Արամ Մանուկեանի Յուշարձան (Երեւան)
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երեւանի Յուշարձան Արամ Մանուկեանի յուշարձան, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պետական, հասարակական գործիչ, հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր, ներքին գործերու նախարար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ Արամ Մանուկեանին նուիրուած յուշարձան Երեւանի մէջ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՅուշարձանի տեղադրման մասին որոշումը Երեւանի քաղաքապետարանը կայացուցած է 13 Փետրուար 2017-ին կայացած Երեւանի աւագանիի 3-րդ նստաշրջանի 1-ին նիստին մէջ՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի կապակցութեամբ: Երեւանի քաղաքապետարանը 19 Յունիս 2017-ին Արամ Մանուկեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի նախագիծի բաց մրցոյթ յայտարարուած է, որու արդիւնքով մրցութային յանձնաժողովը 25 Սեպտեմբեր 2017-ին կայացած նիստին յաղթող ճանչցած է ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ, քանդակագործ Դաւիթ Մինասեանի հեղինակած աշխատանքը[1]:
Յուշարձանը տեղադրուած է Հանրապետութեան հրապարակի մօտ՝ Արամի եւ Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկին հարող տարածքին վրայ։ Յուշարձանի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 2018-ին, որուն մասնակցած են ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը, ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանը, Ամէնայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն, Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեանը[2]։
Հեղինակ
Խմբագրել- Քանդակագործ՝ Դաւիթ Մինասեան
Այլ տուեալներ
Խմբագրել- Քաղաքաշինութեան կոմիտէն 27 Յունիսին յայտարարութիւն տարածած էր, որուն մէջ կ՛ըսուէր, որ կոմիտէն կը դադարեցնէ Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման շինարարական աշխատանքները[3]։
- Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը կը համարէ, որ Երեւանի մեթրոպոլիտէնի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանը Երեւանի կերպարը իւրայատուկ դարձնող ամենասիրուած կառոյցներէն մէկն է եւ կը կիսէ հասարակութեան ու մասնագէտներու մտահոգութիւնը՝ կայարանի պատմագեղարուեստական կերպարը փոխելու հարցին:
Նախարարութիւնը կը գտնէ, որ Երեւանի մեթրոպոլիտէնի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանը կրնայ հանդիսանալ խորհրդահայ ճարտարապետութեան 20-րդ դարու մոդեռնիզմի նուաճում հանդիսացող կառոյցներէն մէկը, որու համար սկսած է նորայայտ յուշարձանի կարգավիճակ տալու գործընթաց[3]:
- Մաքէթի փուլին ապագայ արձանը խիստ քննադատութեան արժանացած է, արձանի էսքիզի նկարները միանգամից սկսած են հրապարակել Facebook-ի մէջ։ Երեւանի աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան ներկայացուցիչները յայտնած էին, որ արձանը ներկայանալի չէ ու խղճայարութիւն կ'առաջացնէ[4]:
- «Արձանը տեղադրուած է յուշարձանի պահպանական գոտիին մէջ, եւ պէտք է համաձայնուէր մշակոյթի նախարարութեան հետ։ Մենք չենք տուած պաշտօնական համաձայնութիւն», Արմէն Ապրոյեան, Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ[5]:
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Արամ Մանուկեանի արձանը կը տեղադրուի Արամի եւ Նալպանտեան խաչմերուկի մօտ»
- ↑ «Երեւանի մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Արամ Մանուկեանի աղմկահարոյց արձանը»
- ↑ 3,0 3,1 «Արամ Մանուկեանի յուշարձանը կը փոխէ մեթրոյի կայարանի պատմագեղարուեստական կերպարը. Մշակոյթի նախարարութիւնը կը կիսէ հասարակութեան մտահոգութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-12-17-ին
- ↑ «Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արամ Մանուկեանի արձանը. լուսանկարներ»
- ↑ «Արամ Մանուկեանի արձանը տեղադրուած է առանց նախարարութեան համաձայնութեան եւ պէտք է տեղափոխուի»։ armeniasputnik.am