Արմէն Տատուր
Արմէն Տատուր (1920 - 25 Նոյեմբեր 2008, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Հայ գրող։
Արմէն Տատուր | |
---|---|
Ծնած է | 1920 |
Մահացած է | 25 Նոյեմբեր 2008 |
Մահուան վայր | Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր |
Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարան Լոնտոնի Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, թարգմանիչ |
Կենսագրութիւն
Խմբագրելծնած է Սելեւկիա, Կիլիկիա: Կիլիկիոյ պարպումէն ետք,1922-ին իր ընտանիքին հետ ապաստան գտած է Լառնաքա, կիպրոս, ապա անցած է Եգիպտոս: Յաճախած է Զակազիկ քաղաքի Օշական Ազգային մանկապարտէզ-նախակրթարանը եւ Գահիրէի Պէրպէրեան գիշերօթիկ նախակրթարանը։ Աւարտած է Հելիոպոլիսի Նոր Ճեմարանը եւ Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանի գոլէճը։ Թղթակցութեամբ Լոնտոնէն վկայուած է որպէս ճարտարապետ 1946–ին։
Իր գրական առաջին փորձերը եղած են Պէրպէրեան վարժարանի աշակերտութեան շրջանին գրած նամակները, որոնց մասին այսպէս կը պատմէ ան. «12 տարեկանիս աշակերտ էի, առաջին բաժանումս էր տունէն. կարօտալի նամակներ կը գրէի ծնողքիս շաբաթը անգամ մը։ Կը պատմէի դասերէս, ուսուցիչներէս, ընկերներէս, խաղերէս ... կու տայի զուարճալի մանրամասնութիւններ: Կը փորձէի համոզել թէ բոլորը գոհ էին ինձմէ։ Յետոյ կու տայի ցանկը ապսպրանքիս, որուն մեծ մասը ուտելիք կ՚երթար ընկերներուս: Հազիւ թէ պատառիկ մը կը մնար ինծի ...: Տարիներ ետք երբ ձեռքս առի թուղթերս ,զորս մայրս պահեր էր քովը, շատ սիրեցի այդ պարզունակ, ծիծաղով համեմուած գիրերս, որոնք թարմաշունչ էին, կենսալի եւ սիրուն»։ Հրաչ Երուանդի խմբագրութեան օրով, այս նամակները լոյս տեսած են ««Պայքար» տարեգիրքին մէջ, 1955-ին։
իր առաջին պատմուածքը՝ «Թօփուզ» լոյս տեսած է Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին մէջ։ Վահան Թէքէեանի առաջնորդութեամբ սկսած է մշակել հայ գրականութիւնը։ Եղած է անյագ ընթերցող մը եւ կարդացած՝ հայ եւ միջազգային վարպետներու գործերը։
Փորձած է գրական գրեթէ ամէն սեռ. նախընտրած է սակայն կարճ պատմուածքն ու գրական փորձագրութիւնը, իրական կեանքէ քաղելով իր նիւթերը։
1948-ին լոյս կ՚ընծայէ պատմուածքներու անդրանիկ հատորը «Կը Սիրեմ Աշխարհը», 1963–ին՝ երկրորդ հատորը «Անապատին Խորերէն»։
1969-ին բախտը կ՚ունենայ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի Կոմիտէի հրաւէրով հայրենիք այցելելու եւ մասնակցելու Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 100–ամեակի փառաւոր հանդիսութիւններուն։ Վերադարձին, ան իր տպաւորութիւնները տուած է «Արեւ»ին մէջ, երկար յօդուածաշարքով մը, որ ապա ամփոփուած է առանձին հատորի մը մէջ, «Անկրնելի Ապրումներ» վերնագրով, 1971-ին։
1956-ին կազմած է Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան 35 –ամեակի Յիշատակարան-Ալպոմը:
Անգլերէնէ հայերէնի թարգմանած է երեք թատրերգութիւններ, որոնցմէ երկուքը ներկայացուած են Գեղարուեստասիրաց Արիութեան թատերախումբին կողմէ, 1955 եւ 1965-ին:
Եգիպտահայութեան առաջին անգամ ներկայացուցած է Ուիլիըմ Սարոյեանը՝ հայերէնով:
Աշխատակցած է «Արեւ» եւ «Պայքար» օրաթերթերուն, «Պայքար» տարեգիրքին, «Նոր Գիր» եռամսեային, «Սովետական Հայաստան», «Ծիածան», «Շարժում» ամսագրերուն, «Նայիրի», «Աշխարհ», «Ջահակիր», «Արաքս», «Հայրենիքի Ձայն», «Սաւառնակ» շաբաթաթերթերուն, տալով պատմուածքներ, փորձագրութիւններ, երգիծական եւ հրապարակագրական յօդուածներ, ակնարկներ ու թարգմանութիւններ։
Իր գրական անունն է Արմէն Տատուր։ Կը ստորագրէ նաեւ Հուր–Դիր եւ Այբ-Տիուն։
1980-էն սկսեալ հաստատուած է Գալիֆորնիա, ուր կը մնայ շինչեւ իր մահը՝ 25 Նոյեմբեր 2008:
Արմէն Տատուրի գործերը տոգորուած են հայրենասիրական ու մարդասիրական զգացումներով։ Իր պատմուածքներուն հերոսները իրական կեանքէ առնուած համեստ, աշխատաւոր մարդիկ են։ Խոնարհ եւ անիրաւուած մարդոց երգիչն է ան։ Իր ոճը պարզ է, յստակ եւ պատկերալից։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՍփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։