Արամ Չարըգ (1874-1947), ծնած է Կարին։

Արամ Չարըգ
Ծնած է 1874
Ծննդավայր Կարին
Մահացած է 1947
Մահուան վայր Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թարգմանիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն Արծնեան Ազգ. Բարձրագոյն նախակրթարանին մէջ։ 1892-ին կ'անցնի Կովկաս եւ կը յաճախէ Գէորգեան Ճեմարան. Ապա Թիֆլիզ, ուր կը լրացնէ ընթացքը Ներսէսեան վարժարանի։ Այս շրջանէն իսկ, ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ քերթողական շնորհներով ու գրական շեշտուած հակամիտութիւններով։ Իբրեւ խոստմնալից երիտասարդ, զինք կ'ուղարկեն Գերմանիա, Լայփցիքի համալսարանը։ Իսկ իրեն դասակից եւ մտերին կ'ունենայ Աւետիք Իսահակեան։ Շրջան մը կը մնայ հոս։ Անաւարտ կը ձգէ համալսարաանի ընթացքը եւ կ'անցնի Փարիզ, ուր կը հետեւի գրականութեան։ Լայփցիկի եւ Փարիզի մէջ Արամ Չարըգ կ'իւրացնէ գերմաներէնն ու ու ֆրանսերէնը։

Քերթողական իր առաջին փորձերը կ'ամփոփէ հայրենիքի ազատութեան նուիրուած երկարաշունչ բանաստեղծութեան մը մէջ, որ կը կրէ «Մեծ առաւօտը» խորագիրը: 1900-ին Վենետիկի մէջ, կը հրատարակէ քնարաշունչ իր էջերը, որոնք սիրային եւ հայրենասիրական զգացումներով կը հասուննան։ Մասնաւորաբար Թիֆլիսի եւ ընդհանրապէս Կովկասի մէջ, Արամ Զարըգ կը գրաւէ շրջանակներու ուշադրութիւնը։

Փարիզէն կ'անցնի Պուլկարիա: Ֆիլիպէի եւ Վառնայի մէջ կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօններ, միաժամանակ աշխատակցելով «Ռազմիկ»ի եւ «Դրօշակ»ի: Զարըգի դիւցազնաշունչ էջերը այս շրջանին, կը նախորդեն Սիամաթօն, ու նո՛յնքան զօրութեամբ եւ վարակիչ շունչով կը գրաւեն Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափորը: 1906-ին կ'անցնի Զուիցերիա, ուր կը հետեւի մետաղագրութեան արուեստին: 1909-ին օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը վերադառնայ Կարին եւ 1910-1911 տարիներուն կը վարէ Կարնոյ դաշտի հայկական 46 գիւղերու վարժարաններուն շրջուն տեսչութիւնը: 1912-ին Պոլիս է, ուր կը վարէ տնօրէնութիւնը Օրթագիւղի Ազգ. Վարժարանին: 1915-ի սարսափներուն կ'ապաստանի Պուլկարիա, ուր կը մնայ մինչեւ Զինադադար, 1918:

Կը վերադառնայ դարձեալ Պոլիս, ուրկէ կ'անցնի Իզմիր եւ Թրանսիլվանիա՝ իբրեւ գործիչ: Այս ուղեւորութեան ընթացքին, շրջան մը կը մնայ նաեւ Հայաստան: Պոլսոյ գրաւման շրջանին պաշտօն կը վարէ Հայկական Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ։ Հոս կ'ամբողջացնէ Օմար Խայեամի քառեակները, զոր 1932-ին կը հրատարակէ Փարիզի մէջ:

Ռումանիայէն ետք իր վերջին հանգրուանը կ'ըլլայ Ֆրանսա: Փարիզ կը մնայ մինչեւ 1946, երբ կը հրաւիրուի Հայաստան, մասնակցելու համար Սովետահայ Գրողներու Երկրորդ համագումարին: Ապա կ'անցնի Մոսկուա եւ կը մեռնի այնտեղ՝ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ եւ ցարդ անծանօթ «հիւանդութեամբ», 1947-ի Մայիսին։

Արամ Չարըգ կը յիշուի մասնաւորաբար արեւելահայ սերունդի կարգին, սկզբնական շրջանի իր երգերուն լեզուով։ Իր քերթողութեան մէջ խորհրդապաշտութեան եւ անձնականութեան գիծը կու գայ արեւմուտքէն, շեշտակի՝ Եւրոպայէն, որուն գրական ուղղութեանց, միջավայրին ու մթնոլորտին հաղորդ մնաց միշտ։

Իր բանաստեղծութիւնները նաեւ հրատարակեց Վենետիկի մէջ 1900-ին։

Արամ Չարըգ 1901-ին ու անկէ ետք եւս, իր ականջը դրած է մեր ժողովուրդի արեան ձայնին, տառապանքին եւ յոյսերուն, ընդվզումին եւ ատելութեան։ Իր բոլոր տաղերուն մէջ՝ սիրային, ազգային, գաղափարական, Զարըգ կը յատկանշուի արուեստի զօրաւոր զգայարանքով մը, գոյնին, ձայնին, զգացումին ու մտածումին հետ եղբայրութեամբ մը:

Քնարական իր էջերուն մէջ ալ, Չարըգ կը մնայ հարազատ ու անխառն։ Անկեղծ է իր հոգիին հետ եւ արտայայտութեան իր կարելիութիւնները կը վկայեն արուեստագէտին մասին, որ գիտէ զգացումներն ու մտածումները անխաթար պահել ձեւի իր տարազներուն մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։