Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեան
Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեան (1873, Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն - 1940, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ գրող, հրապարակագիր, լրագրող, քաղաքական-պետական գործիչ, Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) անդամ
Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեան | |
---|---|
Ծնած է | 1873 |
Ծննդավայր | Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1940 |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ |
Կենսագրական գիծոր
ԽմբագրելԾնած է Թիֆլիս: Աւարտած է Թիֆլիսի դասական միջնակարգ վարժարանը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Պերլինի եւ Պրիւքսելի համալսարաններուն մէջ:
1902-ին վերադարձած է Թիֆլիս, իսկ 1903-1905 թուականներուն նշանակուած է «Կովկասեան Լրատու» ամսագրի խմբագիր:
Գործունէութիւն
Խմբագրել1905-ին սկսած է հրատարակել «Արշալոյս» թերթը, միաժամանակ շարունակած է խմբագրել «Կովկասեան Լրատու» ամսագիրը:
1906-ին խուսափելով ցարական իշխանութիւններու հետապնդումներէն` մեկնած է արտասահման: 1912-ին վերադարձած է Թիֆլիս, ուր եւ ընտրուած է երկրորդ փոխօգնութեան վարկային կառավարչութեան անդամ, շուտով նաեւ` ղեկավար:
1917-ին նշանակուած է զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներու օգնութեան անդրկովկասեան կոմիսար եւ նոյն թուականին մասնակցած է Համահայկական ազգային համագումարին:
1918-ին Մելիք-Գարակէօզեան նշանակուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի օգնական: Պաթումի պայմանագրի կնքումէն ետք Հայկական ազգային պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած է Գերմանիա:
1918-ին Դեկտեմբերէն մինչեւ 1919 Յունիս ամիսը ստացած է քանի մը նախարարական պաշտօններ, օրինակ` լուսաւորութեան նախարարի պաշտօնը: Այս պաշտօնին վրայ պաշտօնավարած ընթացքին Մելիք-Գարակէօզեանը առաջնահերթ համարած է Հայաստանի մէջ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան հիմնումը:
Ան իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցած է Երեւանի համալսարանի հիմնադրութեան մէջ:
Մելիք-Գարակէօզեան հանդէս եկած է նաեւ առաջարկով, որ կանգնեցուի յուշարձան` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան ու միութեան յաւերժացման ու ազգային հերոսներու վառ յիշատակին: Այս նպատակով կազմած է հիմնադրամ, որ պէտք էր խրախուսէր արձանի համար յայտարարուած մրցանակաբաշխութեան իրականացումին ու յաղթողի պարգեւատրումին: Ան առաջարկած է նաեւ հրատարակել հայ ազատագրական շարժման վերջին շրջանի պատմութիւնը եւ հաստատել առանձին շքանշան` «Հայրենիքին մատուցած ծառայոււթիւններու համար»: Այս բոլոր առաջակները ընդունուած են միաձայն:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Մելիք-Գարակէօզեանը զբաղած է հիմնականին մէջ մանկավարժութեամբ, դասաւանդած է Հայաստանի եւ Վրաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
Մելիք-Գարակէօզեանը եղած է Հայ ժողովրդական կուսակցութեան անդամ եւ յաճախ ստանձնած է կուսակցութեան ղեկավար պաշտօններ[1]:
Աշխատութիւններ
ԽմբագրելԱն իբրեւ ստեղծագործող` գրած է բանաստեղծութիւններ, վէպեր, տեսական ու քաղաքական բնոյթի վերլուծական յօդուածներ, յուշագրութիւններ եւ այլն: Իր գրչին կը պատկանին․
- «Մեծ պայքար», «Ինչպէս ժառանգութիւն ստացայ միլիառ տոլար» վէպերը,
- «Դաշնակցութիւնը եւ մենք», «Հայկական մամուլի մասին», «Մարդու բնոյթը», «Բառերի տեմակոկիա», «Հայկական քաղաքական» եւ Աբովեանին ու Թումանեանին նուիրուած յօդուածներ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-08-06