Գիտութիւնը Շուէտի Մէջ
Գիտութիւնը Շուէտի մէջ. Գիտութեան զարգացումը Շուէտի մէջ հիմնականին պայմանաւորուած է իր ժողովուրդի տաղանդով, շուէտական կրթութեամբ եւ մանկավարժութեամբ[1]: Շուէտի գիտնականները կարեւոր ներդրում ունեցած են համաշխարհային մշակոյթի եւ գիտութեան զարգացման բնագաւառին մէջ։ Շուէտական բարձրորակ գիտական եւ արուեստագիտական զարգացումը յայտնի է ամբողջ աշխարհին մէջ։ Հարկ է նշել, որ 18-րդ դարուն Շուէտի գիտութիւնը գտնուած է Ֆրանսայէն եւ Մեծն Բրիտանիայէն ներթափանցած լուսաւորչական գաղափարներու ազդեցութեան տակ[2]: Բնագիտութեան զարգացումը Շուէտի մէջ կապուած է Ուփսալայի եւ Լոնտի մէջ առաջին համալսարաններու կազմաւորման եւ Ուփսալայի աստղադիտարանի բացման հետ: 1710-ին հիմնադրուեցաւաւ Ուփսալայի Թագաւորական գիտական ընկերութիւնը, իսկ 1739-ին` Սթոքհոլմի Թագաւորական գիտութիւններու ակադեմիան:
Ակադեմիայի առաջին նախագահը Քարլ Լիննէն էր։ Ան մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Շուէտի մէջ գիտութեան ձեւաւորման: Շուէտի գիտութիւններու ակադեմիան 1739-ին հրատարակեց առաջին շուէտական գիտական ամսագիրը:
Բնական եւ արուեստագիտական գիտութիւններ
ԽմբագրելԲնագէտ եւ բնախոյզ Քարլ Լիննէ[3] մեծապէս ազդած է Շուէտի գիտութեան կայացման գործին մէջ։ Ան ստեղծեց իր ժամանակի համար համապարփակ բնութեան համակարգ, որ հրապարակուեցաւ 1735-ին, առաջին անգամ սկսաւ հետեւողականօրէն կիրառել կրկնակ անուանակարգը: Քարլ Լիննէ նաեւ Փիթերսպուրկի Գիտութիւններու ակադեմիայի արտասահմանեան պատուաւոր անդամ էր։ Լիննէ կը համարուի կենդանական եւ բուսական հսկայական աշխարհի ժամանակակից դասակարգման «հայրը»[4][5]. ան զետեղեց կարգաբանութեան, կենդանական եւ բուսական աշխարհի դասակարգման հիմքերը։ Լիննէ յայտնաբերեց եւ նկարագրեց Սկանտինաւիոյ աւելի քան հազար բուսատեսակ:
Բնագիտութիւն
ԽմբագրելԼիննէի ժամանակակից Անտերս Ցելսիուսը, (1701-1744) ըլլալով բնագէտ եւ աստղագէտ, պատմութեան մէջ իր անունը անմահացուցած է ջերմաչափերու համար հարիւր աստիճանանոց սանդղակի ներդրմամբ: Շուէտի մէջ աստղագիտութեան բնագաւառին մէջ գիտական աշխատանքներու համակարգի սկզբնաւորումը կապուած է Անտերս Ցելսիուսի այս ոլորտին մէջ կատարած աշխատանքներուն հետ: Ցելսիուսի կողմէ 1741-ին ստեղծուեցաւ Շուէտի ամենահին աստղադիտարանը Ուփսալա քաղաքին մէջ, որուն տնօրէնը եղած է ինքը՝ Ցելսիուսը: Գիտութիւններու ակադեմիայի հիմնադիրներէն մէկը` Մ. Տրիւալտը, կը քարոզէր հետազօտական բնագիտութիւնը Շուէտի մէջ, կառուցեց Սկանտինաւիոյ առաջին շոգեմթնոլորտային մեքենան, աշխատութիւն գրեց հանքարդիւնաբերութեան վերաբերեալ:
Քիմիագիտութիւն
Խմբագրել18-րդ դարուն շուէտական գիտութիւնը զգալի յաջողութիւններու հասաւ քիմիագիտութեան բնագաւառին մէջ։ Քիմիագիտութեան զարգացման բնագաւառին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ Եոհանս Յակոբ Պերցելիուսը (1779-1848): Ան զարգացուց ելեկտրոքիմիական եւ աթոմային տեսութիւնները եւ ստեղծեց գիտական հանքագիտութիւնը: Սովանտէ Արենիուսը (1859-1927) ստեղծեց ելեկտրոլիտիկ տարրաբաժանման տեսութիւնը եւ 1903-ին այդ աշխատանքին համար ստացաւ Նոպէլեան մրցանակ քիմիագիտութեան բնագաւառին մէջ։ Յայտնի շուէտ քիմիագէտ, ճարտարագէտ Ալֆրէտ Նոպէլը (1833-1896), 1867-ին յայտնագործեց տինամիտը, որ անոր մեծ փառք եւ հարստութիւն բերաւ: Ընդհանուր առմամբ Նոպէլին կը պատկանին 355 տարբեր արտօնագրեր (patent), որոնցմէ ամենայայտնին կը նկատուի տինամիտը: Իր կարողութեան հիմնական մասը Ալֆրէտ Նոպէլը նուիրաբերեց հիմնադրամին, որ ամէն տարի կը շնորհէ Նոպէլեան մրցանակներ: Մրցանակները կը շնորհուին Սթոքհոլմի եւ Օսլոյի մէջ ամէն տարի 10 Դեկտեմբերին, գիտնականի մահուան օրը: Տ. Վ. Պերկմանը կատարելագործեց Կ. Շեէլի որակական անալիզը, իբրեւ հմուտ փորձարար յայտնագործեց մանգանը, առաջինը ստացաւ քլոր, կալիումի պերմանգանատը, գլիցերինը, շարք մը թթուներ եւ այլ միացութիւններ, նկարագրեց թթուածինի ստացման եղանակը եւ անոր յատկութիւնները: Ա. Ֆ. Քրոնսդէտթը յայտնագործեց նիքելը, մշակեց հանքանիւթերու դասակարգումը՝ անոնց քիմիական յատկութիւններուն հիման վրայ («Հանքանիւթերու թագաւորութիւնը նկարագրելու փորձը» 1758):
Մետաղագործութիւն եւ նաւաշինութիւն
Խմբագրել17-18-րդ դարերուն զգալի զարգացում ստացան մետաղագործութեան եւ մետաղամշակման արուեստագիտութիւնները, ռազմական նաւաշինութիւնը, սառ զէնքի եւ հրազէնի արտադրութիւնը: Արուեստագիտութեան զարգացման պատմութեան մէջ էական տեղ կը գրաւէ նաւային պտուտակներու, շոգենաւերու եւ շոգեքարշերու շուէտ գիւտարար եւ առաջին կառուցիչ Ճոն Էրիքսոնի անունը: ԱՄՆ-ի մէջ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ան կառուցեց առաջին զրահապատ նաւը պտտուող հրանօթային աշտարակով՝ նոյն նշանաւոր զրահապատ Մոնիտոր նաւը, որ մեծապէս նպաստեց հիւսիսայիններու յաղթանակին հարաւայիններու նկատմամբ:
Հետազօտող ճամբորդներ
ԽմբագրելԽիզախ շուէտ բեւեռախոյզներու անունները մտան Արքթիքայի հետազօտութիւններու պատմութեան մէջ[6]: Շբիցպերկէնի եւ Կրինլանտի շուրջը ճամբորդելէն ետք Էրիք Նորտէնշելտը հետաքրքրուեցաւ Հիւսիսային ծովային ճանապարհի իւրացման հարցերով: Այսպիսով 1878-1879-ականներուն ան Վեկա շոգենաւով առաջին անգամ նաւարկեց Ատլանտեան ովկիանոսէն դէպի Խաղաղ ովկիանոս՝ Սիպիրի ափերու երկայնքով: Նորտէնշելտի անունով կոչուեցաւ Քարայի ծովին մէջ գտնուող կղզիներու արշիպեղագոսը:
Սոլոմոն Անտրէն 1897-ին առաջինը փորձեց սեփական նախագիծով պատրաստուած «Օրէօլ» օդապարիկով հասնիլ Հիւսիսային Բեւեռ, սակայն ճանապարհին մահացաւ: Խիզախ օդագնացի անունը անմահացաւ, անոր անունով կոչուեցաւ Շբիցպերկէն արշիպելագի թերակղզիներէն մէկը` Անտրէի երկիրը: Քլինկենշէրնը նշանաւոր է իր մաթեմատիքական աշխատանքներով, Պ. Արդէտին մշակեց ձուկերու դասակարգումը, Ե. Ախարիուսը ստեղծեց քարաքոսաբանութեան հիմունքները: Արուեստագիտութեան, հանքարդիւնաբերութեան եւ մետաղագործութեան զարգացման բնագաւառին մէջ 18-րդ դարուն զգալի ազդեցութիւն ունեցան Կ. Պոլհեմի աշխատանքները, ճարտարագէտ Քարլ Կուստաւ Լաւալը յայտնագործեց շոգեմեքենան եւ սերզատ սարքը, որ յեղափոխութիւն կատարեց կաթնարդիւնաբերութեան բնագաւառին եւ այլ արուեստագիտական գործընթացներուն մէջ:
Հասարակական գիտութիւններ
ԽմբագրելՓիլիսոփայութիւն
ԽմբագրելՄիջնադարեան Շուէտի մէջ փիլիսոփայական միտքի զարգացումը սերտօրէն կապուած է քրիստոնէական միստիկականութեան եւ աստուածաբանութեան հետ, իսկ 16-րդ դարու վերջերը այստեղ ներթափանցեց ֆրանսացի փիլիսոփայ Փիէր տէ լա Ռամի ուսմունքը: Անոր հետեւորդները դէմ էին աստուածաբանութեան մեթոդին: Կարելի է ըսել, որ ինքնուրոյն աշխարհիկ փիլիսոփայութիւնը Շուէտի մէջ ծնած է 17-րդ դարուն: Գ. Շերնելմը առաջին շուէտ փիլիսոփան եւ գրողն էր, որուն աշխատանքները եւ ներդրումը կը համարուին նշանակալի: Անոր աշխատանքներուն մէջ կը միաւորուին նոր պղատոնականութեան, փիւթակորեանութեան, ինչպէս նաեւ բնափիլիսոփայութեան գաղափարները: Ռենէ Տեքարթի գաղափարները կիսողները կը հերքեն միջնադարեան աստուածաբանութիւնը: 19-րդ դարու սկիզբը Շուէտի փիլիսոփայական միտքը եղած է «ֆոսֆորիստներու» եւ «Hoaxism» հոսանքներու, այսինքն ռոմանթիզմի ազդեցութեան տակ: Բոստրեմիզմի գաղափարները Շուէտի մէջ ճգնաժամ կ՛ապրէին եւ 20-րդ դարու սկիզբը կը սկսի աճիլ հետաքրքրութիւնը փորձարարական հոգեբանութեան եւ դրապաշտութեան նկատմամբ: Բոստրեմի որոշ աշակերտներ, ինչպիսին է Վ. Նորստրէմը, սկսան կիսել նեոկանտութեան գաղափարները եւ կեանքի փիլիսոփայութիւնը, իսկ օրինակ Պ. Վիկները դարձաւ տրամաբանական դրապաշտութեան գաղափարներու հետեւորդ: 1910-ին կազմաւորուեցաւ Ուփսալայի Նոր Դպրոցը, որ կը ներկայացնէ տրամաբանական դրապաշտութեան նախնական ձեւերը: Այս դպրոցին հիմնադիրները եղած են Ա. Փալէնը եւ Ա. Հեկերսդրէմը: Անոնք ընդհանուր առմամբ գերազանցեցին Վիեննական Խմբակին գաղափարները: Յետպատերազմական ժամանակահատուածին Շուէտի մէջ կ՛ուժեղանայ Պուրժուական Փիլիսոփայութեան ամբողջացումը նոր դրապաշտութեան հիման վրայ։ Այս գաղափարները կը կիսէին այնպիսի փիլիսոփաներ, ինչպիսին են Մորիդցը, Վետպերկը, Մարք-Վոկաուն: Մեծ տարածում կը ստանան նաեւ էմպիրիկ հոգեբանութիւնը եւ ընկերաբանութիւնը: Մարքսիզմի գաղափարները Շուէտ ներթափանցեցին 19-րդ դարու կէսերուն, իսկ 20-րդ դարու ութսունական թուականներուն աւելի լայն տարածում ստացան: 1917-ին Շուէտի մէջ ստեղծուեցաւ համայնավարական կուսակցութիւն եւ այդ ժամանակահատուածին սրեցաւ պայքարը ընկերային զարգացման երկու հայեցակարգերու, մարքսիստականի եւ ռեֆորմիստականի միջեւ։ 1968-ին կը սկսի հրատարակուիլ հասարակական գիտութիւններու գիծով մարքսիստական ամսագիր մը (շուէտ.՝ «Haften for Kritiska Studier»): Փիլիսոփայական գիտութիւններու կեդրոններ կը համարուէին Սթոքհոլմի, Ուփսալայի, Լունտի համալսարաններու փիլիսոփայութեան կաճառները: 1935-ին կը հրատարակուի փիլիսոփայական ամսագիրը (շուէտ.՝ «Theoria»):
Պատմութիւն
Խմբագրել13-րդ դարու կէսերուն Շուէտի մէջ ի յայտ եկան եկեղեցական ժամանակագրութիւնները լատիներէն լեզուով, 14-րդ դարուն արդէն կը յայտնուին աւելի բովանդակալից հանգաւորուած ժամանակագրութիւններ հին շուէտերէն լեզուով («Էրիքի ժամանակագրութիւն», շուէտ.՝ «Erikskrönikan»)[7]: Շուէտի մէջ առաջին նշանաւոր պատմիչը կը համարուի Ուփսալայի համալսարանի աստուածաբանութեան փրոֆեսոր Էրիք Օլայը, որ ապրած է 15-րդ դարուն[8]: 16-րդ դարու երկրորդ երրորդին իրենց պատմական գործերը կը ստեղծեն շուէտ հումանիստ պատմաբաններ, լիւթերական Ռեֆորմացիայի գործիչներ Օլաուս Փեդրին, արքեպիսկոպոս եղբայրներ սուր կաթոլիկներ Եոհան եւ Օլաֆ Մակնուսները[9]: 1667-ին հիմնադրուեցաւ Հնութիւններու Ուսումնարանը, որ 1837-ին վերածուեցաւ Սթոքհոլմի պատմութեան թանգարանի: 1710-ին Շուէտի մէջ կազմաւորուեցաւ առաջին պատմական ուսումնական ընկերութիւնը Ուփսալայի մէջ։ Շուէտական մեծ տէրութեան ժամանակաշրջանին ստեղծուեցաւ Շուէտի պետական արխիւը եւ հաստատուեցաւ պետական պատմագրի պաշտօնը, որ գոյութիւն ունեցաւ մինչեւ 1834: 17-րդ դարուն այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէր գերմանացի Ս. Փուֆենտորֆը, որ կը նկատուի շուէտ թագաւորներու գովաբանական պատմութեան հեղինակը: 17-րդ դարու վերջը Եու. Շեֆֆերիուսի կողմէ սկսան կատարուիլ սկանտինաւեան հնութիւններու մասին տարբեր ուսումնասիրութիւններ. հրատարակուեցան պատմական աղբիւրներ:
Գիտական հաստատութիւններ
ԽմբագրելԳիտահետազօտական եւ փորձա-մեկնարար աշխատանքներու բնագաւառին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ շուէտական պետութիւնը, որ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք սկսաւ միասնական քաղաքականութիւն վարել գիտական հտազօտութիւններու բնագաւառին մէջ։ Գիտական գործունէութեան եւ գիտաարուեստագիտական քաղաքականութեան ներդաշնակութիւնը սկսաւ իրականացնել Գիտութեան Խորհրդատուական Խորհուրդը, որ ստեղծուած էր 1962-ին եւ կը ղեկավարուէր վարչապետի կողմէ: Խորհուրդին մէջ ընդգրկուած էին կրթութեան, տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, պաշտպանութեան նախարարները, առաջատար արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու ներկայացուցիչները եւ ականաւոր գիտնականներ:
Կրթութեան նախարարութիւնը կը ղեկավարէ համալսարաններու եւ արուեստագիտական համալսարաններու գիտաարուեստագիտական գործունէութիւնը, միւս նախարարութիւնները պատասխանատու են պետութեան եւ մասնաւոր գիտահետազօտական կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուող ԳՀՓԿԱ-ներու ճշգրիտ բնագաւառներու համար: Գիտահետազօտական եւ փորձա-մեկնարար աշխատանքներու ղեկավարման եւ զարգացման գործառոյթները կ՛իրականացնեն եօթը պետական գիտահետազօտական խորհուրդները: Զարգացման խնդիրները կը շօշափեն յատկապէս բնագիտական, արուեստագիտական, բժշկական գիտութիւններու բնագաւառները, գիւղատնտեսութեան եւ անտառային անդաստանները, զգալի ուշադրութիւն կը դարձուի մարդկայնական եւ ընկերային գիտութիւններուն եւ աթոմային ուժի բնագաւառին մէջ։ Ամենակարեւոր նախագիծերու ընտրութիւնը կ՛իրականացուի Գիտա-նախապատրաստական յանձնաժողովին կողմէ:
Գիտութիւններու Թագաւորական Ակադեմիայի հիմնական նպատակն է աջակցիլ մաթեմատիքայի եւ բնական գիտութիւններու զարգացման, կազմակերպել վեհաժողովներ եւ խնճոյքներ, արտասահմանեան եւ միջազգային գիտական կեդրոններու հետ կապերու պահպանում, ինչպէս նաեւ՝ բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան գիծով Նոպէլեան մրցանակներու շնորհում: Ակադեմիայի անդամներու թիւը 1975-ին կը հասնէր 160-ի, անոր կազմին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ 120 օտարերկրեայ անդամներ: 1919-ին հիմնադրուած Ճարտարագիտական գիտութիւններու ակադեմիայի անդամներու թիւը կը հասնի 382-ի: Ճարտարագիտական Գիտութիւններու Ակադեմիան արուեստագիտական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ կ՛իրականացնէ երկու գործառոյթ` կազմակերպչական եւ տեղեկատուական: Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի եւ շարք մը այլ երկրներու դեսպանատուներուն կից գոյութիւն ունին գիտութեան եւ արուեստագիտական գիծով կցորդներ:
Համալսարաններուն, գիտահետազօտական ուսումնարաններուն եւ կեդրոններուն մէջ կ՛իրականացուին հիմնարար ուսումնասիրութիւններ: Կիրառական գիտահետազօտական եւ փորձա-մեկնարկային աշխատանքները կ՛իրականացուին առաջատար արդիւնաբերական ընկերութիւններու եւ նախարարութիւններու ենթակայութեան տակ գործող ԳՀԻ-ները եւ մեկնարար բիւրոները: Անոնցմէ են Աթոմային բնագիտութեան հետազօտական ուսումնարանը, Օդանաւային արուեստագիտական ԳՀԻ-ն եւ այլ գիտահետազօտական կազմակերպութիւններ: Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն աւելի մեծ ներուժ ունին Ուփսալայի, Լունիի, Սթոքհոլմի համալսարանները եւ Կէօթեպորկի Չալմերսի արուեստագիտական համալսարանը: Սթոքհոլմի մէջ գտնուող Քարոլինայի բժշկա-վիրաբուժական ուսումնարանը գիտահետազօտական աշխատանքներ կ՛իրականացնէ բժշկութեան եւ բնախօսութեան բնագաւառին մէջ եւ կը շնորհէ համապատասխան Նոպէլեան մրցանակներ: Ամէն տարի գիտահետազօտական աշխատանքներուն վրայ կը ծախսուի ազգային համախառն եկամուտի շուրջ 1,5 %-ը, 1975-ի դրութեամբ այդ բնագաւառին մէջ զբաղուած էին 26 հազար մարդ: Գիտահետազօտական եւ փորձա- մեկնարկային աշխատանքներուն վրայ կատարուող ընդհանուր ծախսերը կը կազմեն 4,2 միլիառ շուէտական քրօն: Այս միջոցներուն շուրջ մէկ երրորդը կը յատկացնեն սեփական արդիւնաբերական միաւորումները եւ հիմնադրամները, ինչպիսին են Վալլենպերկներու, Վեննէր-Կրենի եւ այլ հիմնադրամները: Պետական ելեւմտացոյցէն յատկացուած միջոցները կ՛օգտագործուին հիմնարար հետազօտութիւններու, ինչպէս նաեւ ռազմական, կենսուժի եւ բնապահպանութեան բնագաւառին մէջ ԳՀՓԿԱ-ներու կազմակերպման համար: Արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ հետազօտական աշխատանքներուն վրայ կը ծախսուի շուրջ 2,7 միլիառ շուէտական քրօն, որ կը կազմէ Շուէտի մէջ գիտահետազօտական գործունէութեան համար յատկացուող միջոցներու մէկ երրորդը:
Գրականութիւն
Խմբագրել- Большая Советская энциклопедия / Главн. ред. А. М. Прохоров. — 3-е издание. — Москва, 1969–1978. — Т. 1-30.
- Северная Европа. Регион нового развития / Под ред. Ю.С. Дерябина, Н.М. Антюшиной. — «Весь Мир», 2008. — Т. Наследие Нобеля (Чему поучиться у Швеции). — С. 512. — ISBN 978-5-7777-0392-7
- Ингвар Андерссон История Швеции(оригинальное название Sveriges Historia). — Отдельное издание. — Москва: Издательство иностранной литературы, 1951. — С. 408. — ISBN 978-5-458-29668-7
- Чернышева О.В Религия и церковь Швеции. От эпохи викингов до начала XXI века. — Москва: Наука, 2015. — С. 535. — ISBN 978-5-02-039184-0
- Том Джексон Философия. Иллюстрированная хронология науки. — Москва: Litres, 2017. — ISBN 9785040622573
- Базилевская Н. А., Белоконь И. П., Щербакова А. А. Глава 3. Систематика растений // Краткая история ботаники : [арх. 23 Մարտի 2016] / Отв. ред. Л. В. Кудряшов. — М. : Наука, 1968. — С. 26-41. — 311 с. — (Труды Московского общества испытателей природы. Том XXXI. Отдел биологический. Секция ботаники). — 8500 экз.</nowiki>
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Матссон-Попова С. Швеция в «табакерке» // Вокруг света : журнал. — 2007. — № 11 (2806). — С. 163. Архивировано из первоисточника 8 Յունիսի 2017.
- ↑ Андерссон И. История Швеции = Ingvar Andersson. Sveriges historia. Stockholm, 1943 : [пер. с швед.] / Пер. со швед. Н. А. Каринцева. Под ред. и с предисл. Я. Я. Зутиса. — М. : Издательство иностранной литературы, 1951. — 408 с.</nowiki>
- ↑ Базилевская Н. А., Белоконь И. П., Щербакова А. А. Глава 3. Систематика растений // Краткая история ботаники : [арх. 23 Մարտի 2016] / Отв. ред. Л. В. Кудряшов. — М. : Наука, 1968. — С. 26-41. — 311 с. — (Труды Московского общества испытателей природы. Том XXXI. Отдел биологический. Секция ботаники). — 8500 экз.</nowiki>
- ↑ Павлинов И. Я. Систематика современных млекопитающих. — 2-е изд. — М. : Изд-во Моск. ун-та, 2006. — С. 9. — 297 с. — ISSN 0134-8647.
- ↑ Бруберг Г. Карл фон Линней = Gunnar Broberg. Carl Linnaeus / Пер. с швед. Н. Хассо. — Стокгольм : Шведский институт, 2006. — 44 с. — ISBN 91-520-0914-9</nowiki>. - ISBN 978-91-520-0914-7
- ↑ Старков В. Ф. Очерки истории освоения Арктики. Том 2. Россия и Северо-восточный проход.. — М.: Научный мир, 2001.
- ↑ The Chronicle of Duke Erik(Swedish: "Erikskrönikan").
- ↑ Ericus Olai. — 1953.
- ↑ Савельева Е. А. Морская карта Олауса Магнуса и ее значение для европейской картографии / История географических знаний и открытий на Севере Европы.. — Л., 1973. — С. 59–87.