Գալուստ Խանենց

Իրանահայ գրող

Գալուստ Խանենց (Լեւոն Խանեան, 25 Յունուար 1910(1910-01-25), Թեհրան, Իրան[1] - 4 Յունիս 1998(1998-06-04), Թեհրան, Իրան), իրանահայ գրող։

Գալուստ Խանենց
Ծննդեան անուն հայ.՝ Գալուստ Խանյան
Ծնած է 25 Յունուար 1910(1910-01-25)
Ծննդավայր Թեհրան, Իրան[1]
Մահացած է 4 Յունիս 1998(1998-06-04) (88 տարեկանին)
Մահուան վայր Թեհրան, Իրան
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Ուսումնավայր Սեն Լուի քոլեջ?[1]
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Ֆրանսական ու պարսկական վարժարաններու մէջ։ 1928-էն սկսեալ իրանահայ եւ արտասահման պարբերակներուն հետ աշխատակցած է՝ ինքնագիր քերթողներու գործերէն թարգմանութիւններով։

1957-1974 անջատ ութ հատորներով հրատարակուած են իր բանաստեղծութունները՝ «Ամբողջ Սրտով» (1957) , «Հրաշալի Զօրութիւն» «1972), «Բարեւ Քեզ, Մարդ» (1974)[3], «Հայ Ժողովրդի Վերածնունդը»։ Պարսկերէնի թարգմանուած են՝ «Հրաշալի Զօրութիւն» եւ «Բարեւ Քեզ Մարդ» հատորները:

Իմաստասիրական հակումներու տրամադիր, լեզուական-արտայայտչական ժուժկալութեամբ ուշագրաւ՝ իր բանաստեղծութիւնները մարդկայնական խորք եւ շունչ ունին, կը բարձրանան ընթացքէն վեր եւ երբեմն կը հասնին թելադրական ներուժութեան։

Գալուստ Խանենց, իրանհայ կեանքի 1920-1980 վաթսունամեայ տեւողութեան մէջ՝ քերթողական, թէ՝ արձակ գրական ստեղծագործութիւններու հասարակաց լարը բննութիւնն է, սէրը, ազգային թախիծը եւ գաւառիկ հայրենասիրութիւնը։ Տասնամեակները ոչինչ փոխած են ապրումի, մտածման, զգացական թէ իմաստասիրական այն լածումներուն մէջ, որոնք կ՝առնչուին մարդուն կեանքին, եւ առնուազն իրենց արտայայտութեան ձեւին հետ որոշ անձնատպութիւն կը բերեն։ Քիչ անուններ կան, որոնք յանդգնութիւնն ունեցած են կամ ունին թանձր ռոմանթիզմի խոզակը պատռելու եւ խորքի թէ՛ ձեւի ինքնութեամբ մը՝ հասնելու բանաստեղծական որակի[4]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել