Գէորգ Պարտաքճեան (պատմաբան)

Գէորգ Պարտաքճեան (2 Օգոստոս 1942(1942-08-02)[1], Պէյրութ, Լիբանան), հայ հայագէտ, պատմաբան, գրականագէտ։

Գէորգ Պարտաքճեան
Ծնած է 2 Օգոստոս 1942(1942-08-02)[1] (82 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունք
Օքսֆորտի Համալսարան
Կոչում փրոֆեսոր
Մասնագիտութիւն պատմաբան, բանասէր, գրականագէտ
Աշխատավայր Հարուըրտ Համալսարան
Միշիկընի Համալսարան,
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա, Middle East Studies Association of North America? եւ Society for Armenian Studies?

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Պէյրութ, սակայն հանգամանքներու բերումով դպրոցական տարիները անցուցած է Դամասկոս եւ դպրոցը աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսման նպատակով փոխադրուած է Հայաստան:

Ան աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի Հայագիտութեան բաժինը, այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Օքսֆորտի համալսարանին մէջ:

1974-1987 թուականներու միջեւ Գէորգ Պարտաքճեան դասախօսած է Միացեալ Նահանգներու, Հարվըրտի համալսարանին մէջ, 1987 թուականէն ի վեր Միշիկընի համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինի վարիչն է, նոյն համալսարանի հայագիտական ծրագիրներու տնօրէնը։

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Անոր ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին վաղ միջնադարեան եւ նոր շրջանի պատմութեան, գրականութեան եւ մշակոյթին: Յիշատակելի են 1980 թուականին լոյս տեսած «Յակոբ Պարոնեանի այլաբանական կարգ մը երկերու պատմական դէմքերն ու դէպքերը», 1991 թուականին լոյս տեսած «Հիթլէրը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը» գիրքերը: 2018-ին լոյս տեսած է «Պատմաբանասիրական յօդուածներ» խորագրով ժողովածոն։

Պարտաքճեան Երեւանի պետական եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարաններու պատուակալ տոքթոր է:

Մրցանակներ

Խմբագրել

Գէորգ Պարտաքճեան գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտէն ներս իր մեծ աւանդին համար 2000-ին արժանացած է «Արթուր Դադեանի անուան հայկական (մշակութային) ժառանգութեան մրցանակ»ին։

2011-ին՝ Ամերիկայի Հայ ուսանողներու կողմէն Ճէք Քոլիկեանի անուան հայագիտական մրցանակին։

2011-ին ստացած է «Էլիս կղզիի պատուաւոր մեյտալ»ը։

Սակայն անոր կենսագրութեան մէջ թանկ են մանաւանդ իր հայրենիքի մէջ ստացած շքանանշանները եւ այն արժեւորումը, զոր ան կը ստանայ հայրենի գիտական աշխարհին կողմէ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։  
  1. 1,0 1,1 https://www.sci.am/membersview.php?id=494&langid=2