Բանաստեղծութիւնը 1920-էն մինչեւ 60-ականներու աւարտը
1920-70 յիսնամեակի սկիզբներուն, նոր Սփիւռքն ու հայութիւնը ապրած են աննախընդաց վերիվայրումներ. մէկ կողմէն՝ մեծ Եղեռնի ցնցումն ու հետեւող ցրւումը, միւս կողմէ՝ պատերազմով-սովով երկամեայ անկախութենէ ետք՝ խորհրդային վարչակարգի անսովոր պայմաններն ու մեկուսացումը: Սակայն, երկու այս գօտիներուն մէջ ալ՝ պիտի ծնի ու աճի գրական նոր սերունդ:
Հիներ՝ Նորերու Կողքին
ԽմբագրելՆախ՝ կը շարունակեն գործել պատերազմէն առաջ սկիզբ առած եւ որոշ վաստակ ունեցող դէմքեր – արեւմտահայերու պարագային՝ բախտով վերապրած: Բանաստեղծներէն՝ յատկապէս Վահան Թէքէեանի, Կ. Զարեանի, Աւետիս Իսահակեանի, Եղիշէ Չարենցի ներկայութիւնը կը դիւրացնէ գրական եւ գաղափարական հիմնական աւանդներու փոխանցումը նորերուն, երբեմն ուղղակի զանոնք կազմաւորող բնորդ դառնալով – ինչպէս Վ. Թէքէեանի պարագային: Այս «հին»երէն ոմանք պիտի շարունակեն կիրարկել իրենց արդէն մշակած ձեւերը (Թէքէեան). ուրիշներ՝ պիտի ապրին նոր հոլովոյթ՝ երբեմն նոյնիսկ հաշտուելով որոշ աւանդական ձեւերու հետ (Չարենց):
Աւանդապահ Նորեր
ԽմբագրելՅատկապէս այս կացութեան իբր հետեւանք, հայ գրականութեան բանաստեղծական երակը ընդհատում չ'ունենար: Բայց ան նաեւ չի վայլեր զգալի նորոգումի մը բարիքը, չհաշուած մէկ-երկու ինքնատիպ դէմքեր: Հայրենի կարօտ, որբ մանկութեան տռամ, ազգային հաստատուած արժէքներու փառաբանում (երբեմն՝ ընդդէմ ժխտումներու) – գլխաւոր թեմաներն են յաճախ աւանդապահ այս հակումին, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Երեւան, հաւասարապէս՝ սփիւռքեան եւ հայրենի հատուածներու մէջ:
«Նոր Ծնունդ»
ԽմբագրելՄի քանի անուններ միայն կը հեռանան 1900-ական բանաստեղծութեան աւանդին հետեւող այս գլխաւոր երակէն: Բանաստեղծական լեզուի վրայ աշխատողյ նոր ձեւեր ստեղծող այս գիծը կանուխէն՝ 30ականներէն կը բացուի փարիզահայ Նիկողոս Սարաֆեանի կողմէ (իրն է խորագիրի «Նոր Ծնունդ» տարազը): 1950-ի շուրջ հազիւ պիտի գան նորի, որոնումի ճաշակ ունեցող այլ անուններ- Զարեհ Խրախունի, Զահրատ, Վահէ Օշական, Պարոյր Սեւակ- տարբեր յատկանիշներով: Այլազան պիտի ըլլան «նոր»ի որոնումի թեմաները եւս, նոյնիսկ եթէ բոլորը պիտի տարբերին աւանդապահներու մշակած մարզերէն եւ հասարակաց գիծեր ունենան իրարու միջեւ: Իրենց բերած առօրեան եւ աշխարհը աւելի իրական են, իրենց աւելի մօտ: Նոր աշխարհ մըն է անիկա, նկարուած՝ նոր գիծերով ու նոր, ճշգրիտ, նկարագեղ գոյներով: Մարդկային ու ազգային իրենց կացութեան եւս՝ անոնք ունին մօտեցման նոր, սեփական ձեւեր, որոնց համար կը փնտռեն ուռոյն լեզու, արտայայտութեան եղանակ: 1960-էն ետք, այս գիծը պիտի մշակուի առաւել թափով-թէ՛ նոյն անուններէն ոմանց, եւ թէ՛ նորերու կողմէ:
Աղբյուրներ
Խմբագրել- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն-Յ. Քիւրքճեան-Երկրորդական Բաժին-Ա. Տարի-Բ. Տպագրութիւն