Գէորգ Ջահուկեան

Հայ բանասէր

Գէորգ Ջահուկեան (1 Ապրիլ 1920(1920-04-01)[1], Մեծաւան, Ալեքսանդրապոլի գավառ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն[1] - 6 Յունիս 2005(2005-06-06) կամ 8 Յունիս 2005(2005-06-08), Երեւան, Հայաստան), հայ ականաւոր բանասէր, լեզուաբան, հայագէտ։ Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր (1955), փրոֆէսօր (1958), ակադեմիկոս, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1965)։

Գէորգ Ջահուկեան
Ծնած է 1 Ապրիլ 1920(1920-04-01)[1]
Ծննդավայր Մեծաւան, Ալեքսանդրապոլի գավառ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն[1]
Մահացած է 6 Յունիս 2005(2005-06-06) (85 տարեկանին) կամ 8 Յունիս 2005(2005-06-08) (85 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունք[1]
Կոչում փրոֆէսոր[1] եւ ակադեմիկոս[1]
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, համալսարանի դասախօս
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Համալսարան[1]
Վալերի Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարան
Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկ[1]
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա[1]
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[1]

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Շահնազար, որ ներկայիս Մեծաւան անունով գիւղ է Տաշիրի մէջ։ 1937-ին աւարտած է Երեւանի Շահումեանի անուան միջնակարգ դպրոցը, իսկ 1941-ին՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունք։

Բանակի մէջ ծառայելէ եւ մօտ մէկ տարի Հրազդանի միջնակարգ դպրոցին մէջ ուսուցիչ աշխատելէ յետոյ, Գ. Ջահուկեան 1944-ին կը տեղափոխուի Երեւան՝ ուսումնառութիւնը համալսարանի թեկնածուական բաժնի մէջ շարունակելու համար։ Այդ շջանին գիտական ղեկավար կ՚ունենայ մեծ հայագէտ Հրաչեայ Աճառեան։

1947-ին Գ. Ջահուկեան յաջողութեամբ կը պաշտպանէ «Քերականական եւ ուղղագրական աշխատութիւնները հին եւ միջնադարեան Հայաստանում» ատենախօսութիւնը եւ կը ստանայ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան[2]։

«18-19րդ դդ. հայ լեզուաբանական միտքը եւ աշխարհաբարի հարցերը» ատենախօսութեան համար, 1955-ին իրեն կը շնորհուի բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան։

1949-ին ան կը ստանայ դոցենտի, իսկ 1958-ին՝ փրոֆէսօրի կոչում։

Վարած պաշտօններ

Խմբագրել

1945 թուականէն Գ. Ջահուկեան դասախօսած է Երեւանի Պետական Համալսարանի ռոմանա-գերմանական բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ։

1948-1957 թուականներուն դասախօս եղած է Երեւանի Վալերի Պրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Իսկ 1957-էն 1970, ռոմանա-գերմանական բանասիրութեան ամպիոններու վարիչ եղած է։

1962 թուականէն մինչեւ վախճանը, Գէորգ Ջահուկեան եղած է Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուաբանութեան հիմնարկի տնօրէն, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի ակադեմական[3]:

Կոչումներ եւ շքանշաններ

Խմբագրել

Գ. Ջահուկեան արժանացած է գիտութեան վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին։ Եղած է Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակի դափնեկիր։ Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» եւ բազմաթիւ այլ շքանշաններով:

Հետազօտութիւններ

Խմբագրել

Գէորգ Ջահուկեանի հիմնարար հետազօտութեանց շարքին կը պատկանին՝

  • «Լեզուաբանութեան պատմութիւն» (հ. 1, 2, 1960, 1962),
  • «Հայ բարբառագիտութեան ներածութիւն» (1972),
  • «ժամանակակից հայերէնի տեսութեան հիմունքները » (1974),
  • «Ընդհանուր եւ հայ լեզուաբանութիւն» (ռուս., 1978),
  • «Հայերէնի համեմատական քերականութիւն» (ռուսերէն, 1982),
  • «Հայոց լեզուի պատմութիւն, նախագրային շրջան» (1987, Հ.Խ.Ս.Հ. Պետական մրցանակ՝ 1988)[4]:

Վկայութիւններ

Խմբագրել
  Հայերէնի համեմատական ուսումնասիրութեան բնագաւառէն ներս, Ջահուկեան ներկայացուցած է հայերէնի առնչութիւնները հնդեւրոպական եւ այլ ընտանիքներու պատկանող բազմաթիւ հին եւ հնագոյն լեզուներու հետ, ճշգրտած է հայերէնի տարածքային դիրքը հնդեւրոպական լեզուներու շրջանակէն ներս, հայերէնի հնդեւրոպական եւ խուռա-ուրարտական ենթաշերտերը, յայտնաբերած է հայերէնէն ուրարտերէնի, խեթերէնի եւ այլ լեզուներու անցած փոխառութիւններ, տուած է նոր ստուգաբանութիւններ:  


  Հայ բարբառագիտութեան բնագաւառին մէջ ստեղծած է նոր գիտակարգ՝ վիճակագրական բարբառագիտութիւն: Պատմահամեմատական լեզուաբանութեան մէջ առաջ է քաշած նախալեզուի տարբերակայնութեան գաղափարը, առաջարկած է նախալեզուի վերականգնման նոր վարկած։  


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել