայ, թող հեռանայ հոսկէ: Ես կարգ ու կանոն կը հաստատեմ Աճարիոյ մէջ։ Աճարական իշխանութիւններուն հանդէպ ո՛չ մէկ ճնշում կամ բռնութիւն կը բանեցնեմ, բայց մէկ բան պէտք է բոլորը հասկնան, թէ վրացական հողի իւրաքանչիւր քառակուսի սանթիմեթր վերահսկողութեան տակ կը մնայ»:
- 5 Յունուարին, Սահակաշվիլի կը ժամանէ Պաթում, ուր Ասլան Ապաշիձէն կ'ընդունի Պաշտապանութեան նախարարութեան ստորաբաժանումներու, սահմանապահ զօրքերու եւ Վրաստանի ՆԳՆ ներքին զօրքերու մասնակցութեամբ զինուորական շքերթը: Հազիւ Վրաստանի նախագահը կը ձգէ Պաթումը, անոր կողմնակիցները, կը գոչեն «Միշա՜, Միշա՜» եւ լոզունգներ կը հնչեցնեն ընդդէմ աճարական ղեկավարութեան, կը շարժին դէպի Գերագոյն խորհուրդին շէնքը, ուր զանոնք կը ցրուեն Աճարիոյ ՆԳՆ յատուկ ստորաբաժանումները: Այս արշաւին դէմ Ասլան Ապաշիձէի կողմնակիցները կը կազմակերպեն իրենց բազմահազարանոց ցոյցը: Այն ատեն, Գոնիոյէն դէպի Պաթում կ'ուղեւորուի Սահակաշվիլիի համախոհներու խումբ մը եւս, բայց աճարական իշխանութիւններուն ընդդիմադիր «Մեր Աճարիան» կազմակերպութեան ղեկավար Դաւիթ Բերձենիշվիլիի դիմումէն ետք, իրավիճակը կը կայունանայ:
- Փետրուարին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի կ'այցելէ ԱՄՆ եւ ելոյթ ունենալով Ճոն Հոփքինսի համալսարանի մէջ՝ կը յայտարարէ. «Ես ու Ապաշիձէն չենք կրնար միատեղ գործել»:
- 14 Մարտ 2004-ին, յատուկ նշանակութեամբ կազմաւորուած Աճարիոյ Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան զինծառայողները եւ Ապաշիձէի կողմնակիցները նախագահ Սահակաշվիլիի եւ Վրաստանի ՆԳ նախարար Ճիորճի Պարամիծէի շքերթին չեն թոյլատրեր մուտք գործել ինքնավարութեան տարածք: Յաջորդ օրը, վրացական իշխանութիւնը որոշում կը կայացնէ իրականացնելու «շարք մը սահմանադրական միջոցառումներ Աճարիոյ անջատողական ռեժիմը արգելափակելու համար», իսկ Սահակաշվիլի կը յայտարարէ.
- 18 Մարտին, խորհրդարանի նախագահ Նինօ Պուրճանաձէի հետ համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք, Պաթումի մէջ, կը կայանայ Միխայիլ Սահակաշվիլիիի եւ Ասլան Ապաշիձէի հանդիպումը, որուն ընթացքին Սահակաշվիլի կը համաձայնի Աճարիոյ տնտեսական շրջափակումը վերցնել, իսկ Ապաշիձէն՝ զինաթափել զինուած խմբաւորումներն ու չխոչընդոտել ինքնավարութեան տարածքին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու գործընթացը: Բայց չորս օր ետք՝ Վրաստանի նախագահը Աճարիոյ ղեկավարը կը մեղադրէ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն փլուզման համար։
- 23 Մարտին, Վրաստանի ԱԳ նախարարութիւնը չեղեալ կը համարէ Աճարիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու արտերկրեայ անձնագիրերը, ներառեալ՝ Ասլան Ապաշիձէինը, անոր որդիին՝ Ճորճի Ապաշիձէինը եւ Աճարիոյ ՆԳ նախարար Ճեմալ Գոգիձէինը, իսկ Վրաստանի Ազգային դրամատունը ձեռնամուխ կ'ըլլայ Պաթումի Ծովային դրամատան լուծարման:
- 25 Մարտին, ելոյթ ունենալով պաթումական պատկերասփիւռի կայանէն, Ապաշիձէ կը յայտնէ, թէ չէ պատրաստուած զինաթափելու ընդդիմադիրներու խումբերը։
- 28 Մարտին, տեղի կ'ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք սակայն ճգնաժամը չեն թեթեւցներ։ Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը Խոլոյսկի եւ Քոբուլեթի քաղաքապետարաններուն մէջ, քուէարկութեան արդիւնքները կը չեղարկեն, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ Ասլան Ապաշիձէի «Վերածնունդ» կուսակցութիւնը յաղթած էր, բայց կրկնակի քուէարկութիւն կատարելու փորձին ատեն, տեղի բնակիչները ընտրութիւններու ընթացքին, յանձնաժողովին ժամանակաւոր շէնքը քարուքանդ կ'ընեն եւ կ'ոչնչացնեն Թիֆլիսէն բերուած բոլոր փաստաթուղթերը: Այս երեւոյթը կրկին կը սրէ իրավիճակը: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ Ապաշիձէի «Վերածնունդ» կուսակցութիւնը կը ստանայ աւելի քան 3% ձայն, որմէ ետք Աշխատաւորական կուսակցութեան հետ իշխանութիւնները կը մեղադրեն քուէարկութեան արդիւնքները կեղծելու մէջ:
- 22 Ապրիլին, նորընտիր խորհրդարանին առաջին նիստին, Միխայիլ Սահակաշվիլի կոչ կ'ընէ խորհրդականներուն անհանդուրժողական դիրքորոշում որդեգրելու Ապաշիձէի հանդէպ, որ աճարներու շահերը չի ներկայացներ, այլ կը հանդիսանայ յանցագործներու, մարդասպաններու եւ թմրանիւթերու առաքիչներու պետ:
«Աճարական Յեղափոխութիւն»
Խմբագրել- Ապրիլի կէսերուն, Ասլան Ապաշիձէի ենթակայութեան տակ, իր զօրամասով կ'անցնի Վրաստանի Զինուած ուժերու պաթումական 25-րդ հրաձգային միաւորէն՝ հրամանատար Ռոման Դումբաձէն:
- 21 Ապրիլին, Աճարիոյ ղեկավարին ենթակայութեան տակ կ'անցնի Վրաստանի ՆԳ նախարարութեան Ներքին զօրքերու 3-րդ վարչութիւնը՝ գնդապետ Մուրատ Ցինցինաձէի ղեկավարութեամբ:
- 27 Ապրիլին, Ապաշիձէ Աճարիոյ ինքնավարութեան մէջ, համընդհանուր զօրահաւաքի հրամանագիր մը կը ստորագրէ: Միաժամանակ ինքնավարութեան ղեկավարին անձնական հրամանատարութեան տակ գտնուող արագ արձագանգման խումբէն քանի մը ծառայողներ կը ձգեն Աճարիան՝ անցնելով վրացական իշխանութիւններուն կողմը:
- 30 Ապրիլին, Աճարիոյ յատուկ խումբը եւ արագ արձագանգման խումբը կը ցրուեն Պաթումի քաղաքային դատարանին մօտ կազմակերպուած բողոքի ցոյցը:
- 2 Մայիսին, Աճարիոյ ղեկավարութեան որոշումով կը պայթեցնեն Ճորոխ գետին վրայէն անցնող ինքնաշարժի երեք կամուրջները, որոնք կարեւոր օղակներ էին՝ Աճարիոյ եւ Վրաստանի մնացեալ քաղաքներուն միջեւ, իսկ՝ Քոբուլեթի եւ Ցիխիսձիրի քաղաքներուն մէջ կը քանդուի Պաթումը Վրաստանի հետ կապող երկաթուղագիծը[5]։ Նոյն օրը Սահակաշվիլի Աճարիոյ ղեկավարին, մինչեւ 12 Մայիս երկօրեայ վերջնագիր մը կը ներկայացնէ զինաթափելու անօրինական զինուած խմբաւորումները, հակառակ պարագային՝ սպառնալով Աճարիոյ կառավարութեան եւ խորհրդարանին լուծարումը: Վրաստանի գործողութիւններուն հաւանութիւն կու տայ ԱՄՆ-ն: ԱՄՆ Պետքարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Փաուրէ կը յայտարարէ, թէ Ուաշինկթըն «խորապէս մտահոգ է աճարական առաջնորդ Ասլան Ապաշիձէի կամուրջները քանդելու որոշումէն», եւ «մեզի համար հիմնահարց է այն, որ Աճարիա Վրաստանի մէկ մասն է: Մենք վճռականօրէն, կ'աջակցինք վրացական կառավարութեան՝ Աճարիոյ մէջ, իր իշխանութիւնը եւ գերակայութիւնը հաստատելու ջանքերուն»: 4 Մայիսին, Աճարիոյ մէջ, կը կասեցուի վրացական պատկերասփիւռի կայաններուն հեռարձակումը, իսկ ինքնավարութեան մայրաքաղաքին մէջ՝ համալսարանի շէնքին մօտ, հինգ հազար հոգի բողոքի ցոյց մը կազմակերպէ՝ Ապաշիձէի պաշտօնանկութեան պահանջով: Յաջորդ օրը, մասնակիցներուն թիւը կը հասնի 15 հազարի. անոնց կողմը կ'անցնի 25 զինուորական եւ խորհրդարանի 4 պատգամաւոր, իրենց հրաժարականի մասին կը յայտնեն Աճարիոյ ՆԳ փոխնարար Էլղուդա Ջինչիրաձէն եւ Աճարիոյ առողջապահութեան եւ ընկերային ապահովութեան նախարար Գուլիկօ Շերվաշիձէն: Նոյն օրը, Սահակաշվիլի պատկերասփիւռի կայանէն կը յայտնէ Աճարիոյ մէջ, իր կառավարութիւնը հաստատելու մասին եւ Ապաշիձէի «անվտանգութեան երաշխիքներ» կու տայ, եթէ ան «առանց բախումներու հրաժարական տայ»: Ինքնավար հանրապետութեան մէջ, զինուած բախումները կը կասեցուին Ռուսիոյ եւ Վրաստանի բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք։ Աճարիա կը մեկնի Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Իկոր Իվանովը։
- 5 Մայիսի ցերեկը, 6-ի գիշերը, Ասլան Ապաշիձէի որդին՝ Ճորճի կը ձգէ Աճարիան՝ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին հետ եւ կը մեկնի Մոսկուա: Պատկերասփիւռի կայանէն իր ունեցած ելոյթին, Միխայիլ Սահակաշվիլի կը յայտնէ. «Ասլանը փախա՜ւ: Աճարիան ազա՜տ է»[6]:
Ապաշիձէի հետ Իվանովի «դէմ առ դէմ» հանդիպումը կը շարունակուի չորս ժամ։ Բանակցութիւններու վերջերուն, շէնքին մօտ կրակոցներ կը լսուին։ Սակայն այդ միջադէպին մասին ստոյգ տեղեկատուութիւն չ'ըլլար։ Անիկա «աճարական առիւծի»ն մտերիմներուն հրաժեշտի «հրավառութիւնն» էր, որոնք իմացած էին Ապաշիձէի հրաժարականին մասին։ Իվանովի հետ բանակցութիւններու աւարտէն ետք, Աճարիոյ նախկին ղեկավարը կը հեռանայ իր նստավայրէն եւ կ'ուղղուի Պաթումի օդակայանը, ուրկէ Մոսկուա կ'երթայ։ Չորեքշաբթի երեկոյեան, մինչ Ռուսիոյ ԱԽ քարտուղարին հետ բանակցութիւնները պաշտօնապէս կը հերքեն իր պաշտօնանկութեան մասին լուրերը, Ապաշիձէ կ'որոշէ ձգել Պաթումը՝ առանց որեւէ յայտարարութեան[7]։ Անիկա առիթ մը կ'ըլլայ Վրաստանի ղեկավարութեան համար, որպէսզի անոր հեռանալը «փախուստ» անուանէ[8]: Ապաշիձէի պաշտօնանկութիւնը Պաթումի փողոցներուն մէջ[9], հազարաւոր մարդիկ խանդավառութեամբ կ'ընդունին։ Ապաշիձէի բազակաթոռը դուրս կը բերուի Աճարիոյ Գերագոյն խորհուրդի անոր աշխատասենեակէն, կը ջարդուի եւ հրապարակայնօրէն կ'այրի անոր մեծ հօր՝ Մեհմետ Ապաշիձէի արձանին մօտ:
- 6 Մայիսին, Պաթում կը ժամանէ նախագահ Սահակաշվիլին։ Նոյն օրը, կը ստեղծուի Աճարիոյ ժամանակաւոր խորհուրդը՝ Վրաստանի երկաթուղիի ղեկավար՝ Լեւան Վարշալոմիձէի գլխաւորութեամբ:
- 10 Մայիսին, Պաթումի մէջ շրջանային կառավարման ղեկավար եւ քաղաքի ժամանակաւոր քաղաքապետ կը նշանակուի Էտուարտ Սուրմանիձէն։ Նոյն օրը, Սահակաշվիլի կը մասնակցի Ճորոխ գետին վրայ անցագրային կեդրոնին վերացման, կը քանդէ շինութիւնը, ուր պահակախումբը տեղակայուած էր եւ քաղաքացիներու ստուգում կ'իրականացուէր: Ան կը յայտարարէ. «Յետ այսու, Ճորոխ գետին վրայ, Աճարիան եւ Վրաստանը բաժնող գիծ երբե՛ք պիտի չ'ըլլայ»: Ապաշիձէի պաշտօնանկութենէն ետք, Էտուարտ Սուրմանիձէ կը յայտարարէ, որ ընդդիմադիր «Մեր Աճարիան» շարժումը կը դադրեցնէ իր գոյութիւնը, որովհետեւ «ան հասած էր իր նպատակին՝ Աճարիայէն հեռացնելով Ապաշիձէն, կործանելով անոր ռեժիմը եւ ինքնավարութիւնը վերադարձնելով Վրաստանի սահմանադրական դաշտ»:
- 20 Յունիսին, ինքնավարութեան մէջ տեղի կ'ունենան Գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին կը շահի «Սահակաշվիլի՝ յաղթած Աճարիա» կուսակցութիւնը՝ հաւաքելով շուրջ 70% ձայն:
- 5 Յուլիսին, Վրաստանի նախագահը կը ստորագրէ «Վրաստանի Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններու հետ կապուած Աճարիոյ Ինքնավար Հանրապետութեան կարգավիճակի փոփոխութեան մասին» սահմանադրական օրէնքը, ըստ որուն, ինքնավարութեան մէջ կը գործեն բարձրագոյն ներկայացուցչական մարմինը՝ Գերագոյն խորհուրդը եւ գործադիր իշխանութիւնը՝ ի դէմս կառավարութեան, որ հաշուետու է Վրաստանի կեդրոնական իշխանութիւններուն[10]:
- Աճարիոյ ճգնաժամը կ'աւարտի մայրաքաղաքային իշխանութիւններուն ամբողջական ենթարկումով։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Աճարիոյ ճգնաժամ
- ↑ Ասլան Ապաշիձէ Աճարիոյ Ինքնավար Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին նախագահը
- ↑ «Արտակարգ դրութիւն՝ Աճարիոյ մէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-11-ին։ արտագրուած է՝ 2022-01-08
- ↑ Վարդերու Յեղափոխութիւնը
- ↑ Պաթումը Վրաստանի հետ կապող երկաթուղագիծը կը քանդուի
- ↑ Միխայիլ Սահակաշվիլի կը յայտնէ. «Ասլանը փախա՜ւ: Աճարիան ազա՜տ է»
- ↑ Աճարիոյ նախկին ղեկավարը կը հեռանայ իր նստավայրէն
- ↑ Ապաշիձէի հրաժարականը
- ↑ «Վրացիներու տօնախմբութիւնները»[permanent dead link]
- ↑ Ճգնաժամի աւարտ
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Իրադարձութիւններու զարգացումը հետխորհրդային Աճարիոյ մէջ Archived 2016-03-03 at the Wayback Machine. (ռուս.)
- Աճարիոյ ճգնաժամ իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւն (ռուս.)