Գէորգ Ապտուլլահ

Գէորգ Ապտուլլահ (1839, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1916), հայ արուեստագէտ, կայսերական լուսանկարիչ։

Գէորգ Ապտուլլահ
Ծնած է 1839
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1916
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ուսումնավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, լուսանկարիչ, արուեստագէտ

Ապտուլլահ գերդաստանը բնիկ Կեսարացի է: Գերդաստանին նախահայրը Ալեքսան Կեսարացին է, որ 1610-ին Պոլիս եկած եւ Սամաթիա թաղը բնակած է, իրմէ սերած են Ապտուլլահեան եւ Հիւրմիւզ ընտանիքները։ Ապտուլլահ գերդաստանէն մարդիկ կ'ապրէին նաեւ Վենետիկի մէջ, որոնք սակայն ներկայիս գոյութիւն չունին։

Աբրահամ Ապտուլլահ ծնած է Պոլիս, 1792-ին։ Պատանի հասակին Գազէզի քով մտած եւ Պէզճեան Ամիրային հետ արհեստակից ըլլալով, անոր հետ բարեկամացած է, ի վերջոյ մետաքսի գործերով զբաղելով մեռած է 1874-ին։ Ունեցած է հինգ մանչ զաւակ, որոնցմէ երեքը Վիչէն Յովսէփ ու Գէորգ զբաղած են գեղարուեստով։ Վիչէն Ապտուլլահ առաջին կարգի մանրանկարիչ էր եւ գնահատուած՝ բարձր շրջանակներէ, իր հիանալի նկարներովը, որոնք կը պատրաստէր փղոսկրի վրայ։ Սուլթան Մեճիտ եւ Սուլթան Ազիզ երջանկայիշատակ կայսրերու եւ քանի մը երեւելի փաշաներու նկարները շինած է հիանալի կատարելութեամբ։ Գեղարուեստական իր ընդունակութիւնը առիթ ընծայած է, որ 1853-ին՝ երեք եղբայրները լուսանկարչատուն մը բանան Բերայի մէջ։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գէորգ Ապտուլլահ ծնած է 1839-ին Օրթագիւղի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Լուսաւորչեան վարժարանին մէջ, ուր կը դասախօսէր համբաւաւոր բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը, որ նոր վերադարձած էր Փատովայի Մուրատեան վարժարանէն։ 1852-ին մեկնած է Վենետիկ ուսումը շարունակելու, դասընկերներ ունենալով Մկրտիչ Աճեմեանն ու Թովմաս Թէրզեանը, իսկ իբրեւ ուսուցիչ՝ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը։ Ուսման ընթացքը աւարտած է վեց տարիէն, ինքզինք դրսեւորելով իբրեւ գերազանց աշակերտ, շնորհիւ իր ստացած զուտ ազգային դաստիարակութեան ու Հ. Ալիշանի ներշնչած հայրենասիրութեան։ Գէորգ Ապտուլլահ՝ որքան գեղարուեստի մարդ, նոյնքան ալ մեծ ազգային մը եղած է։

Երբ 1854 թուականին Խրիմի պատերազմը ծագած է, Վիչէն Ապտուլլահ Ռապախ անունով գերմանացիի մը քով մտած է, որ այդ օրերուն Պոլիս եկած էր Մոլթքէ զօրավարին հետ միասին։ Լուսանկարի արուեստը այդ օրերուն՝ արծաթազօծ թիթեղի վրայ պատկեր հանել էր։ Ռապախ քիմիագէտի մեծ հռչակ ստացած է այս արուեստին մէջ, որ բուն լուսանկարչութեան սկզբնաւորութիւնն էր։ Երբ 1858-ին քաշուած է արուեստէն եւ Գէորգ Ապտուլլահ վերադարձած է Վենետիկէն, երեք եղբայրներ՝ Վիգէն, Յովսէփ եւ Գէորգ Ապտուլլահեան, Փարիզի մէջ լուսանկարչութեան արուեստի նրբութիւններուն տիրապետելէ ետք, Բերա, Թիւնելի մօտ բացած են օսմանեան շրջանի առաջին լուսանկարչատունը, 1863-ին:

Մենաշնորհեալ նշանաւոր լուսանկարիչներ կը դառնան Ապտուլլահ եղբայրները, որոնք Թուրքիոյ մէջ լուսանկարչութեան արուեստի հիմնադիրները կը հանդիսանան եւ «Օսմանեան պալատի լուսանկարիչներ» պատուանունին կ'արժանանան: Ապտուլլահ եղբայրները կը նկարեն Ապտիւլ Ազիզ, նաեւ հետագային Ապտիւլ Համիտ Բ. սուլթանները, որոնց կողմէ «կայսերական լուսանկարիչներ» պատուանունին կ'արժանանան, «պալատի լուսանկարիչներ» կը հռչակուին եւ «Ապտուլլահ եղբայրներ» կամ ֆրանսերէն «Ապտուլլահ Ֆրեր» անուամբ կը յաջողին իրենց անունը ոսկեայ տառերով արձանագրել տալ պատմութեան տարեգրութեան մէջ: Անոնց միայն արտօնութիւն տրուած էր իրենց լուսանկարչատան մէջ կախելու թագաւորական կնիքով ծանուցողական փաստագիր մը: Ապտուլլահ եղբայրները քառասուն տարի շարունակ Պոլսոյ մէջ կը լուսանկարեն նշանաւոր անձեր եւ տեսարաններ, ականատես կ'ըլլան քաղաքական, ընկերային, պատմական եւ մշակութային իրադարձութիւններու եւ զանոնք պատմութեան կը փոխանցեն: Անոնք հետագային Եգիպտոսի աւագ եպարքոս Թէվֆիք փաշային հրաւէրով` Եգիպտոսի մէջ իրենց անունով մասնաճիւղ մը կը բանան, իրենց համբաւը տարածելով երկիրի սահմաններէն դուրս: Անոնց նկարչական գործիքին շնորհիւ էր, որ պատմութեան սեփականութիւնը կը դառնան այդ օրերու Բրիտանիոյ թագաւորը, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ-Հունգարիոյ կայսրերը եւ պետական նշանաւոր բազմաթիւ դէմքեր:

Որովհետեւ այդ թուականներուն Անատոլուի բազմաթիւ քաղաքներն ու գիւղերը հայաբնակ էին, այդ վայրերէն բազմաթիւ հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները Պոլիս, Ապտուլլահ եղբայրներու մօտ կը ղրկէին, որպէսզի անոնք մասնագիտութիւն ձեռք բերէին լուսանկարչութեան կալուածէն ներս: Այդ էր պատճառը, որ այդ օրերուն հասած էին վարպետ հայ լուսանկարիչներ եւ լուսանկարչութեան արուեստի մենաշնորհը կը գտնուէր հայերու ձեռքին մէջ[1]:

Նախկին համակարգը թիթեղի վրայ էր, իսկ բուն նկարը նախ՝ ապակիի, յետոյ թուղթի վրայ փոխադրութիւնն էր։ Երեք եղբայրները ոգի ի բռին կ'աշխատին այս արուեստին կատարելագործութեան համար, որ այն ատեն դեռ խանձարուրի մէջ փոքր մանուկ մըն էր, ամէն դժուարութեանց դիմադրելով, ջանք, զոհողութիւն եւ դրամ չեն խնայեր, ահա այդպիսով նոյն արուեստը շատ կը յառաջացնեն։ Կը հասնի շրջան մը, երբ Պոլիս այցելող զբօսաշրջիկներն ու այցելուները, անհրաժեշտ պէտք մը կը զգային իրենց նկարը պատրաստել տալու Ապտուլլահներուն, անոնց յաջողութեան համար անկեղծ շնորհաւորութիւններ ուղղելով։ Կալլէսի իշխանը՝ ապա Էտուարտ թագաւոր, 1868-ին երբ Պոլիս կու գայ կը նկարուի Ապտուլլահներուն քով ու այնքան գոհ կը մնայ, որ կը հրաւիրէ զիրենք Լոնտոն, խոստանալով չզրկել զիրենք իրենց բարոյական աջակցութենէն՝ եթէ Լոնտոնի մէջ տուն մը բանան, եւ քանի մը անգամ ալ կը կրկնէ իր խոստումը։ Սակայն չեն ընդունիր եղած առաջարկը, որ իրենց համար համաշխարհային փառք մը վայելելու առիթ մը պիտի ըլլար։

Օսմանեան կայսրերու լուսանկարիչը ըլլալով, լուսանկարած են բազմաթիւ թագաւորներ, իշխաններ ու դիւանագէտներ, ստացած են ութ շքանշան ու երեք մետալ, որոնք զանազան առիթներով ընծայուած են իրենց ձեռակերտներուն յաջողութեան իբրեւ վարձատրութիւն։ Այդ օրերու «guide des voyageur» թերթին մէջ մասնաւորաբար գրուած է, թէ՝ ամէն ոք, որ Պոլիս կը ճամբորդէ, անհրաժեշտ է, որ այցելէ Վոսփոր, Այա-Սոֆիա եւ այլ պատմական վայրեր ու մանաւանդ Ապտուլլահ եղբայրներու գործատունը։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայր Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, «Հայ Հանրագիտակ», Պուքրէշ 1939, Հատոր Բ., էջ 208:
  • Թէոդիկ, «Ամէնուն Տարեցոյց», 1912, էջ 255:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել