Ամրտոլու վանք, վանք Մեծ Հայքի Տուրուբերան նահանգի մէջ, Բաղէշ (Պիթլիս) քաղաքի հարաւային ծայրամասին մէջ։

Ամրտոլու Վանք
Հիմնական տեղեկութիւններ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Ճարտարապ. ոճ Հայկական
Կառուցման սկիզբ ԺԲ․ դար
Առանձնայատկութիւններ

Անունը

Խմբագրել

Ըստ աւանդութեան՝ անուանումը ստացած է վանքը նորոգած եղբայրներ՝ Ամիրի եւ Տոլուի անուններէն։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հիմնադրման ժամանակն անորոշ է։ 14-րդ դարէն յիշուած են հայ եպիսկոպոսներ։ 15-րդ դարէն եղած է գրչութեան խոշոր կեդրոն։ Նոյն դարուն Գրիգոր Տաթեւացիի աշակերտ Դանիէլ վարդապետը Ամրտոլու վանքին մէջ հիմնած է հոգեւոր դպրոց։ Դասաւանդած են կրօնագիտութիւն, աստուածաբանութիւն եւ տրամաբանութիւն։ Կրթական գործը շարունակած են Յովհաննէս Համշէնցին, Գրիգոր Արճիշեցին, Ներսէս Մատաղը, Ներսէս Բաղիշեցին, Ներսէս Ամկեցին, Յովհաննէս Տարօնեցին։ Բարսեղ Աղբակեցին վերծանած է վանքի մատենադարանի իմաստասիրական գիրքերը, ընդարձակած՝ դասատունը, բարեփոխած՝ ուսումնական ծրագրերը, դասաւանդուող առարկաներուն աւելացուցած է իմաստասիրութիւնը, ճարտասանութիւնը, քերականութիւնը։ Դպրոցը մեծ համբաւ ձեռք բերած է Ներսէս Մոկացիի ժամանակ։ Այստեղ սորվելու եկած են Հայաստանի տարբեր շրջաններէն։ Ամրտոլու վանքը ծաղկած է յատկապէս 18-րդ դարու պատմիչ-գիտնական Վարդան վարդապետ Բաղիշեցիի 42 տարիներու արգասաւոր առաջնորդութեան ժամանակաշրջանին։ Անոր օրով սկսած են դասաւանդել նաեւ հայ մատենագրութիւն, մանրանկարչութիւն, որմնանկարչութիւն եւ վանքի դպրոցը վերածուած է համալսարանի։ Վարդան Բաղիշեցիի վախճանելէն ետք (1704) Ամրտոլու վանքի դպրոցը չէ գործած։ Վանքին մէջ բարձր մակարդակի հասած է գրչութեան արուեստը, ձեռք բերուած են հին ձեռագրեր, որոնք նորոգուած են։ Այդտեղ ընդօրինակուած են Փաւստոս Բիւզանդի, Կորիւնի, Ղազար Փարպեցիի, Սեբէոսի, Ղեւոնդ Երէցի, Ասողիկի, Արիստակէս Լաստիւերցիի, Թովմա Մեծոփեցիի եւ այլոց երկերը։ Մեծ հռչակ վայելած է Ամրտոլու վանքի մեծարժէք մատենադարանը։ Պահպանուած է Վարդան Բաղիշեցու կազմած վանքի գրացուցակը։ Ամրտոլու վանքի նշանաւոր սաներէն են Կ․ Պոլսոյ պատրիարք Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցին, Երուսաղէմի պատրիարք Գրիգոր Շղթայակիրը եւ այլք։ Ամրտոլու վանքի եկեղեցիին մէջ ամփոփուած են Բարսեղ վարդապետի, Վարդան վարդապետ Բաղիշեցիի եւ այլ նուիրեալներու աճիւնները։ Ամրտոլու վանքն աւիրուած եւ ամայացած է 1915-ին․ ձեռագրերէն մաս մը եւ ունեցուածքը կողոպտած են թուրքերը։

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել

Ունեցած է երեք եկեղեցի՝ Ս․ Աստուածածին, Ս․ Յովհաննէս, Ս․ Ստեփանոս։ Համալիրին մէջ մտած են նաեւ քանի մը օժանդակ շինութիւններ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ակինեան Ն․, Բաղեշի դպրոցը, Վեն․, 1952:
  • Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան, Երեւան, ««Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութիւն Պոակէ», 2002 — 41-42, էջեր 41-42 — 1076 էջ։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։