Գէորգ Տէր Վարդանեան
Գէորգ Տէր Վարդանեան (9 Յունուար 1951[1], Ներքին Կարմիրաղբիւր, Շամշադինի շրջան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1] - 29 Մարտ 2023[2], Երեւան, Հայաստան[3]), պատմաբան, մանկավարժ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր։ Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, ձեռագրագիտութեան բաժնի վարիչ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս[4]։
Գէորգ Տէր Վարդանեան | |
---|---|
Ծնած է | 9 Յունուար 1951[1] |
Ծննդավայր | Ներքին Կարմիրաղբիւր, Շամշադինի շրջան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1] |
Մահացած է | 29 Մարտ 2023[2] (72 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստան |
Քաղաքացիութիւն | Հայաստան |
Ուսումնավայր | Երեւանի Պետական Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան |
Աշխատավայր |
Մատենադարան Երեւանի Պետական Համալսարան Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Շամշատինի շրջանի Ներքին Կարմրաղբիւր գիւղին մէջ։ 1968 թուականին աւարտած է իր ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցը։
1968-1973 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէի հնագիտութեան, աղբիւրագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժնէն ներս։ Վկայուած է պատմաբան-աղբիւրագէտի մասնագիտութեամբ։
Մանկավարժական եւ գիտական գործոինէութիւն
Խմբագրել1974 թուականին աշխատանքի անցած է Մատենադարանէն ներս։ 1978 թուականին եղած է աւագ գիտաշխատող եւ գլխաւոր աւանդապահ։ 1992 թուականէն սկսեալ ձեռագրագիտութեան բաժնի վարիչը եղած է եւ գլխաւոր աւանդապահը։
1995-1998 թուականներուն զբաղեցուցած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնի պաշտօնը։ 2016 թուականին ստացած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր աստիճանը։
Գէորգ Տէր Վարդանեան մեծ հեղինակութիւն մըն է հայ ձեռագրագիտութեան ասպարէզին մէջ, հայերէն ձեռագիր մատեանի բազմահմուտ եւ քաջատեղեակ մասնագէտ մը։ Բացառիկ է իր դերը՝ «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Մաշտոցի անուան մատենադարանի» բազմահատորեակի կազմման եւ խմբագրման գործին մէջ։
Շուրջ 200 յօդուածներու, ուսումնասիրութիւններու եւ մենագրութիւններու հեղինակ է։ Զգալի է նաեւ իր մանկավարժական վաստակը։ Տարիներ շարունակ դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ։ Պատրաստած է ձեռագրագէտներ Մատենադարանէն ներս։
Միջազգային բազմաթիւ գիտաժողովներու մասնակցած ըլլալու եւ այլալեզու իր հրապարակումներուն շնորհիւ մեծ համբաւ ունեցած է նաեւ միջազգային հայագիտութեան ուղղութեամբ։ Այս հանգամանքի լաւագոյն վկայութիւններէն մին այն է, որ Մխիթարեան միաբանութեան հրաւէրով տարիներ շարունակ պարբերական այցելութիւններ կատարած է Սուրբ Ղազարի մատենադարանի ձեռագրական նիւթի մատենագիտական-ձեռագրագիտական մշակման նպատակով։
Մեծ է նաեւ իր վաստակը արտերկրի մէջ հայկական մշակոյթը ներկայացնելու ուղղութեամբ՝ ձեռագրական ցուցահանդէսներու կազմակերպման ասպարէզին մէջ։
Պարգեւներ
Խմբագրել- 2008 թուականին Ֆրանսայի կառավարութեան հրամանագրով «Գրականութեան եւ արուեստներու շքանշան»ով պարգեւատրուած է։ 2007 թուականին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան շրջանակներէն ներս Մատենադարանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսներուն համար կատարուած է իր այս պարգեւատրումը։
- 2022 թուականին մշակոյթի ոլորտէն ներս ունեցած նշանակալի աւանդի, երկարամեայ աշխատանքային գործունէութեան համար եւ Թանգարաններու միջազգային օրուան կապակցութեամբ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է ոսկէ մետալով[5]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Մահացել է Մատենադարանի գլխավոր ավանդապահ, ԵՊՀ դասախոս Գևորգ Տեր-Վարդանյանը
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Մահազդ Գևորգ Տեր-Վարդանյանi
- ↑ «ՄԱՀԱԶԴ»։ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ (հայերեն)։ 2023-03-29։ արտագրուած է՝ 2023-03-31
- ↑ «Մահացել է Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, ԵՊՀ դասախօս Գեւորգ Տէր-Վարդանեանը.»։ news.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-31
- ↑ «ԳԼԽԱՒՈՐ ԱՒԱՆԴԱՊԱՀԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-31