Բարձրավանք
«Բարձրավանք», միամսեայ գրական-գեղարուեստական հանդէս։ Լոյս տեսած է 1922 -ին, Կ․ Պոլիսի մէջ։ Հրատարակիչներ՝ Գ․ Գաւաֆեան, Կոստան Զարեան, Վահան Թէքէեան, Շ․ Պէրպէրեան (պատասխանատու տնօրէն), Յակոբ Օշական։ Հանդէսին շուրջը համախմբուած էին Եղեռնէն ազատուած մտաւորականները՝ արեւմտահայ հոգեւոր կեանքը վերակերտելու ձգտումով։
Բարձրավանք Բարձրավանք | |
---|---|
Տեսակ | հանդէս |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | Յունուար 1922 |
Երկիր | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Հրատարակման վայր | Կոստանդնուպոլիս |
Ամսագրին մէջ ուշագրաւ են Յակոբ Օշականի «Հայ գրականութիւն» յօդուածաշարէն Դանիէլ Վարուժանին, Ա․ Շիրուանզադէին, Աւետիք Իսահակեանին, Զապէլ Եսայեանին, Կ․ Սիտալին, Արսէն Երկաթին նուիրուած գրաքննադատական յօդուածները, Գ․ Ֆէնէրճեանի «Շրջան մը՝ 1900—1908» գրականագիտական վերլուծութիւնը։
«Բարձրավանքը» լայն տեղ յատկացուցած է արուեստի նորագոյն ուղղութիւններուն, հայ արուեստի հարցերուն՝ տպագրելով Շ․ Պէրպէրեանի «Արդի երաժշտութեան ձգտումները եւ հայ երգը», «Արուեստի ուղղութիւնները» ուսումնասիրութիւնները, գեղարուեստի տարբեր բնագաւառներուն նուիրուած Կոստան Զարեանի եւ Վահան Թէքէեանի յօդուածները, ինչպէս եւ Փանոս Թէրլէմէզեանի յուշագրական էջերը։ Անդրադարձած է անգլիագիր հայ գրողներ Ս․ Ալեքսանտէրի (Ա․ Շաքլեան), Մ․ Ա- րապեանի (Շ․ Շաւարշ), Մ․ Առլենի (Տ․ Գույումճեան) ստեղծագործութիւններուն։ Տպագրած է Վահան Թէքէեանի «Մայրերը» դրաման, Յակոբ Օշականի «Նոր պսակը» ներկայացումէն մէկ հատուած։ Վերահրատարակած է Մ․ Մեծարենցի, աշուղ Սէյադի ստեղծագործութիւնները։