Եուսուֆ Քարշ (23 Դեկտեմբեր 1908(1908-12-23)[1][2][3][…], Մարտին, Թուրքիա[4] - 13 Յուլիս 2002(2002-07-13)[1][2][3][…], Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) յայտնի լուսանկարիչ։ Լուսանկարուած անձերու շարքին մէջ կան՝ Էլիզապէթ Բ․-ը, Քասթրոն, Խրուշչովը, Պեռնարտ Շոն եւ Համինկուէյը։ Յատկապէս յայտնի է անոր Ուինսթըն Չըրչիլի լուսանկարները։

Եուսուֆ Քարշ
Ծնած է 23 Դեկտեմբեր 1908(1908-12-23)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Մարտին, Թուրքիա[4]
Մահացած է 13 Յուլիս 2002(2002-07-13)[1][2][3][…] (93 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Քանատա[5]
 Հայաստան
Տեսակ դիմապատկեր
Մասնագիտութիւն լուսանկարիչ, արուեստագէտ
Անդամութիւն Քանատայի Գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիա
Կայքէջ karsh.org(անգլերէն)
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Եուսուֆը (Յովսէփ Քարշեան) ծնած է Մարտին քաղաքին մէջ, Օսմանեան կայսրութեան հարաւ-արեւելեան շրջանին էջ[6]։ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ 14 տարեկան տղայ եղած է, ընտանիքը ենթարկուած է հալածանքի, իսկ քոյրը սովէն մահացած էր։ 1922 թուականին ընտանիքով փախած են Հալէպ։ Շուտով ծնողները Եուսուֆին ուղարկեցին Քանատա՝ քեռի Նաղաշի մօտ, որ լուսանկարիչ էր, մօտ ապրելու ու նոր կեանք սկսելու համար[7]։ Այստեղ կը ստանայ կրթութիւնը եւ կ՛աշխատի Նաղաշի արուեստանոցին մէջ։ Նաղաշը տեսնելով Եուսուֆի լուսանկարչական տաղանդը, անոր կ՛ուղարկէ Պոսթըն լուսանկարիչ Ճոն Կարոյի մօտ սորվելու։

4 տարի անց կը վերադառնայ Քանատա եւ կը ստեղծէ իր արուեստանոցը Օթթաուայի կեդրոնը։ Շուտով անոր աշխատանքները կը գրաւեն բազմաթիւ յայտնի մարդոց, սակայն ան աւելի յայտնի կը դառնայ, երբ կը նկարէ Ուինսթոն Չերչիլիը՝ անոր Օթթաուա այցի ժամանակ։ 100 ամենանկատելի մարդոցմէ՝ ըստ International Who’s Who (2000) Եուսուֆը լուսանկարած է 51-ին։

Անգլիացի լրագրող մը գրած է բրիտանական թերթին մէջ, որ «երբ յայտնի մարդիկ կը սկսին անմահութեան մտածողութիւնը, անոնք կը կանչեն Օթթաուայի Քարշը»։ ‌

Թաղուած է Օթթաուայի Նոթրը Տամ գերեզմանատան մէջ[8]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել