Արշակ Խնդիրեան
Արշակ Խնդիրեան (ծն.՝1946, Պոլիս ), հայ երգիծաբան եւ երաժշտագէտ։
Արշակ Խնդիրեան | |
---|---|
Ծնած է | 1946 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Պոլսահայ ,Հալէպահայ, Լիբանանահայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ազդած է | Հայ ժողովուրդը |
Կարողութիւն | Կը հիմնէ Լիբանանի առաջին երգի-նուագի համոյթը, «Սայեաթ-Նովա» անունով: |
Մասնագիտութիւն | երաժիշտ |
Աշխատավայր | Ուսուցիչ, տնօրէն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԵրգիծաբան եւ երաժշտագէտ՝ Ա. Խնդիրեան ծնած է Պոլիս: Փոքր տարիքին ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ, ապա Լիբանան: 9 տարեկանին կը սկսի երաժշտութեան դասերու, հետեւելով գլարինէթի։ 14 տարեկանին կը հիմնէ Լիբանանի առաջին երգի-նուագի համոյթը, «Սայաթ-Նովա» անունով։ Այս խումբը պատրաստած է հարիւրաւոր երգիչներ եւ նուագահարներ, իր աւելի քան տասնեակ մը տարիներու գործունէութեան ընթացքին։
Ա. Խնդիրեան հեղինակած է մօտ 47 երգեր եւ պատրաստած՝ բազմաթիւ ձայնապնակներ, կատարուած զանազան երգիչներու կողմէ։ Ելոյթներ ունեցած է Պէյրութ, Թրիփոլի, Նիկոսիա, Լառնաքա, Դամասկոս, Հալէպ, Գահիրէ, Աղեքսանդրիա, Երեւան, Գալիֆորնիա, Հիւսթըն-Թեքսաս եւ այլ վայրեր։ Հրատարակած է «Սէր ու Քնար» ձայնագրեալ երգարանները։
Գործեր
ԽմբագրելՀեղինակն է երգիծական հինգ գրքոյկներու.
- «Գործելաձեւ» (1980),
- «Փշածաղիկ» (1981),
- «Ինչպէս Տեսաք Մեր Ամերիկան» (1983),
- «Վլվլուկ Յիմարներու Դրախտին Մէջ» (1988)
- «Թովմաս Էֆէնտիին վերջին Արկածը» (1989)[1]:
Աշխատակցած է սփիւռքահայ թերթերու, ինչպէս՝ «Հայրենիք», «Ոզնի» (Ա.Մ.Ն.), «Յառաջ» (Փարիզ), «Շարժում» (Հարաւային Ամերիկա), «Մարմարա» (Պոլիս), «Օշական» (Հալէպ), եւլն.:
Ա. Խնդիրեան պարգեւատրուած է Հարաւային Գալիֆորնիոյ Ֆիլմերու Ընկերակցութենէն, որպէս լաւ երաժիշտ։ Հետեւած է նաեւ հնդկական եւ արեւելեան փիլիսոփայական գիտութեանց եւ իր ուսումնասիրութիւններուն համար վերջերս արժանացած է «Հիւմէնիթէրիըն-Ֆիլանթրոփիսդ» տիտղոսին եւ ոսկեայ մետալի։ Հաստատուած է Լոս Անճելըս:
Ա. Խնդիրեան կը պատմէ իրական կեանքէ դրուագներ, զորս գիտէ համեմել երգիծական պատկերներով։
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
ԽմբագրելՀոս մոռցուած է յիշել Խնդիրեանի «ՄԱՏԵԱՆ ԽՆԴՈՒԹԵԱՆ» եւ «ՄԵՐ ԿՐԿԷՍԸ» երգիծական գրքոյկները:
Խնդիրեանի վերջին երգիծական գրքոյկը կը կոչուի «ՄԵՐ ԿՐԿԷՍԸ» կարելի է ընթերցել VLUME էլեքթրոնային կայքով: