Գրիգոր Ղափանցեան
Գրիգոր Ղափանցեան (17 Փետրուար 1887, Աշտարակ, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 3 Մայիս 1957[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), լեզուաբան, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր (1942), ակադեմիկոս (1943) եւ Խորհրդային Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1942)։
Գրիգոր Ղափանցեան | |
---|---|
Ծնած է | 17 Փետրուար 1887 |
Ծննդավայր | Աշտարակ, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 3 Մայիս 1957[1] (70 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Խորհրդային Միութիւն |
Ուսումնավայր | Ս. Փեթերսպուրկ Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժանմունք |
Մասնագիտութիւն | լեզուաբան, հայագէտ, պատմաբան |
Աշխատավայր |
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան Երեւանի Պետական Համալսարան Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկ |
Անդամութիւն | Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա |
Երեխաներ | Արփենիկ Ղափանցեան |
Գեղանկարիչուհի Արփենիկ Ղափանցեանի հայրը։
Կեանք եւ գործունէութիւն
ԽմբագրելՆախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար մեկնած է Փեթերսպուրկ, ուր աշակերտած է վրացի հայագէտ ու լեզուաբան Նիկողայոս Մառին։
1913 թուականին աւարտելէ ետք իր համալսարանական ուսումը վերադարձած է հայրենիք եւ պաշտօն ստանձնած՝ Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանէն ներս: Տարի մը ետք՝ 1914-ին, մասնակցած է Նիկողայոս Մառի պեղումներուն, միաժամանակ գրելով «Լեզուաբանական դիսցիպլինաներ եւ լեզու» աշխատութիւնը:
Վարած պաշտօններ
ԽմբագրելՂափանցեան 1921 թուականին Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս ստանձնած է լեզուաբանութեան ամպիոնի ղեկավարի պաշտօնը, որ վարած է 33 տարի՝ մինչեւ 1954 թուական։
Եղած է Խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի հիմնադիրներէն եւ 1950-1956 թուականներուն վարած՝ անոր լեզուի բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը:
Ան զբաղուած է գիտական, լեզուական եւ մանկավարժական գործունէութեամբ. լաւապէս տիրապետած է խեթերէն, ուրատուերէն եւ պալայերէն լեզուներուն եւ ուսումնասիրած է հայերէն լեզուի եւ խեթերէնի կապն ու նմանութիւնները:
Գրած է բազմաթիւ յօդուածներ ու տեսական լեզուաբանութեան, հայերէն լեզուի զարգացման պատմութեան, հայ ժողովուրդի սկզբնաղբիւրներուն եւ անոր հնագոյն լեզուամտածողութեան մասին:
Երկեր
ԽմբագրելՂափանցեան 1939 թուականին հրատարակած է․
- «Ընդհանուր լեզուաբանութիւն» աշխատութիւնը,
- «Ուրարտուի պատմութիւնը»,
- «Լեզուական ընդհանուր տարրեր ուրարտական եւ խեթական լեզուներու միջեւ»,
- «Հայաստանի տեղանուններու պատմական եւ լեզուաբանական նշանակութիւնը»,
- «Հայաստան՝ հայերու բնօրրան» եւ այլ աշխատութիւններ[2]:
Ի յիշատակ Ղափանցեանի, 1987 թուականին Գրիգոր Ղափանցեանի անունով կոչուած է Աշտարակի 4-րդ դպրոցը, ուր կը գործէ լեզուաբանին նուիրուած թանգարան: Անոր արձանը տեղադրուած է Երեւանի Պետական համալսարանի կենդրոնական մասնաշէնքի նախասրահին մէջ[3]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 Library of Congress Authorities — Library of Congress.
- ↑ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-26
- ↑ «ԳՐԻԳՈՐ ԱՅՎԱԶԻ ՂԱՓԱՆՑԵԱՆ»։ www.ysu.am։ արտագրուած է՝ 2022-02-26